Հոբի գիրք
41
1Լևիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել, Ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել: 2Անոր քիթին չուան անցընելով` Ծնօտը կրնա՞ս փուշով ծակել: 3Միթէ անիկա քեզի շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞, Քեզի մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞: 4Անիկա քեզի հետ ուխտ կ’ընէ՞, Զանիկա մշտնջենաւոր ծառայի պէս կրնա՞ս առնել: 5Թռչունի հետ խաղալու պէս` անոր հետ կրնա՞ս խաղալ, Կամ թէ քու աղախիններուդ համար զանիկա կրնա՞ս կապել: 6Ընկերները անոր մսովը հացկերոյթ կրնա՞ն ընել. Անիկա վաճառականներուն մէջ կը բաժնուի՞: 7Անոր մորթը սլաքներով` Ու անոր գլուխը ձկնորսի տէգերով կրնա՞ս լեցնել: 8Ձեռքդ անոր վրայ դիր, պատերազմը յիշէ. Ու նորէն պիտի չընես` զանիկա: 9Ահա անոր բռնուելուն յոյսը պարապ է. Զանիկա տեսնելով ալ` մարդ չը՞ զարհուրիր: 10Չկայ քաջասիրտ մէկը որ զանիկա արթնցնէ. Հապա իմ առջևս ո՞վ կրնայ կայնիլ: 11Ո՞վ ինծի առաջուընէ տուաւ, որ ես անոր հատուցանեմ. Բոլոր երկինքի տակ եղածը իմս է: 12Անոր անդամներուն ու զօրութեանը, Նաև գեղեցիկ կարգաւորութեանը վրայով խօսելու պիտի չլռեմ: 13Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ. Անոր երկու կզակներուն մէջ ո՞վ կրնայ մտնել. 14Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ. Ահը անոր ակռաներուն բոլորտիքն է: 15Անոր ամուր վահանները իր հպարտութիւնն են, Պինդ կնքուածի պէս գոց են. 16Այնպէս քովէքով շարուած են, Որ անոնց մէջ քամի չկրնար մտնել. 17Իրարու կցուած են, Մէկզմէկ կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր: 18Անոր փռնգտալէն լոյս կը փայլի, Ու աչքերը արշալոյսին արտևանունքներուն կը նմանին: 19Անոր բերնէն վառած ջահեր կ’ելլեն, Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն: 20Քիթին ծակերէն շոգի կ’ելլէ` Եռացող սանի կամ կաթսայի պէս: 21Անոր շունչէն կրակի կայծեր կը բորբոքին, Ու բերնէն բոց կ’ելլէ: 22Անոր պարանոցին վրայ ոյժ կը բնակի, Ու երկիւղը անոր առջևէն կը խաղայ: 23Անոր միսին ծալուածքները փակած են, Անոր վրայ հաստատուելով չեն երերար: 24Անոր սիրտը քարի պէս պինդ է, Ու աղօրիքին վարի քարին պէս ամուր է: 25Անոր ելած ժամանակը զօրաւորները կը վախնան, Ու երկիւղէն կը շփոթին: 26Անոր վրայ յարձակողին սուրը չդիմանար, Ոչ ալ նիզակը, գեղարդը ու զրահը: 27Երկաթը յարդի պէս է անոր առջեւ, Ու պղինձը փտած փայտի պէս: 28Աղեղին նետը զանիկա չփախցներ, Պարսաքարերը անոր դէմ մղեղի կը դառնան: 29Մահակները շիւղերու տեղ կը սեպէ, Տէգին ճօճալը ծաղր կ’ընէ: 30Անոր տակ սրածայր խեցիի կտորուանք կան. Ցեխին վրայ սուր բաներ կը տարածէ: 31Անդունդը սանի մը պէս կ’եռացնէ, Ու ծովը սպեղանիի կաթսային նման կ’ընէ: 32Իր ետևէն ճամբան պայծառ կ’երեւցնէ, Անդունդը ճերմկած մազերու կը նմանի: 33Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ, Որ այնպէս անվախ ստեղծուած ըլլայ: 34Ամէն բարձր բաներու վրայ կը նայի, Բոլոր հպարտութեան որդիներուն* թագաւորն է: