Հոբի գիրք

5

1Հիմա աղաղակէ. քեզի պատասխան տուող մը կա՞յ արդեօք, Ու սուրբերէն որո՞ւ պիտի դարձնես քու երեսդ: 2Ստոյգ է որ բարկութիւնը յիմարը կը սպաննէ, Ու նախանձը անմիտը կը մեռցնէ: 3Ես յիմարին արմատանալը տեսայ, Բայց շուտ մը անոր բնակութիւնը անիծեցի: 4Անոր որդիները ապահովութենէ հեռու են. Անոնք դրանը մէջ կը կոխկռտուին, Եւ ազատող մը չգտնուիր: 5Անօթի եղողը կ’ուտէ անոր հունձքը, Ու զանիկա փուշերու ցանկին մէջէն կը յափշտակէ. Ու անոնց ստացուածքը աւարառուն կը կլլէ: 6Որովհետև չարիքը հողէն չելլեր, Ու թշուառութիւնը գետնէն չբուսնիր. 7Թէպէտ մարդը թշուառութեան համար կը ծնանի. Ինչպէս կրակի կայծերը* վեր կը թռչին: 8Իսկ ես Աստուծոյ պիտի դիմէի, Ու իմ գործս Աստուծոյ պիտի յանձնէի, 9Որ այնպիսի մեծ բաներ կ’ընէ, որ մարդ չկրնար քննել, Ու այնպիսի սքանչելիքներ կ’ընէ, զորոնք հնար չէ համրել: 10Անիկա երկրի վրայ անձրև կու տայ, Ու դաշտերուն վրայ ջուրեր կը ղրկէ. 11Նաև ցածերը կը բարձրացնէ, Ու սգաւորները ապահովութեան կ’ելլեն: 12Անիկա խորամանկներուն խորհուրդները կը ցրուէ, Որպէս զի ձեռքերնին կարող չըլլայ իրենց գործերը գլուխ տանիլ. 13Իմաստունները իրենց խորամանկութեանը մէջ կը բռնէ, Ու նենգաւորներուն խորհուրդը շուտով կը խափանուի: 14Ցորեկը մութի կը բռնուին, Ու կէսօրին գիշերուան պէս խարխափելով կը քալեն: 15Բայց աղքատը սուրէն, անոնց բերնէն Ու հզօրին ձեռքէն կ’ազատէ: 16Այսպէս աղքատը յոյս կ’ունենայ, Իսկ անօրէնութիւնը իր բերանը կը գոցէ: 17Ահա երանելի է այն մարդը զոր կը խրատէ. Ուրեմն Ամենակարողին յանդիմանութիւնը մի անարգեր. 18Վասն զի ինք կը վիրաւորէ ու կը փաթթէ. Կը զարնէ ու իր ձեռքերը կը բժշկեն: 19Վեց նեղութիւններէ քեզ պիտի ազատէ, Ու եօթներորդին` քեզի չարիք պիտի չդպչի: 20Սովի ժամանակ քեզ մահուանէ պիտի ազատէ, Ու պատերազմին մէջ սուրին ձեռքէն: 21Լեզուի խարազանէ ապահով պիտի ըլլաս, Ու կործանումին գալու ատենը անկէ պիտի չվախնաս. 22Կործանումի ու սովի վրայ պիտի ծիծաղիս, Ու երկրի գազաններէն պիտի չվախնաս. 23Քանզի դաշտի քարերուն հետ դաշինք պիտի ունենաս, Ու դաշտի գազանները քեզի հետ խաղաղութեամբ պիտի վարուին: 24Ու պիտի գիտնաս որ վրանիդ մէջ յաջողութիւն կայ. Եւ քու բնակարանիդ այցելութիւն պիտի ընես ու բա՛ն մը պակաս պիտի չգտնես*: 25Եւ պիտի գիտնաս որ քու զաւակներդ շատուոր, Ու քու սերունդդ երկրի խոտերուն պէս պիտի ըլլան: 26Աղէկ մը ծերացած` գերեզմանը պիտի մտնես, Ցորենի խուրձերուն դէզին պէս` որ իր ժամանակին կը դիզուի: 27Ահա մենք այս բանը քննեցինք, այսպէս է. Մտիկ ըրէ անոր ու քու օգտիդ համար գիտցիր զանիկա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981