Հոբի գիրք
7
1Միթէ մարդս երկրի վրայ պատերազմի ասպարէզ մը չունի՞. Եւ անոր օրերը վարձկանի մը օրերուն պէս չե՞ն: 2Ինչպէս ծառան իրիկուան շուքին կը փափաքի, Ու վարձկանը իր վարձքին կը սպասէ, 3Այնպէս ունայնութեան ամիսներ ինծի բաժին տրուած են, Ու թշուառութեան գիշերներ ինծի համար որոշուած են: 4Պառկած ատենս կ’ընեմ, Ե՞րբ պիտի ելլեմ. Ու գիշերը ե՞րբ պիտի անցնի. Ու մինչև արշալոյս անհանգստութեամբ լցուած եմ: 5Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է. Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի: 6Օրերս ոստայնանկին կկոցէն արագ կ’անցնին, Ու կը սպառին առանց յոյս մը մնալու: 7Յիշէ որ կեանքս հովի պէս է. Աչքս այսուհետև բարիք պիտի չտեսնէ: 8Զիս տեսնողին աչքերը նորէն զիս պիտի չտեսնեն. Քու աչքերդ իմ վրաս կը նային, ու ես բնաջինջ կ’ըլլամ: 9Ինչպէս ամպը կը ցրուի կ’երթայ, Այնպէս գերեզմանը իջնողը պիտի չելլէ. 10Ալ անիկա իր տունը պիտի չդառնայ, Ու իր բնակարանը ա՛լ զանիկա պիտի չճանչնայ: 11Ուստի ես իմ բերանս պիտի չզսպեմ. Հոգիիս նեղութիւնովը պիտի խօսիմ, Սրտիս դառնութիւնովը պիտի գանգատիմ: 12Միթէ ես ծո՞վ եմ, կամ կէտ, Որ իմ վրաս պահապաններ կը դնես: 13Երբ ես կ’ըսեմ թէ անկողինս զիս պիտի մխիթարէ, Մահիճս իմ գանգատներս պիտի պակսեցնէ, 14Զիս երազներով կը վախցնես, Ու ցնորքներով կը զարհուրեցնես: 15Վասն որոյ աւելի կ’ընտրեմ խեղդուիլ ու մեռնիլ, Քան թէ իմ ոսկորներուս պահպանուիլը: 16Ես ձանձրացած եմ, ու չեմ ուզեր որ յաւիտեան ապրիմ. Ինծմէ ետ կեցիր, վասն զի իմ օրերս ունայնութիւն են: 17Մարդը ո՞վ է` որ դուն զանիկա մեծ բան մը համարիս, Ու անոր համար հոգ տանիս, 18Եւ ամէն առտու զանիկա դիտես, Ու ամէն վայրկեանի մէջ փորձես: 19Մինչև ե՞րբ ինծմէ ետ չես կենար. Թուքս կլլելո՞ւ չափ ալ թող չես տար: 20Մեղանչեցի. քեզի ի՞նչ ընեմ, ով մարդիկը Քննող. Ինչո՞ւ համար զիս քեզի նշան առիր, ու ես ինծի բեռ եղայ: 21Եւ ինչո՞ւ իմ մեղքս չես ներեր, Ու իմ անօրէնութիւնս չես վերցներ. Որովհետև հիմա հողին մէջ պիտի պառկիմ, Ու առաւօտուն եթէ զիս փնտռես պիտի չգտնուիմ: