Հոբի գիրք

8

1Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Մինչև ե՞րբ այդպէս պիտի խօսիս, Ու բերնիդ խօսքերը սաստիկ հովի պէս պիտի ըլլան: 3Միթէ դատաստանը կը խափանէ՞, Կամ Ամենակարողը իրաւունքը կը խափանէ՞: 4Եթէ քու տղաքդ անոր դէմ մեղանչեր են, Եւ ան ալ իրենց յանցանքին մատնած է զանոնք, 5Եթէ դուն առտուները կանուխ զԱստուած փնտռես, Ու Ամենակարողէն շնորհք խնդրես, 6Եթէ դուն մաքուր ու շիտակ ըլլաս, Հիմա անշուշտ անիկա քեզի համար պիտի արթննայ, Ու քու արդարութեանդ բնակարանին յաջողութիւն պիտի տայ. 7Թէև քու սկիզբդ փոքր ըլլայ, Բայց քու վերջդ խիստ պիտի մեծնայ: 8Հիմա հարցուր առաջուան ազգերուն, Ու անոնց հայրերը քննելու ուշադրութիւն ըրէ. 9(Վասն զի մենք երէկուաններն ենք, ու բան մը չենք գիտեր. Քանզի մեր կեանքը երկրի վրայ ստուեր մըն է.) 10Ահա անոնք քեզի պիտի սորվեցնեն, քեզի պիտի խօսին, Ու իրենց սրտէն խօսքեր պիտի հանեն: 11Միթէ պրտուն առանց տիղմի կը բուսնի՞. Կնիւնը առանց ջուրի կ’աճի՞: 12Անիկա դեռ իր դալարութեանը մէջ ու չկտրուած` Ամէն խոտէն առաջ կը չորնայ: 13Այսպէս պիտի ըլլայ ամէն անոնց ճամբաները` որոնք զԱստուած կը մոռնան. Ու կեղծաւորին յոյսը պիտի կորսուի. 14Վասն զի անոր յոյսը պիտի կտրուի. Ու անոր վստահութիւնը սարդի ոստայնին պէս պիտի ըլլայ: 15Անիկա իր տանը պիտի կռթնի, Բայց ան հաստատութիւն պիտի չունենայ. Իր ձեռքովը զանիկա պիտի բռնէ, Բայց ան կանգնած պիտի չմնայ: 16Արևը չծագած* դալար է, Ու անոր ճիւղերը իր եղած պարտէզէն վեր կ’ելլեն: 17Անոր արմատները քարակոյտին կը փաթթուին, Ու քարերուն տեղը կը տեսնէ: 18Եթէ մէկը զանիկա իր տեղէն խլէ, Տեղը պիտի ուրանայ զանիկա` ըսելով թէ ես քեզ չտեսայ: 19Ահա անոր ճամբուն ուրախութիւնը այս է, Ու հողէն ուրիշներ պիտի ելլեն: 20Ահա Աստուած արդար մարդը չմերժեր, Ոչ ալ չարերուն ձեռնտու կ’ըլլայ, 21Մինչև որ քու բերանդ ծիծաղով լեցնէ, Ու շրթունքներդ ուրախութեան ձայնով: 22Քեզ ատողները ամօթով պիտի ըլլան. Ու ամբարիշտներուն վրանը բնաջինջ պիտի ըլլայ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)