Հոբի գիրք
9
1Եւ Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Իրաւցընէ այնպէս ըլլալը գիտեմ. Ու մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջև: 3Եթէ անոր հետ վիճաբանիլ ուզէ, Հազարէն մէկուն չկրնար անոր պատասխան տալ: 4Անիկա սրտով իմաստուն` և ուժով կարող է. Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր` ու յաջողութիւն գտեր է: 5Անիկա լեռները կը տեղափոխէ, ու անոնք չեն գիտեր. Իր բարկութիւնովը զանոնք կը տապալէ: 6Երկիրը իր տեղէն կը շարժէ, Ու անոր սիւները կը դողան: 7Արևին հրաման կ’ընէ, ու անիկա չծագիր. Ու աստղերը կը կնքէ: 8Ինք միայն երկինքը կը տարածէ, Ու ծովուն ալիքներուն վրայ կը քալէ: 9Անիկա ըրաւ Արջը, Հայկը ու Բազմաստեղը Ու հարաւին շտեմարանները: 10Անիկա անքննելի մեծագործութիւններ Ու անթիւ սքանչելիքներ կ’ընէ: 11Ահա անիկա քովէս կ’անցնի, ու ես չեմ տեսներ. Առաջ կ’անցնի, ու չեմ իմանար: 12Եթէ յափշտակէ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել. Ո՞վ կարող է ըսել անոր թէ Ի՞նչ կ’ընես: 13Աստուած իր բարկութիւնը ետ չդարձներ. Ու հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին: 14Ո՞ւր մնաց որ ես անոր պատասխան տամ, Ու անոր դէմ վիճելու համար խօսքերս ընտրեմ: 15Որովհետև արդար ալ ըլլամ, պատասխան պիտի չտամ. Իմ Դատաւորէս շնորհք պիտի խնդրեմ: 16Եթէ ես զանիկա կանչէի, ու ինծի պատասխան ալ տար, Պիտի չհաւատայի թէ անիկա իմ ձայնս լսած է: 17Որովհետև փոթորիկով զիս ճնշեց, Ու առանց պատճառի իմ վէրքերս աւելցուց: 18Զիս չթողուր որ շունչ առնեմ, Հապա դառնութեամբ զիս կը լեցնէ: 19Եթէ զօրութիւն փնտռուի, ահա անիկա զօրաւոր է, Իսկ եթէ դատաստան` ո՞վ զիս ատեանը պիտի կանչէ*: 20Եթէ անձս արդարացնեմ, իմ բերանս զիս կը դատապարտէ. Եթէ զիս կատարեալ երևցնեմ, զիս յանցաւոր կը հանէ: 21Եթէ զիս կատարեալ երևցնեմ, իմ անձս չեմ ճանչնար, Իմ կեանքս կ’արհամարհեմ: 22Ամէնը մէկ է. անոր համար ըսի թէ Անիկա արդարը ու ամբարիշտը մէկտեղ բնաջինջ կ’ընէ: 23Եթէ հարուածը յանկարծ մեռցնէ, Անիկա անմեղին պատահած փորձութեանը վրայ կը ծիծաղի: 24Երկիր ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ. Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ. Եթէ ոչ` ո՞վ է անիկա: 25Արդ իմ օրերս սուրհանդակէն արագ են, Փախան ու բարութիւն չտեսան: 26Արագագնաց նաւերու պէս` Որսի վրայ յարձակող արծիւի պէս կ’անցնին: 27Եթէ ըսեմ, Գանգատս մոռնամ, Տրտմութիւնս ձգեմ ու զուարթ ըլլամ, 28Բոլոր թշուառութիւններէս կը վախնամ. Գիտեմ որ զիս անմեղ պիտի չհամարիս: 29Ամբարիշտ պիտի սեպուիմ, Ինչո՞ւ համար զուր տեղը աշխատիմ: 30Եթէ ձիւնի ջրով լուացուիմ, Ու ձեռքերս մաքրութիւնով սրբեմ, 31Այն ժամանակ զիս փոսը կ’ընկղմես, Ու հանդերձս պիտի զզուի ինծմէ: 32Վասն զի ինծի պէս մարդ չէ` որ անոր պատասխան տամ, Ու մէկտեղ դատաստանի երթանք: 33Միջնորդ դատաւոր մը չկայ մեր մէջ, Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել: 34Թող իր գաւազանը վրայէս վերցնէ, Ու անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ, 35Այն ատեն պիտի խօսիմ, ու անկէ պիտի չվախնամ. Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ: