Հովէլ մարգարեյի գիրք

1

1Տէրոջը խօսքը՝ որ եղաւ Փորթուէլի որդւոյն Յովէլի:

Ժողովուրդը հունձքին աւերումին վրայ կ’ողբայ

2Լսեցէք ասիկա, ով ծերեր, Ու ականջ տուէք, ով երկրի բոլոր բնակիչները, Միթէ այսպիսի բան մը եղա՞ւ ձեր օրերուն մէջ, Կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ: 3Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէք, Ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն, Ու անոնց որդիները յետագայ ազգին պատմեն: 4Խառնիճին թողածը մարախը կերաւ, Ու մարախին թողածը ջորեակը կերաւ, Ու ջորեակին թողածը գրուիճը կերաւ: 5Արթնցէք, ով գինովներ, ու լացէք, Եւ դուք ամէնդ, ով խմողներ, Սուգ բռնեցէք քաղցուին համար, Քանզի ձեր բերնէն կտրեցաւ: 6Վասն զի իմ երկրիս վրայ Զօրաւոր ու անթիւ ազգ մը ելաւ. Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են, Ու անիկա մատակ առիւծի ժանիքներ ունի: 7Անիկա իմ որթս աւրեց, Եւ իմ թզենիս կոտրտեց. Զանիկա բոլորովին մերկացուց ու վար ձգեց, Անոր ուռերը ճերմկցան: 8Ողբ ըրէ կոյսի մը պէս` Որ իր մանկութեան էրկանը համար քուրձ հագած կ’ողբայ: 9Հացի ընծան ու թափելու նուէրը Տէրոջը տունէն կտրեցան. Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները սուգ կը բռնեն: 10Արտերը աւրեցան, երկիրը սուգ կը բռնէ, Քանզի ցորենը աւրեցաւ, Նոր գինին չորցաւ, իւղը պակսեցաւ: 11Ամչցէք, ով երկրագործներ, Ողբացէք, ով այգեգործներ, Թէ՛ ցորենին համար և թէ՛ գարիին համար, Քանզի արտերուն բերքը կորսուեցաւ: 12Որթը չորցաւ ու թզենին նուաղեցաւ. Նռնենին, արմաւենին, խնձորենին, Արտին բոլոր ծառերը չորցան. Այսպէս մարդոց որդիներէն ուրախութիւնը վերցաւ: 13Քուրձ հագէք ու ողբացէք, ով քահանաներ. Հառաչեցէք, ով սեղանին պաշտօնեաները. Եկէք, ով իմ Աստուծոյս ծառաները, Գիշերը քուրձերու մէջ անցուցէք, Քանզի հացի ընծան ու թափելու նուէրը Ձեր Աստուծոյն տունէն վերցան: 14Ծոմապահութեան օր որոշեցէք Հանդիսաւոր ժողով քարոզեցէք. Ծերերը ու երկրին բոլոր բնակիչները Ձեր Տէր Աստուծոյն տունը ժողվեցէք, Ու Տէրոջը աղաղակեցէք: 15Վա՜յ այն օրուան համար, Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Ու Ամենակարողէն եկած աւերումի պէս պիտի գայ: 16Ահա մեր աչքին առջևէն կերակուրը, Մեր Աստուծոյն տունէն ուրախութիւնը ու ցնծութիւնը կտրեցաւ: 17Հողին չոր կոշտերուն տակ սերմերը փտեցան, Շտեմարանները ամայի մնացին, ամբարները աւրեցան, Քանզի ցորենը խորշակահար եղաւ: 18Ի՜նչպէս կը հեծեն անասունները. Արջառներուն անդեաները աստանդական կը պտըտին, Քանզի անոնց համար արօտ չկայ, Ոչխարներուն հօտերն ալ կորսուեցան: 19Քեզի պիտի աղաղակեմ, ով Տէր, Քանզի անապատին արօտները կրակը կերաւ, Ու դաշտին բոլոր ծառերը բոցը այրեց: 20Դաշտին անասունները անգամ քեզի կը նային. Քանզի ջուրերուն վտակները ցամքեր են, Ու անապատին արօտները կրակը կերեր է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)