Հովէլ մարգարեյի գիրք
2
Մարախը՝ Տէրոջը օրուան ազդարարութիւնը
1Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէք, Եւ իմ սուրբ լեռանս վրայ ազդարարութեան ձայն վերցուցէք. Երկրին բոլոր բնակիչները դողան, Քանզի Տէրոջը օրը կու գայ, վասն զի մօտ է, 2Խաւարի ու մէգի օրը, Ամպի ու մառախուղի օրը. Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի, Այնպէս շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը պիտի գայ, Որուն ի յաւիտենից նմանը չէ եղած, Ու անկէ ետքը մէյմըն ալ պիտի չըլլայ Յետագայ ժամանակին մէջ դարէ դար: 3Անոր առջևէն կրակը պիտի սպառէ, Ու ետևէն բոցը պիտի այրէ. Երկիրը անոր առջև Եդեմի դրախտին պէս, Եւ անոր ետևը ամայի անապատ պիտի ըլլայ, Ու անկէ բան մըն ալ պիտի չազատի: 4Անոնց կերպարանքը ձիերու կերպարանքին պէս է, Ու անոնք ձիաւորներու պէս պիտի վազեն: 5Լեռներու գլուխներուն վրայ կառքերու ձայնին պէս, Յարդը ուտող կրակի բոցին ձայնին պէս, Պատերազմի շարուած զօրաւոր ժողովուրդի պէս պիտի ցաթկեն: 6Անոնց երեսէն ժողովուրդները պիտի տագնապին, Ամէն երեսները գոյներնին պիտի նետեն: 7Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի վազեն, Պատերազմական մարդոց պէս պարիսպներու վրայ պիտի ելլեն, Եւ ամէն մէկը իրենց ճամբուն մէջ պիտի քալեն, Ու իրենց շաւիղները պիտի չփոխեն, 8Ու մէկզմէկ պիտի չհրեն, Ամէն մէկը իր ճամբուն մէջ պիտի քալէ. Ու եթէ սուրի վրայ ալ իյնան` պիտի չվիրաւորուին: 9Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին, Ու պարսպին վրայ պիտի վազեն. Տուները պիտի ելլեն, Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն: 10Անոնց երեսէն երկիր պիտի դողայ, Երկինք պիտի սարսի, Արևը ու լուսինը պիտի խաւարին, Ու աստղերը իրենց պայծառութիւնը ետ պիտի քաշեն: 11Եւ Տէրը իր զօրքերուն առջև իր ձայնը պիտի տայ, Քանզի անոր բանակը խիստ մեծ է, Քանզի անոր խօսքը ի գործ դնողը զօրաւոր է, Քանզի Տէրոջը օրը մեծ ու խիստ ահեղ է, Եւ ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ:
Կոչ մը զղջումի
12Սակայն հիմա ալ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ինծի դարձէք ձեր բոլոր սրտովը Ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով, 13Ու ձեր սիրտերը պատռեցէք և ոչ թէ ձեր հանդերձները. Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէք. Քանզի անիկա ողորմած ու գթած, Երկայնամիտ ու բազումողոմ է, Ու չարիքի համար կը զղջայ: 14Ո՞վ գիտէ, թերևս անիկա դառնայ ու զղջայ, Ու իր ետևէն օրհնութիւն թողու, Որպէս զի կարող ըլլաք ձեր Տէր Աստուծոյն Հացի ընծայ ու թափելու նուէր մատուցանել: 15Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէք, Ծոմապահութեան օր որոշեցէք, Հանդիսաւոր ժողով քարոզեցէք. 16Ժողովուրդը ժողվեցէք, ժողովքը սրբեցէք, ծերերը հաւաքեցէք. Տղաքները ու կաթնկեր մանուկները ժողվեցէք. Փեսան իր սենեակէն թող ելլէ, Ու հարսը` իր առագաստէն: 17Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները Սրահին ու սեղանին մէջտեղ թող լան, Ու ըսեն, Ով Տէր, քու ժողովուրդիդ խնայէ, Եւ քու ժառանգութիւնդ նախատինքի մի տար, Որ ազգերը անոնց վրայ տիրեն. Ինչո՞ւ համար ժողովուրդներուն մէջ ըսեն թէ Ո՞ւր է անոնց Աստուածը:
Տէրը երկրին արգասաբերութիւնը կը վերահաստատէ
18Այն ատեն Տէրը իր երկրին համար պիտի նախանձի, Ու իր ժողովուրդին պիտի ողորմի: 19Եւ Տէրը պատասխան պիտի տայ, ու իր ժողովուրդին ըսէ, Ահա ես ձեզի ցորեն, գինի ու իւղ պիտի ղրկեմ, Ու անոնցմով պիտի կշտանաք, Եւ ձեզ մէյմըն ալ ազգերուն մէջ նախատինք պիտի չընեմ: 20Ու հիւսիսային զօրքը ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ. Ու անոր երեսը դէպ ի արևելեան ծովը, Ու ետևը դէպ ի արևմտեան ծովը ըլլալով. Զանիկա չոր ու ամայի երկիր մը պիտի քշեմ. Ու անոր գէշ հոտը պիտի ելլէ, Եւ անոր գարշահոտութիւնը պիտի բարձրանայ, Քանզի մեծ բաներ ըրաւ: 21Մի վախնար, ով երկիր, ցնծա և ուրախացիր, Քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ: 22Ով դաշտի անասուններ, մի վախնաք, Քանզի անապատին արօտները կը կանանչին, Քանզի ծառը իր պտուղը կու տայ, Թզենին ու որթը իրենց զօրութիւնը կու տան: 23Եւ դուք, ով Սիօնի որդիներ, Ձեր Տէր Աստուծով ցնծացէք և ուրախ եղէք, Քանզի անիկա չափաւորապէս առաջին անձրևը ձեզի կու տայ, Ձեզի անձրև կ’իջեցնէ, առաջին անձրևը ու վերջին անձրևը, առաջին ամսուն մէջ: 24Եւ կալերը ցորենով պիտի լեցուին, Ու հնձանները գինիով ու իւղով պիտի յորդին: 25Ու ձեզի ետ պիտի տամ այն տարիներուն պտուղները, Զորոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճը ու խառնիճը, Ձեր մէջ ղրկած իմ մեծ զօրքս, կերաւ: 26Եւ առատօրէն պիտի ուտէք ու կշտանաք, Ու ձեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի օրհնէք, Որ ձեզի համար հրաշքներ ըրաւ. Եւ իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ: 27Ու պիտի գիտնաք թէ ես Իսրայէլի մէջ եմ, Եւ թէ ձեր Տէր Աստուածը ես եմ, և ուրիշ մը չկայ. Եւ իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ:
Տէրոջը օրը
28Ու պիտի ըլլայ որ ասկէ ետև Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ, Ու ձեր տղաքը և ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, Ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն, Ու ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն: 29Եւ ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ Այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ: 30Ու երկինքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, Արիւն ու կրակ և ծուխի սիւներ: 31Արևը խաւարի պիտի դառնայ, ու լուսինը արիւնի, Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած: 32Եւ պիտի ըլլայ որ ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի. Քանզի Տէրոջը ըսածին պէս` Սիօն լեռանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ, Ու նաև այն մնացորդներուն մէջ` զորոնք Տէրը պիտի կանչէ: