Հովէլ մարգարեյի գիրք
3
Աստուած պիտի դատէ ազգերը
1Քանզի ահա այն օրերը ու այն ժամանակը, Որ ես Յուդայի ու Երուսաղէմի գերութիւնը ետ պիտի դարձնեմ, 2Այն ատեն բոլոր ազգերը պիտի ժողվեմ, Ու զանոնք Յովսափատու հովիտը պիտի իջեցնեմ, Եւ հոն անոնց հետ դատ պիտի վարեմ, Իմ ժողովուրդիս ու իմ ժառանգութեանս Իսրայէլի համար, Զոր ազգերու մէջ ցրուեցին, Ու իմ երկիրս բաժնեցին, 3Եւ իմ ժողովուրդիս համար վիճակ ձգեցին, Ու տղան պոռնիկի վարձքի տեղ տուին, Եւ աղջիկը գինիի համար ծախեցին, որպէս զի խմեն: 4Ու նաև դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, Ով Տիւրոս ու Սիդոն, և Փղշտացւոց բոլոր սահմանները, Միթէ դուք ինծի հատուցո՞ւմ պիտի ընէք. Եթէ դուք ինծի հատուցում ընէք, Շուտով ու անյապաղ ձեր հատուցումը ձեր գլուխը պիտի դարձնեմ: 5Քանզի իմ արծաթս ու ոսկիս առիք, Ու իմ աղէկ ու ցանկալի բաներս ձեր մեհեանները տարիք. 6Եւ Յուդայի որդիները ու Երուսաղէմի որդիները Յունաց որդիներուն ծախեցիք, Որպէս զի զանոնք իրենց սահմանէն հեռացնէք: 7Ահա ես զանոնք պիտի արթնցնեմ այն տեղէն` ուր դուք զանոնք ծախեցիք, Եւ ձեր հատուցումը ձեր գլխուն վրայ պիտի դարձնեմ. 8Ու ձեր տղաքները ու աղջիկները Յուդայի որդիներուն ձեռքը պիտի ծախեմ, Եւ անոնք հեռաբնակ ազգի, Սաբայեցւոց, պիտի ծախեն զանոնք, Քանզի Տէրը խօսեցաւ: 9Ասիկա ազգերու մէջ հրատարակեցէք, Պատերազմ քարոզեցէք, Զօրաւորները արթնցուցէք, Բոլոր պատերազմական մարդիկը մօտենան ու ելլեն: 10Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէք, Ու ձեր յօտոցները` նիզակներ. Տկար եղողը Ես զօրաւոր եմ` թող ըսէ: 11Շուտով եկէք, ով բոլոր շրջակայ ազգեր, ու ժողվուեցէք. Քու զօրաւորներդ, ով Տէր, հոն իջեցուր: 12Ազգերը թող արթննան ու Յովսափատու հովիտը ելլեն, Քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն պիտի նստիմ: 13Մանգաղը երկնցուցէք, քանզի հունձքը հասած է. Եկէք, իջէք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ, Աւազանները կը յորդին. Քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է: 14Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը ժողվուին Վճռոյ հովիտին մէջ, Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է Վճռոյ հովիտին մէջ: 15Արևը ու լուսինը պիտի խաւարին, Եւ աստղերը իրենց պայծառութիւնը ետ պիտի քաշեն. 16Տէրը Սիօնէ պիտի գոչէ, Ու Երուսաղէմէ իր ձայնը պիտի տայ, Եւ երկինք ու երկիր պիտի սարսին. Բայց Տէրը իր ժողովուրդին ապաւէն, Ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ: 17Եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, Որ իմ սուրբ լեռանս, Սիօնի, մէջ կը բնակիմ. Ու Երուսաղէմ սուրբ պիտի ըլլայ, Եւ անկէ մէյմըն ալ օտարներ պիտի չանցնին: 18Եւ պիտի ըլլայ որ այն օրը լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Ու բլուրները կաթ պիտի վազցնեն, Եւ Յուդայի բոլոր ձորերը ջուրեր պիտի քալեցնեն. Ու Տէրոջը տունէն աղբիւր պիտի ելլէ, Եւ Սատիմի ձորը պիտի ոռոգէ: 19Յուդայի որդիներուն եղած անիրաւութեանը համար Եգիպտոս ամայութիւն պիտի ըլլայ, Ու Եդովմ ամայի անապատ պիտի ըլլայ, Քանզի անոնց երկրին մէջ անմեղ արիւն թափեցին: 20Բայց Յուդա մարդաբնակ պիտի ըլլայ յաւիտեան, Եւ Երուսաղէմ` դարէ դար: 21Եւ պիտի մաքրեմ անոնց արիւնը զոր մաքրած չէի*. Եւ Տէրը Սիօնի մէջ պիտի բնակի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981