Հովնան մարգարեյի գիրք
2
Յովնանին աղօթքը
1Եւ Յովնան ձուկին փորէն իր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրաւ, 2Ու ըսաւ, Իմ նեղութենէս Տէրոջը աղաղակեցի, Եւ անիկա ինծի պատասխան տուաւ. Գերեզմանին փորէն կանչեցի. Ու իմ ձայնս լսեցիր: 3Վասն զի զիս ծովերուն մէջ, անդունդը, նետեցիր, Ու հեղեղները զիս պաշարեցին. Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան: 4Ու ես ըսի, Քու աչքերուդ առջևէն վռնտուեցայ, Բայց տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ: 5Զիս մինչև հոգիս ջուրերը պաշարեցին, Անդունդը ամէն կողմէն զիս շրջապատեց, Կնիւնները գլուխս փաթթուեցան: 6Լեռներուն տակերը իջայ, Երկիր իր նիգերովը յաւիտեան իմ բոլորտիքս էր, Բայց դուն իմ կեանքս գուբէն հանեցիր, Ով իմ Տէր Աստուածս: 7Երբ հոգիս իմ վրաս մարեցաւ, Տէրը յիշեցի. Ու իմ աղօթքս քեզի քու սուրբ տաճարդ հասաւ: 8Սուտ ունայնութիւններու նայողները Իրենց ըլլալու ողորմութիւնը կը թողուն: 9Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ: Փրկութիւնը Տէրոջն է: 10Եւ Տէրը ձուկին հրաման ըրաւ. ան ալ Յովնանը ցամաքը փսխեց: