Հովնան մարգարեյի գիրք
3
Յովնան Աստուծոյ կը հնազանդի
1Եւ Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանի եղաւ` ըսելով, 2Ելիր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա, ու քարոզէ անոր այն քարոզութիւնը զոր ես քեզի կը խօսիմ: 3Եւ Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց: Իսկ Նինուէ խիստ մեծ քաղաք մըն էր` երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ: 4Եւ Յովնան սկսաւ քաղաքը մտնել, ու մէկ օրուան ճամբայ պտըտելով` կը քարոզէր ու կ’ըսէր, Դեռ քառասուն օր կայ ու Նինուէ պիտի կործանի: 5Եւ Նինուէի մարդիկը Աստուծոյ հաւատալով` ծոմապահութիւն քարոզեցին, ու անոնց մեծէն մինչև պզտիկը քուրձ հագան: 6Եւ այս խօսքը Նինուէի թագաւորին հասաւ, ու անիկա իր աթոռէն ելաւ ու վրայէն պատմուճանը հանեց, և քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ. 7Եւ Նինուէի մէջ մունետիկ կանչել տուաւ, ու թագաւորին ու իր մեծամեծներուն հրամանովը պատուիրեց` ըսելով, Մարդ ու անասուն, արջառ ու ոչխար բան մը չուտեն, չարածին ու ջուր չխմեն. 8Եւ մարդիկ ու անասուններ քուրձ հագնին, ու բոլոր ուժով Աստուծոյ աղաղակեն. և ամէն մարդ իր չար ճամբայէն ու իր ձեռքերուն մէջ եղած անիրաւութենէն դառնայ. 9Ո՞վ գիտէ, թերևս Աստուած դառնայ ու զղջայ, և իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ, ու չկորսուինք: 10Եւ Աստուած անոնց գործերը տեսաւ` որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ու Աստուած զղջաց այն չարիքին համար զոր ըսեր էր թէ անոնց ընէ, ու զանիկա չըրաւ: