Հովնան մարգարեյի գիրք
4
Յովնանի բարկութիւնը և Աստուծոյ գութը
1Եւ Յովնան խիստ դժուարացաւ ու նեղացաւ. 2Ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ, Ոհ, Տէր, երբ ես դեռ իմ երկիրս էի, իմ խօսքս այս չէ՞ր. ասոր համար առաջ Թարսիս փախչելու եղայ, քանզի գիտէի որ դուն ողորմած, գթած, երկայնամիտ և բազումողորմ Աստուած ես, ու չարիքի համար կը զղջաս: 3Եւ հիմա, ով Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինծմէ առ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է: 4Եւ Տէրը ըսաւ, Միթէ այդպէս նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես*: 5Եւ Յովնան քաղաքէն դուրս ելաւ, ու քաղաքին արևելեան կողմը նստաւ, և հոն իրեն տաղաւար մը շինեց, ու անոր հովանիին տակ նստաւ, մինչև տեսնէ թէ քաղաքին ի°նչ պիտի ըլլայ: 6Եւ Տէր Աստուած դդմենիի մը հրամայեց, ու Յովնանի վրայ ելաւ, որ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, որպէս զի զանիկա իր տառապանքէն ազատէ. և Յովնան դդմենիին համար մեծ ուրախութիւնով ուրախացաւ: 7Ու հետևեալ օրը երբ առտու կ’ըլլար, Աստուած հրամայեց որդի մը, որ դդմենին զարկաւ, ու անիկա չորցաւ: 8Ու եղաւ որ երբ արևը կը ծագէր, Աստուած խորշակաբեր արեւելեան հովի մը հրամայեց, ու արևը Յովնանի գլխուն վրայ զարկաւ, այնպէս որ անիկա մարեցաւ. ու անիկա ինքնիրեն մահը ուզելով` ըսաւ, Մեռնիլս ապրելէս աղէկ է: 9Եւ Աստուած Յովնանի ըսաւ, Միթէ դդմենիին համար նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես. ու անիկա ըսաւ, Մինչև ի մահ նեղանալովս աղէկ կ’ընեմ: 10Այն ատեն Տէրը ըսաւ, Դուն դդմենիին խնայեցիր, որու համար աշխատութիւն չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ. 11Ու ես պիտի չխնայե՞մ Նինուէի, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր, ու նաև շատ անասուններ: