Հեսույի գիրք
1
Տէրը Յեսուի կը հրահանգէ Քանանը գրաւել
1Տէրոջը ծառային Մովսէսի մեռնելէն ետքը Տէրը Մովսէսի սպասաւորին Նաւէի որդւոյն Յեսուի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով, 2Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ, հիմա ել ու անցիր այդ Յորդանանէն դուն և այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը զոր ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ։ 3Ձեր ոտքին բոլոր կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ, ինչպէս Մովսէսի ըսի, 4Անապատէն ու այս Լիբանանէն մինչև մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը, Քետացւոց բոլոր երկիրը մինչև մեծ ծովը արևմտեան կողմը ձեր սահմանը ըլլայ։ 5Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը չկարենայ քեզի դէմ դնել. ինչպէս Մովսէսի հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ. քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ։ 6Զօրացիր ու քաջասիրտ եղիր. քանզի այս ժողովուրդին դուն պիտի ժառանգեցնես այն երկիրը, որու համար ասոնց հայրերուն երդում ըրի ասոնց տալու։ 7Միայն թէ զօրացիր ու խիստ քաջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսի բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու ընես, անկէ աջ կամ ձախ կողմ չխոտորիս, որպէս զի քու ամէն երթալու տեղդ յաջողութիւն գտնես։ 8Այս օրինաց գիրքը քու բերնէդ չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածես, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ կը տանիս, և այն ատեն յաջողութիւն կը գտնես։ 9Ահա քեզի կը պատուիրեմ, Զօրացիր ու քաջասիրտ եղիր, մի վախնար ու մի զարհուրիր. քանզի քու ամէն երթալու տեղերդ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ է։
Յեսու ժողովուրդին հրահանգներ կու տայ
10Անկէ ետքը Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրելով՝ ըսավ, 11- Բանակին մէջէն անցէք, ու ժողովուրդին ապսպրելով ըսէք, Ձեզի պաշար պատրաստեցէք. քանզի երեք օրէն ետև դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն կու տայ։ 12Եւ Ռուբենեանց ու Գադեանց և Մանասէի կէս ցեղին Յեսու խօսեցաւ ու ըսաւ, 13Միտքերնիդ բերէք այն խօսքը, զոր Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով, Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ հանգստացուց, ու այս երկիրը ձեզի տուաւ։ 14Ձեր կիները, ձեր տղաքները և ձեր անասունները թող բնակին այն երկրին մէջ զոր Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանու ասդիի կողմը.բայց դուք ամէնդ որ ուժով կտրիճներ էք, սպառազինեալ ձեր եղբայրներուն առջև անցնելով, անոնց օգնութիւն ընէք, 15Մինչև որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ, և անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը զոր ձեր Տէր Աստուածը անոնց կու տայ. ու ետքը ձեր ժառանգութեան երկիրը դառնաք, և ժառանգէք զանիկա զոր Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանու ասդիի կողմը դէպ ի արեւելք։ 16Եւ անոնք Յեսուի պատասխան տուին ու ըսին, Քու ամէն պատուիրածներդ պիտի ընենք, և ուր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։ 17Ինչպէս Մովսէսի հնազանդութիւն կ’ընէինք, այնպէս ալ քեզի հնազանդութիւն պիտի ընենք. միայն թէ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսի հետ էր։ 18Ամէն մարդ որ քու հրամանիդ դէմ դնէ, և ամէն ինչ որ անոր պատուիրես՝ քու խօսքերդ մտիկ չընէ, պիտի մեռցուի. միայն թէ զօրացիր ու քաջասիրտ եղիր։