Հեսույի գիրք
11
Յեսու Յաբինին և դաշնակիցներուն կը յաղթէ
1Եւ Հասորի Յաբին թագաւորը երբ այս բաները լսեց, Մադոնի Յոբար թագաւորին և Սամրօնի թագաւորին ու Աքսափի թագաւորին, 2Եւ հիւսիսային լեռները ու Քեներեթի հարաւային դաշտը ու հովիտը և արևմտեան կողմը՝ Դովրի գաւառներուն մէջ եղող թագաւորներուն, 3Արեւելան ու արեւմտեան կողմը եղող Քանանացիներուն, Ամօրհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն ու լեռնաբնակ Յեբուսացիներուն, և Հերմոնի տակ Մասփայի երկիրը եղող Խեւացիներուն մարդ ղրկեց։ 4Ուստի անոնք իրենց բոլոր բանակներովը ու շատ ժողովուրդով ելան, որոնք ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ բազմաթիւ էին, և իրենց հետ խիստ շատ ձիեր ու կառքեր առին։ 5Եւ այս բոլոր թագաւորները միաբանելով մէկտեղ գացին՝ Մառօնի ջուրին քով բանակեցան, որպէս զի Իսրայէլի հետ պատերազմին։ 6Եւ Տէրը Յեսուի ըասւ, Անոնց երեսէն մի վախնար, քանզի վաղը այս ատեն ես անոնց ամէնը Իսրայէլի առջև կոտրուելու պիտի մատնեմ. անոնց ձիերուն ջիղերը պիտի կտրես, ու անոնց կառքերն ալ կրակով այրես։ 7Ուստի Յեսու և իրեն հետ բոլոր պատերազմական ժողովուրդը յանկարծակի Մառօնի ջուրին քով անոնց դէմ երթալով վրանին յարձակեցան։ 8Եւ Տէրը զանոնք Իսրայէլի ձեռքը տուաւ, ու զանոնք զարկին, և մինչև մեծ Սիդոն ու Մասրեփոթ-մայիմ, և մինչև Մասփայի հովիտը դէպ ի արեւելք հալածեցին, ու զանոնք զարկին՝ մինչև որ անոնցմէ մէ՛կը չազատեցաւ։ 9Եւ Յեսու անոնց այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր. անոնց ձիերուն ջիղերը կտրեց, ու անոնց կառքերը կրակով այրեց։ 10Եւ նոյն ատեն Յեսու դարձաւ՝ Հասորը առաւ, ու անոր թագաւորը սրով մեռցուց. քանզի Հասոր առաջ այս բոլոր թագաւորութիւններուն գլուխն էր. 11Եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր հոգիները սուրի բերնէ անցուցին, ու բնաջինջ ըրին. բնաւ շնչաւոր մը չմնաց. ու Հասորը կրակով այրեց։ 12Ուստի Յեսու այս թագաւորներուն բոլոր քաղաքները ու անոնց թագաւորները առաւ, և զանոնք սուրի բերնէ անցընելով բնաջինջ ըրաւ, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։ 13Բայց Իսրայէլ չայրեց այն քաղաքները՝ որոնք իրենց հողաբլուրներովը կը կենային, բայց միայն Հասորը՝ զոր Յեսու այրեց։ 14Եւ այս քաղաքներուն բոլոր աւարը ու անասունները Իսրայէլի որդիները իրենց առին, բայց բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին, մինչև որ զանոնք բնաջինջ ըրին, ու բնաւ շնչաւոր մը չթողուցին։ 15Ինչպէս Տէրը իր Մովսէս ծառային պատուիրեր էր, նոյնպէս ալ Մովսէս Յեսուի պատուիրեց, ու Յեսու ալ այնպէս ըրաւ. և ինչ որ Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր, բնաւ անոնց մէ՛կը զանց չըրաւ։
Յեսուի գրաւած երկիրները
16Ուստի Յեսու այն բոլոր երկիրը առաւ, լեռնակողմը ու բոլոր հարաւային կողմը և բոլոր Գոսոմի երկիրը, հովիտը ու դաշտը, և Իսրայէլի լեռը ու անոր հովիտը, 17Սէիր ելլող Քալակ լեռնէն մինչև Հերմոն լեռանը տակ Լիբանանու հովտին մէջ եղող Բաաղգադ, և անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց ու զանոնք զարկաւ մեռցուց։ 18Յեսու այս բոլոր թագաւորներուն հետ շատ օրեր պատերազմ ըրաւ։ 19Գաբաւոնի մէջ բնակող Խեւացիներէն զատ Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ընող քաղաք մը չկար. ամէնն ալ պատերազմով առին. 20Քանզի անոնց սրտին կարծրանալը ու պատերազմով Իսրայէլի դէմ դնելը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի անոնց ողորմութիւն չըլլալով զանոնք կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։ 21Եւ այն ատեն Յեսու գնաց, ու լեռներէն, Քեբրոնէ, Դաբիրէ, Անաբէ ու Յուդայի բոլոր լեռներէն, և Իսրայէլի բոլոր լեռներէն Ենակիմները կոտրեց. Յեսու զանոնք իրենց քաղաքներով մէկտեղ կորսնցուց։ 22Եւ Իսրայէլի որդիներուն երկրին մէջ Ենակիմներէն մէ՛կը չմնաց, բայց միայն Գազայի, Գէթի ու Ասեդովթի մէջ մնացին։ 23Ու Յեսու բոլոր երկիրը առաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր, և Յեսու զանիկա Իսրայէլի ժառանգութիւն տուաւ, անոնց ցեղերուն բաժիններուն համեմատ. ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981