Հեսույի գիրք
12
Մովսէս¿ պարտուած թագաւորները
1Ասոնք են այն երկրին թագաւորները՝ զորոնք Իսրայէլի որդիները զարկին ու անոնց երկիրները առին, Յորդանանու անդիի կողմը դէպ ի արեւելք, Առնոն ձորէն մինչև Հերմոն լեռը՝արեւելեան կողմին բոլոր դաշտովը, 2Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորը, որ Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն, և ձորին մէջտեղէն, ու Գաղաադի կէսէն մինչև Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը, 3Նաև դաշտին, արեւելեան կողմէն մինչև Քեներեթի ծովը, ու արեւելեան կողմէն Բեթեսիմօթի ճամբան, ու հարաւային կողմէն Ասեդովթ-փասգայի տակ՝ մինչև դաշտի ծովը, այսինքն մինչև Աղի ծովը կը տիրէր: 4Ու հսկաներուն մնացորդէն Բասանի Ովգ թագաւորին սահմանը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը բնակէր, 5Եւ կը տիրէր Հերմոն լեռանը, ու Սելքայի և բոլոր Բասանի մինչև Գեսուրացւոց ու Մաքաթացւոց սահմանը, ու մինչև Գաղաադի կէսը, որ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին սահմանն էր: 6Ասոնք Տէրոջը ծառան Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն հետ զարկաւ, ու ասոնց երկիրները Տէրոջը ծառան Մովսէս Ռուբենեանց, Գադեանց ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուաւ։
Յեսուէն պարտուած թագաւորները
7Եւ ասոնք են երկրին թագաւորները, զորոնք Յեսու ու Իսրայէլի որդիները զարկին Յորդանանու ասդիի կողմը դէպ ի արեւմուտք, Լիբանանու հովտին մէջ եղող Բաաղգադէն մինչև Քալակ լեռը, որ Սէիր կ’ելլէ. և Յեսու անոնց երկիրները Իսրայէլի ցեղերուն ժառանգութիւն տուաւ իրենց վիճակներուն համեմատ. 8Լեռներուն ու հովիտներուն և դաշտերուն մէջ ու լեռներուն ստորոտները և անապատը ու հարաւային կողմը բնակող Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիները ու Յեբուսացիները. 9Երիքովի թագաւորը մէկ, Բեթէլի քով եղող Գայիի թագաւորը մէկ, 10Երուսաղէմի թագաւորը մէկ, Քեբրոնի թագաւորը մէկ, 11Յերիմութի թագաւորը մէկ, Լաքիսի թագաւորը մէկ, 12Էգղոնի թագաւորը մէկ, Գազերի թագաւորը մէկ, 13Դաբիրի թագաւորը մէկ, Գադերի թագաւորը մէկ, 14Հօրմայի թագաւորը մէկ, Արադի թագաւորը մէկ, 15Լեբնայի թագաւորը մէկ, Ոդողոմի թագաւորը մէկ, 16Մակեդայի թագաւորը մէկ, Բեթէլի թագաւորը մէկ, 17Թափուայի թագաւորը մէկ, Ոփերի թագաւորը մէկ, 18Ափէկի թագաւորը մէկ, Լասարօնի թագաւորը մէկ, 19Մադոնի թագաւորը մէկ, Հասորի թագաւորը մէկ, 20Սամրօն-մառօնի թագաւորը մէկ, Աքսափի թագաւորը մէկ, 21Թանաքի թագաւորը մէկ, Մակեդդովի թագաւորը մէկ, 22Կադէսի թագաւորը մէկ, Կարմեղոս եղած Յեկնամի թագաւորը մէկ, 23Դովրի գաւառին մէջ Դովրի թագաւորը մէկ, Գաղգաղայի Գոյիմի թագաւորը մէկ, 24Թերսայի թագաւորը մէկ. այս թագաւորներուն ամէնը երեսունըմէկ էին։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981