Հեսույի գիրք
14
Յորդանանի արեւմտեան երկրին բաժանումը
1Ու Քանանու երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգած տեղերը ասոնք են, զորոնք Եղիազար քահանան և Նաւեան Յեսու ու Իսրայէլի որդւոց ցեղերուն նահապետութեան իշխանները ժառանգեցուցին անոնց։ 2Ինն ու կէս ցեղերուն վիճակով տրուեցաւ անոնց ժառանգութիւնը, ինչպէս Տէրը Մովսէսի ձեռքով հրամայեր էր։ 3Քանզի Մովսէս երկուք ու կէս ցեղերուն Յորդանանու անդիի կողմը ժառանգութիւն տուեր էր. բայց անոնց մէջ՝ Ղևտացիներուն ժառանգութիւն տուած չէր. 4Որովհետև Յովսէփի որդիները երկու ցեղ էին, Մանասէ ու Եփրեմ. ու երկրին մէջ Ղեւտացւոց բաժին չտուին, բայց միայն քաղաքներ՝ բնակելու համար, ու արուարձաններն ալ՝ անոնց խաշինքներուն և ստացուածքներուն համար։ 5Ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր, Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, ու երկիրը բաժնեցին։
Քեբրոնը Քաղէբի տրուեցաւ
6Եւ Յուդայի որդիները Գաղգաղայի մէջ Յեսուի մօտեցան, ու Կենեզեան Յեփոնէի որդին Քաղէբ անոր ըսաւ, Դուն գիտես այն խօսքը զոր Տէրը Կադէս- բառնեայի մէջ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսի հետ խօսեցաւ ինծի ու քեզի համար։ 7Երբ Տէրոջը ծառան Մովսէս զիս Կադէս-բառնեայէ ղրկեց երկիրը լրտեսելու համար, ես քառասուն տարեկան էի. ու սրտիս մէջ եղածին պէս անոր լուր բերի. 8Սակայն ինծի հետ ելլող եղբայրներս ժողովուրդին սիրտը թուլցուցին. բայց ես իմ բոլոր սրտովս իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցայ։ 9Եւ նոյն օրը Մովսէս երդում ըրաւ՝ ըսելով, Այն քու ոտքիդ կոխած երկիրը անպատճառ քեզի ու քու որդիներուդ յաւիտեան ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. որովհետև իմ Տէր Աստուծոյս քու բոլոր սրտովդ հնազանդութիւն ըրիր։ 10Արդ ահա Տէրը իր ըսածին պէս այս քառասունըհինգ տարին իմ կեանքս պահեց, այն ժամանակէն ի վեր՝ որ Տէրը այս խօսքը Մովսէսի ըսաւ, քանի որ Իսրայէլ անապատին մէջ կը պտըտէր. և ահա ես այսօր ութսունըհինգ տարեկան եմ. 11Եւ այսօր տակաւին ուժով եմ, ինչպէս էի Մովսէսի զիս ղրկած օրը. այն ատենի զօրութիւնս ինչպէս էր, հիմակուան զօրութիւնս ալ այնպէս է՝ պատերազմելու, և ելլելու ու մտնելու կողմանէ։ 12Ոստի հիմա ինծի տուր այն լեռը, որու համար Տէրը այն օրը խօսեցաւ. քանզի դուն այն օրը լսեցիր որ Ենակիմները հոն կը բնակին, ու մեծ պարսպաւոր քաղաքներ ունին. թերեւս Տէրը ինծի հետ ըլլայ, ու ես զանոնք վռնտեմ, ինչպէս Տէրը ըսաւ։ 13Եւ Յեսու զանիկա օրհնեց, ու Յեփոնեան Քաղէբի՝ Քեբրոնը ժառանգութիւն տուաւ։ 14Ասոր համար Քեբրոն Կենեզեան Յեփոնէի որդւոյն Քաղէբի ժառանգութիւնը եղաւ մինչև այսօր, որովհետև Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն բոլոր սրտով հնազանդութիւն ըրաւ։ 15Ու Քեբրոնի անունը առաջ Կարիաթ-արբա էր. ու այն Արբան Ենակիմներուն մէջ մէծ մարդ մըն էր։ Ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981