Հեսույի գիրք

18

Մնացեալ երկրին բաժանումը

1Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքը Սելովի մէջ ժողվուեցան, և հոն ժողովքի խորանը կանգնեցին, ու երկիրը անոնց առջև նուաճեցաւ։ 2Ու Իսրայէլի որդիներուն մէջ եօթը ցեղ մնացեր էր, որոնք իրենց ժառանգութիւնը չէին։ 3Եւ Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ, Մինչև ե՞րբ անհոգութիւն պիտի ընէք, ու պիտի չերթաք ժառանգելու այն երկիրը զոր ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ 4Ամէն մէկ ցեղէն երեք մարդ ընտրեցէք, ու զանոնք ղրկեմ, որպէս զի ելլեն այն երկրին մէջ պտըտին, ու զանիկա իրենց ժառանգութեանը համեմատ գրեն, ու ետքը ինծի դառնան։ 5Եւ զանիկա եօթը մասերու բաժնեն. Յուդա իր սահմանին մէջ հարաւային կողմը կենայ, ու Յովսէփի տունը իրենց սահմաններուն մէջ հիւսիսային կողմը կենան։ 6Եւ դուք երկիրը եօթը բաժին գրեցէք, ու հոս ինծի բերէք, և մեր Տէր Աստուծոյն առջև հոս ձեզի համար վիճակ ձգեմ. 7Քանզի Ղեւտացիները ձեր մէջ բաժին չունին, որովհետև անոնց ժառանգութիւնը Տէրոջը քահանայութիւնն է. և Գադ ու Ռուբէն և Մանասէի կէս ցեղը Յորդանանու անդիի կողմը դէպ ի արեւելք՝ իրենց ժառանգութիւնները առին, զորոնք Տէրոջը ծառան անոնց տուաւ։ 8Եւ այն մարդիկը ելան գացին. ու Յեսու այն երկիրը գրելու գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով, Գացէք և այն երկրին մէջ պտըտելով զանիկա գրեցէք. ետքը ինծի դարձէք, որպէս զի հոս Սելովի մէջ Տէրոջը առջև ձեզի համար վիճակ ձգեմ։ 9Եւ այն մարդիկը գացին, ու այն երկրին մէջ պտըտեցան, և զանիկա իր քաղաքներովը եօթը բաժին ընելով՝ գիրքի մը վրայ գրեցին, ու Սելով, բանակը, եկան Յեսուի։ 10Եւ Յեսու Սելովի մէջ Տէրոջը առջև անոնց համար վիճակ ձգեց. ու Յեսու հոն երկիրը բաժնեց Իսրայէլի որդիներուն՝ իրենց բաժիններուն համեմատ։

Բենիամինին յատկացուած երկիրը

11Եւ նախ Բենիամինի որդիներուն ցեղին վիճակը ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ. ու իրենց վիճակին սահմանը Յուդայի որդիներուն ու Յովսէփի որդիներուն մէջտեղը ելաւ։ 12Եւ անոնց հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանէ եղաւ. ու այս սահամանը հիւսիսային կողմէն Երիքովի քով կ’ելլէ, և դէպ ի արեւմուտք լեռը վեր կ’ելլէ, ու Բեթաւանի անապատին մէջ կը վերջանայ. 13Եւ սահմանը անկէ ելլելով Լուզէ կ’անցնի, Լուզի, այսինքն Բեթէլի, հարաւային կողմէն. ետքը այս սահմանը Ատարօթ-ադար կ’իջնէ, որ վարի Բեթորոնին հարաւային կողմը եղող լեռանը քով է։ 14Եւ այս սահմանը արեւմտեան ծայրը հասնելով, դէպ ի հարաւ կը դառնայ հարաւային կողմէն Բեթորոնի դիմացի լեռնէն, ու կը վերջանայ Կարիաթ-բաաղի մէջ, որ է Կարիաթարիմ, Յուդայի որդիներուն քաղաքը։ Արևմտեան ծայրը ասիկա է։ 15Եւ հարաւային կողմը Կարիաթարիմի ծայրէն սկսելով, սահմանը դեպ ի արեւմուտք կ’երթայ, ու Նափթովայի ջուրին աղբիւրը կ’ելլէ։ 16Եւ այս սահմանը Ռափայիններուն հովիտին մէջ, հիւսիսային կողմը եղող Ենովմի որդւոյն ձորին դիմացի լեռանը եզերքը կ’իջնէ, ու Յեբուսի քովէն դէպ ի հարաւ Ենովմի ձորէն իջնելով Ռովգելի աղբիւրը կ’իջնէ. 17Եւ հիւսիսային կողմէն նշան կտրելով Ենսամիւս կ’ելլէ, ու անկէ Եդովմինի զառ ի վերին դիմաց եղող Գալիլովթ կ’ելլէ, և Ռուբենեան Բաանի վէմը կ’իջնէ. 18Ետքը Արաբայի դիմացի կողմէն դէպ ի հիւսիս անցնելով Արաբա կ’իջնէ. 19Ետքը այս սահմանը դէպ ի հիւսիս Բեթագղայի քովէն կ’անցնի, ու այս սահմանը Աղի ծովուն հիւսիսային ծոցը ու Յորդանանու հարաւային ծայրը կը վերջանայ։ Հարաւային սահմանը ասիկա է։ 20Եւ արեւելեան կողմի սահմանը Յորդանան է։ Բենիամինի որդիներուն ժառանգութիւնը շուրջանակի իր սահմաններովը անոնց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ 21Եւ ասոնք են Բենիամինի որդիներուն ցեղին քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ. , Բեթագղա, Եմեկկասիս, 22Բեթարաբա, Սեմարիմ, , 23Աւիմ, Փարա, Եփրա, 24Քեփարամոննա, Հոփնի ու Գաբա. տասուերկու և անոնց գեղերը։ 25Գաբաւոն, Ռամա, Բերովթ, 26Մասփա, Կեփիրա, Մոսա, 27Ռէկեմ, Յերփայէլ, Թարաղա, 28Սելա, Էլէփ, , այսինքն , Գաբաաթ ու Կարիաթ. տասնըչորս քաղաք և անոնց գեղերը։ Բենիամինի որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)