Հեսույի գիրք
21
Ղեւտացիներուն քաղաքները
1Ու Ղեւտացւոց նահապետները Եղիազար քահանային, Նաւեան Յեսուի և Իսրայէլի որդւոց ցեղերուն նահապետներուն մօտեցան, 2Ու Քանանու երկիրը Սելովի մէջ խօսեցան անոնց՝ ըսելով, Տէրը Մովսէսի ձեռքով հրամայեց որ մեզի բնակելու համար քաղաքներ, ու մեր անասուններուն համար անոնց արուարձանները տրուին։ 3Ու Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հրամանով իրենց ժառանգութիւններէն այս քաղաքները ու անոնց արուարձանները Ղեւտացւոց տուին։ 4Եւ առաջին վիճակը Կահաթեանց ազգատոհմներուն ելաւ. ու Ղեւտացիներէն Ահարոն քահանային որդիներուն վիճակով տասուիրեք քաղաք ելաւ, Յուդայի ցեղէն, Շմաւոնի ցեղէն ու Բենիամինի ցեղէն։ 5Եւ Կահաթի միւս որդիներուն՝ Եփրեմի ցեղին ազգատոհմներէն ու Դանի ցեղէն և Մանասէի կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ։ 6Ու Գերսոնի որդիներուն՝ Իսաքարի ցեղին ազգատոհմներէն և Ասերի ցեղէն ու Նեփթաղիմի ցեղէն և Բասանի մէջ եղող Մանասէի կէս ցեղէն վիճակով տասուիրեք քաղաք տրուեցաւ։ 7Մերարիի որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Ռուբէնի ցեղէն, Գադի ցեղէն ու Զաբուղոնի ցեղէն տասուերկու քաղաք տրուեցաւ։ 8Ու Իսրայէլի որդիները այս քաղաքները ու անոնց արուարձանները վիճակով Ղեւտացւոց տուին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսի ձեռքով։ 9Եւ Յուդայի որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնի որդիներուն ցեղէն այս իրենց անունովը յիշուած քաղաքները տուին, 10Ու Ահարոնի որդիներուն եղան, որոնք Ղեւիի որդիներէն եղող Կահաթեանց ազգատոհմներէն էին. քանզի առաջին վիճակը անոնցն էր։ 11Եւ անոնց՝ Յուդայի լեռանը վրայ Ենակի հօրը Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը, տուին անոր շրջակայ արուարձաններովը. 12Եւ քաղաքին ագարակները ու գեղերը Յեփոնեան Քաղէբի կալուածք տուին։ 13Ուստի Ահարոն քահանային որդիներուն՝ սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Քեբրոնը տուին իր արուարձաններովը, նաև Լեբնան իր արուարձաններովը, 14Եւ Յաթիրը իր արուարձաններովը, ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը, 15Եւ Քօղօնը իր արուարձաններովը, ու Դաբիրը իր արուարձաններովը, 16Եւ Այինը իր արուարձաններովը, ու Յետտան իր արուարձաններովը, և Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը. այս երկու ցեղէն ինը քաղաք տուին։ 17Ու Բենիամինի ցեղէն՝ Գաբաւոնը իր արուարձաններովը, Գաբան իր արուարձաններովը, 18Անաթովթը իր արուարձաններովը, ու Գաղմօնը իր արուարձաններովը, չորս քաղաք տուին։ 19Ահարոնի որդիներուն, քահանաներուն, բոլոր քաղաքները տասուիրեք քաղաք էին՝ ու անոնց արուարձանները։ 20Եւ Կահաթի որդիներէն մնացած Ղեւտացի Կահաթեանց ազգատոհմներն ալ Եփրեմի ցեղէն վիճակով քաղաքներ առին: 21Ու անոնց՝ Եփրեմի լեռնակողմը սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Սիւքէմը տուին իր արուարձաններովը, նաև Գազերը իր արուարձաններովը, 22Եւ Կաբսեմը իր արուարձաններովը, ու Բեթորոնը իր արուարձաններովը, չորս քաղաք տուին։ 23Եւ Դանի ցեղէն՝ Ելթեկէն իր արուարձաններովը, Գաբաթօնը իր արուարձաններովը, 24Այեղոնը իր արուարձաններովը, ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը, չորս քաղաք տուին։ 25Եւ Մանասէի կէս ցեղէն՝ Թանաքը իր արուարձաններովը, ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը, երկու քաղաք տուին։ 26Կահաթի որդիներուն մնացած ազգատոհմներուն բոլոր քաղաքները տասն էին և անոնց արուարձանները։ 27Ու Ղեւտացւոց ազգատոհմներէն եղող Գերսոնի որդիներուն՝ Մանասէի կէս ցեղէն սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Բասանի մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը, նաև Բեեստարան իր արուարձաններովը, երկու քաղաք տուին։ 28Եւ Իսաքարի ցեղէն՝ Կեսիօնը իր արուարձաններովը, Դաբարաթը իր արուարձաններովը, 29Յերիմութը իր արուարձաններովը, Ենգանիմը իր արուարձաններովը, չորս քաղաք տուին։ 30Եւ Ասերի ցեղէն՝ Մասաղը իր արուարձաններովը, 31Աբդօնը իր արուարձաններովը, Քեղկաթը իր արուարձաններովը, և Րոոբը իր արուարձաններովը, չորս քաղաք տուին։ 32Ու Նեփթաղիմի ցեղէն՝ սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գալիլեայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը, նաև Եմաթդովրը իր արուարձաններովը, ու Կարթանը իր արուարձաններովը, երեք քաղաք տուին։ 33Գերսոնեանց բոլոր քաղքները անոնց ազգատոհմներուն համեմատ տասուիրեք քաղաք էին՝ ու անոնց արուարձանները։ 34Եւ մնացած Ղեւտացիներուն, այսինքն Մերարիի որդիներուն ազգատոհմներուն, Զաբուղոնի ցեղէն Յեկնամը իր արուարձաններովը, Կարթան իր արուարձաններովը, 35Դեմնան իր արուարձաններովը, ու Նաաղօլը իր արուարձաններովը, չորս քաղաք տուին։ 36Եւ Ռուբէնի ցեղէն Բոսորը իր արուարձաններովը, ու Յասսան իր արուարձաններովը, 37Կադեմօթը իր արուարձաններովը, ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը, չորս քաղաք տուին։ 38Եւ Գադի ցեղէն սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գաղաադի մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը, նաև Մանայիմը իր արուարձաններովը, 39Եսեբոնը իր արուարձաններովը, ու Յազերը իր արուարձաններովը, ամէնը չորս քաղաք տուին։ 40Ղեւտացւոց ազգատոհմներէն մնացած Մերարիի որդիներուն բոլոր քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ իրենց վիճակովը տասուերկու քաղաք եղան։ 41Իսրայէլի որդիներուն կալուածքներուն մէջ Ղեւտացւոց բոլոր քաղաքները քառասունըութ քաղաք էին՝ ու անոնց արուարձանները։ 42Այս քաղաքներուն ամէն մէկը իր բոլորտիքը արուարձաններ ունէր. այս քաղաքներուն ամէնն ալ այնպէս էին։ 43Եւ Տէրը Իսրայէլի տուաւ այն բոլոր երկիրը զոր անոնց հայրերուն տալու երդում ըրեր էր. և զանիկա ժառանգեցին ու անոր մէջ բնակեցան։ 44Եւ Տէրը զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց, ինչպէս անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր. ու անոնց բոլոր թշնամիներէն բնաւ մէկը չկրցաւ անոնց դէմ դնել. քանզի Տէրը անոնց ամէն թշնամիները անոնց ձեռքը տուաւ։ 45Եւ Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ զրուցեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնն ալ կատարուեցան։