Հեսույի գիրք

22

Յեսու Արևելքի ցեղերը տուն կը ղրկէ

1Այն ատեն իրեն կանչեց Ռուբենեանները, Գադեանները ու Մանասէի կէս ցեղը, 2Եւ անոնց ըսաւ, Տէրոջը ծառան ինչ որ ձեզի հրամայեր էր, դուք անոնց ամէնն ալ պահեցիք. ու իմ խօսքս մտիկ ըրիք ամէն բանի մէջ զոր ձեզի պատուիրեցի։ 3Այսչափ շատ օրեր մինչև այսօր ձեր եղբայրները չթողուցիք, և ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները ամբողջ պահեցիք։ 4Ու հիմա ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրները հանգստացուց, ինչպէս անոնց ըսաւ. ուստի հիմա դարձէք, ձեր վրանները ու ձեր կալուածքի երկիրը գացէք զոր Տէրոջը ծառան Մովսէս Յորդանանու անդիի կողմը ձեզի տուաւ։ 5Միայն թէ աղէկ զգուշութիւն ընէք ի գործ դնելու այն պատուիրանքը ու օրէնքը զոր Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի պատուիրեց, որ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք, և անոր ամէն ճամբաներուն մէջ քալէք, ու անոր պատուիրանքները պահէք, և անոր յարիք, ու ձեր բոլոր սրտովը և բոլոր հոգւովը զանիկա պաշտէք։ 6Ու Յեսու օրհնեց զանոնք և արձակեց. ու անոնք իրենց վրանները գացին։ 7(Եւ Մանասէի կէս ցեղին Մովսէս կալուածք տուեր էր Բասանի մէջ, ու միւս կէսին Յեսու, անոնց եղբայրներուն հետ, Յորդանանու ասդիի կողմը տուաւ դէպ ի արեւմուտք։) Ու երբ Յեսու զանոնք իրենց վրանները ղրկեց, զանոնք օրհնեց. 8Եւ անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով, Շատ հարստութիւնով ու խիստ շատ անասուններով, արծաթով, ոսկիով, պղնձով, երկաթով ու խիստ շատ հանդերձներով ձեր վրանները դարձէք, ու ձեր թշնամիներուն աւարը ձեր եղբայրներուն հետ բաժնեցէք։ 9Ուստի Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիները ու Մանասէի կէս ցեղը Քանանու երկիրը Սելովի մէջ Իսրայէլի որդիներէն զատուեցան գացին, որպէս զի իրենց ժառանգութեան երկիրը, այսինքն Գաղաադու երկիրը, երթան, զոր Մովսէսի ձեռքով տրուած Տէրոջը հրամանով առեր էին։ 10Ու երբ Յորդանանու մօտ տեղերը եկան, այն կողմը որ Քանանու երկրին մէջ է, Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիները ու Մանասէի կէս ցեղը հոն Յորդանանու քով մը շինեցին, երեւութով մէծ սեղան մը։ 11Ու Իսրայէլի որդիները լսեցին որ ահա Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիները և Մանասէի կէս ցեղը Քանանու երկրին կողմը Յորդանանու մօտ, ուր Իսրայէլի որդիները անցեր էին, սեղան մը շիներ են։ 12Ու երբ Իսրայէլի որդիները լսեցին, Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովքը Սելովի մէջ ժողվուեցան, որպէս զի անոնց վրայ երթան պատերազմելու համար։ 13Եւ Իսրայէլի որդիները Ռուբենեանց, Գադեանց ու Մանասէի կէս ցեղին՝ Գաղաադու երկիրը ղրկեցին Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան, 14Եւ անոր հետ տասը , այսինքն Իսրայէլի ամէն ցեղերուն նահապետութիւններէն մէյմէկ իշխան, որոնց ամէն մէկը Իսրայէլի հազարաւորներուն նահապետութեանց իշխաններ էին. 15Եւ անոնք Գաղաադու երկիրը գացին Ռուբէնի որդիներուն, Գադի որդիներուն ու Մանասէի կէս ցեղին, և անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով, 16Տէրոջը բոլոր ժողովքը այսպէս կ’ըսէ. Այդ ի՞նչ է, զոր դուք Իսրայէլի Աստուծոյն դէմ գործեցիք՝ այսօր Տէրոջմէ խոտորելով, և այսօր Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ընելու համար ձեզի սեղան շինեցիք։ 17Միթէ Փոգովրի անօրէնութիւնը պզտի՞կ բան մըն է մեզի, որմէ մինչև այսօր չմաքրուեցանք, ու Տէրոջը ժողովքին վրայ այն հարուածը եկաւ. 18Եւ դուք այսօր Տէրոջմէ խոտորեցաք. ուստի եթէ դուք այսօր Տէրոջմէ ապստամբիք, ան ալ վաղը Իսրայէլի բոլոր ժողովքին վրայ պիտի բարկանայ։ 19Սակայն եթէ ձեր կալուածքի երկիրը կը համարիք, Տէրոջը կալուածքի երկիրը անցէք, ուր Տէրոջը խորանը կանգնած է, ու մեր մէջ ժառանգութիւն առէք. և մեր Տէր Աստուծոյն սեղանէն զատ ձեզի սեղան շինելով Տէրոջը ապստամբ մի ըլլաք, ու մեզմէ ալ մի ապստամբիք։ 20Երբ Զարայեան Աքար նզովուածէն առնելով մեղք գործեց, միթէ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի բոլոր ժողովքին վրայ չեկա՞ւ, ու այն մարդը իր անօրէնութեանը մէջ մինակ չմեռաւ։ 21Եւ Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիները ու Մանասէի կէս ցեղը պատասխան տուին, ու Իսրայէլի հազարապետներուն ըսին, 22Աստուածներուն Եհովա Աստուածը, աստուածներուն Եհովա Աստուածը* ինք գիտէ. ու ալ թող գիտնայ, եթէ այս բանը ապստամբութեան համար, կամ Տէրոջը դէմ յանցանք գործելու համար ըրինք, մեզ այսօր չապրեցնէ. 23Եթէ մեզի սեղան շինեցինք Տէրոջմէ ետ դառնալու համար, կամ անոր վրայ ողջակէզ ու հացի ընծայ մատուցանելու համար, և կամ անոր վրայ խաղաղութեան զոհեր ընելու համար, Տէրը ինք քննութիւն ընէ։ 24Այլ մենք ասիկա մեր վախէն շինեցինք, մտածելով որ գուցէ վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն խօսին՝ ու ըսեն թէ Դուք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ի՞նչ ունիք: 25Ով Ռուբենեանք ու Գադեանք, Տէրը մեր ու ձեր մէջ Յորդանանը սահման դրաւ, Դուք Տէրոջմէ բնաւ բաժին չունիք. և այս կերպով ձեր որդիները մեր որդիներէն Տէրոջը երկիւղը վերցնեն. 26Այս պատճառաւ ըսինք, Հիմա մեզի սեղան մը շինենք, բայց ոչ թէ ողջակէզի համար, ոչ ալ զոհի համար, 27Այլ որպէս զի անիկա մեր ու ձեր մէջ, և մեզմէ ետքը մեր սերունդներուն մէջ, վկայութիւն ըլլայ, որպէս զի մեր ողջակէզներովը, մեր պատարագներովը ու մեր խաղաղութեան զոհերովը Տէրոջը ծառայութիւնը Անոր առջև ընենք, ու վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն չըսեն թէ Դուք Տէրոջմէ բաժին չունիք։ 28Ու ըսինք, Եթէ մեզի կամ մեր սերունդին վաղը այս բանը ըսելու ըլլան, պիտի ըսենք թէ Տեսէք Տէրոջը սեղանին օրինակը, զոր մեր հայրերը շինեցին, ոչ թէ ողջակէզի համար կամ զոհի համար, հապա մեր ու ձեր մէջ վկայութիւն մը ըլլալու համար։ 29Քա՛ւ լիցի որ մենք Տէրոջմէ ապստամբինք, ու այսօր Տէրոջմէ ետ դառնալով խորանին առջև եղող մեր Տէր Աստուծոյն սեղանէն զատ ողջակէզի համար, հացի ընծայի համար և զոհի համար սեղան շինենք։ 30Ու երբ Փենէհէս քահանան և անոր հետ եղող ժողովքին իշխանները, ու Իսրայէլի հազարապետները Ռուբէնի որդիներուն, Գադի որդիներուն ու Մանասէի որդիներուն ըսած խօսքերը լսեցին, իրենց հաճոյ երեւցաւ. 31Ու Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան Ռուբէնի որդիներուն, Գադի որդիներուն ու Մանասէի որդիներուն ըսաւ, Այսօր գիտցանք որ Տէրը մեր մէջ է, որովհետև դուք Տէրոջը դէմ այս յանցանքը չգործեցիք, և Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ձեռքէն ազատեցիք։ 32Այսպէս Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան և իշխանները Ռուբէնի որդիներուն ու Գադի որդիներուն քովէն, Գաղաադու երկրէն, Քանանու երկիրը Իսրայէլի որդիներուն դարձան, և անոնց լուր բերին։ 33Ու այս բանը Իսրայէլի որդիներուն հաճոյ երեւցաւ, և Իսրայէլի որդիները զԱստուած օրհնեցին, և Ռուբէնի որդիներուն և Գադի որդիներուն բնակած երկիրը կործանելու համար անոնց վրայ երթանք պատերազմինք չըսին։ 34Եւ Ռուբէնի որդիները ու Գադի որդիները այն սեղանին անունը Վկայութիւն դրին, որովհետև ըսին, Անիկա մեր մէջ վկայ է, որ մեր Աստուածը Եհովան է։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)