Հեսույի գիրք
23
Յեսուին հրաժեշտի ուղերձը
1Ու շատ օրերէն ետքը՝ որ Տէրը հանգստացուցեր էր Իսրայէլը անոր բոլորտիքը եղած ամէն թշնամիներէն, Յեսու ծերացած ու տարիքը առած էր։ 2Եւ Յեսու կանչեց բոլոր Իսրայէլը, անոր ծերերը, իշխանները, դատաւորները ու ոստիկանները, և անոնց ըսաւ, Ես ծերացայ ու տարիքս առի. 3Եւ դուք տեսաք այն ամէնը, զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեր առջև ըրաւ այս բոլոր ազգերուն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի համար պատերազմ ըրաւ։ 4Նայեցէք, ես ձեզի այս մնացած ազգերը վիճակով ժառանգութիւն բաժնեցի ձեր ցեղերուն համեմատ, Յորդանանէ, իմ կոտրած բոլոր ազգերովս մէկտեղ, մինչև մեծ ծովը դէպ ի արեւմուտք։ 5Եւ ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեր առջեւէն պիտի հալածէ զանոնք ու պիտի վռնտէ, և անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ըսաւ։ 6Ուստի խիստ ժիր եղէք, որպէս զի Մովսէսի օրինաց գիրքին մէջ գրուած բոլոր բաները զգուշութեամբ ի գործ դնէք, ու անկէ աջ կողմը կամ ձախ կողմը չխոտորիք. 7Որպէս զի ձեր քով մնացած այս ազգերուն հետ չխառնուիք, ու անոնց աստուածներուն անունները չյիշէք, և անոնցմով երդում չընէք, ու անոնց չծառայէք և անոնց երկրպագութիւն չընէք. 8Հապա ձեր Տէր Աստուծոյն յարիք, ինչպէս մինչև այսօր ըրիք։ 9Եւ Տէրը ձեր առջեւէն մեծ ու զօրաւոր ազգեր վռնտեց, ու մինչև այսօր բնաւ մէկը չկրցաւ ձեզի դէմ դնել։ 10Ձեզմէ մէկը անոնց հազարը պիտի հալածէ, քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի համար կը պատերազմի, ինչպէս ձեզի ըսաւ։ 11Ուստի ձեր անձերուն աղէկ զգուշութիւն ընէք, որպէս զի ձեր Տէր Աստուածը սիրէք։ 12Բայց եթէ անկէ դառնալու ըլլաք, ու ձեր քով մնացած այս ազգերուն մնացորդին յարիք, և անոնց հետ խնամութիւն ընէք, ու դուք անոնց հետ խառնուիք, և անոնք ալ ձեզի հետ, 13Ստոյգ գիտցէք որ ձեր Տէր Աստուածը մէյմըն ալ այս ազգերը ձեր առջեւէն պիտի չվռնտէ. հապա անոնք ձեզի որոգայթ ու գայթակղութիւն պիտի ըլլան, և ձեր կողերուն խթաններ, ու ձեր աչքերուն փուշեր, մինչև որ բնաջինջ ըլլաք այս բարի երկրին վրայէն զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ 14Եւ ահա ես այսօր ամէն երկրին ճամբան կ’երթամ, ու դուք ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգւովը գիտէք որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարի խօսքեր որ ըսաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնն ալ ձեր վրայ կատարուեցան, անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ: 15Ու ինչպէս ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի համար ըրած ամէն բարի խօսքերը ձեր վրայ կատարուեցան, նոյնպէս Տէրը ամէն չար խօսքերը ձեր վրայ պիտի բերէ, մինչև որ բնաջինջ ընէ ձեզ այս բարի երկրին վրայէն, զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ 16Եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի պատուիրած ուխտը զանց ընէք, ու երթաք օտար աստուածներ պաշտէք, և անոնց երկրպագութիւն ընէք, Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ պիտի բորբոքի, ու այն ձեզի տուած բարի երկրին վրայէն շուտով պիտի կորսուիք։ կը խօսի