Հեսույի գիրք
3
Իսրայէլացիները Յորդանանէն կ’անցնին
1Ու Յեսու առտուանց կանուխ ելաւ. և ինք ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Սատիմէ չուեցին, ու մինչև Յորդանան եկան, և անցնելէ առաջ հոն իջեւան ըրին։ 2Ու երեք օրէն ետքը ոստիկանները բանակին մէջէն անցան, 3Եւ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսին, Երբ ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտին տապանակը տեսնէք, ու Ղեւտացի քահանաները՝ որոնք զանիկա կը տանին, դուք ալ ձեր տեղերէն ելէք, ու անոր ետեւէն գացէք։ 4Բայց ձեր ու անոր մէջտեղ երկու հազար կանգունի չափ միջոց պիտի ըլլայ. անոր չմօտենաք, որպէս զի երթալու ճամբանիդ գիտնաք. քանզի ասկէ առաջ այս ճամբայէն անցած չէք։ 5Եւ Յեսու ժողովուրդին ըսաւ, Սրբեցէք ձեր անձերը. քանզի Տէրը վաղը ձեր մէջ հրաշքներ պիտի ընէ։ 6Անկէ ետև Յեսու քահանաներուն խօսեցաւ՝ ըսելով, Ուխտին տապանակը վերցուցէք, ու ժողովուրդին առջև անցէք։ Ուստի անոնք ուխտին տապանակը վերցուցին, ու ժողովուրդին առջեւէն գացին։ 7Եւ Տէրը ըսաւ Յեսուի, Այսօր պիտի սկսիմ բոլոր Իսրայէլի աչքին առջև քեզ մեծցնել, որպէս զի գիտնան թէ ինչպէս Մովսէսի հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ 8Հիմա դուն ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն պատուիրելով՝ ըսես, Երբ Յորդանանու ջուրին եզերքը հասնիք, Յորդանանու մէջ կայնեցէք։ 9Ու Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ, Հոս մօտեցէք, և ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքերը մտիկ ըրէք։ 10Ու Յեսու ըսաւ, Ասով պիտի գիտնաք, որ կենդանի Աստուածը ձեր մէջ է, ու ձեր առջեւէն Քանանացիները, Քետացիները, Խեւացիները, Փերեզացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիները ու Յեբուսացիները բոլորովին պիտի վռնտէ։ 11Ահա բոլոր երկրի Տէրոջը ուխտին տապանակը ձեր առջև պիտի անցնի Յորդանանու մէջ։ 12Եւ հիմա դուք Իսրայէլի ցեղերէն տասուերկու մարդ առէք. ամէն ցեղէն մէյմէկ մարդ։ 13Ու երբ բոլոր երկրի Եհովա Տէրոջը տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը Յորդանանու ջուրին մէջ մտնեն, Յորդանանու ջուրը պիտի կտրի, ու վերէն իջնող ջուրը կարկառակոյտի մը պէս պիտի կայնի։ 14Ու երբ ժողովուրդը Յորդանանէ անցնելու համար իրենց վրաններէն չուեցին, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները ժողովուրդին առջեւէն կ’երթային: 15Ու տապանակը վերցնողները մինչև Յորդանան հասնելով՝ տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը ջուրին եզերքը մխուածին պէս՝ (վասն զի հունձքի բոլոր ժամանակը Յորդանանու ջուրը առատանալով իր բոլոր եզերքները կը կոխէ,) 16Այն ատեն վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ, ու Սարթանի քով եղող Ադամ քաղաքէն շատ հեռու կարկառակոյտի մը պէս բարձրացաւ. ու դաշտի ծովը, այսինքն Աղի ծովը, իջնողը լմնցաւ կտրեցաւ. և ժողովուրդը Երիքովի դիմաց անցաւ։ 17Ու Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանու մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան. ու բոլոր Իսրայէլ ցամաքով անցաւ, մինչև որ բոլոր ժողովուրդին Յորդանանէ անցնիլը լմնցաւ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981