Հեսույի գիրք
4
Յիշատակի քարեր կը կանգնեցնեն
1Ու երբ բոլոր ժողովուրդին Յորդանանէ անցնիլը լմնցավ, Տէրը խոսեցաւ Յեսուի ու ըսաւ, 2Ժողովուրդէն տասուերկու մարդ առէք, ամեն ցեղէն մէյմէկ մարդ, 3Ու անոնց պատուիրելով ըսէք, Ասկէ Յորդանանու մէջէն, քահանաներուն ոտքերուն ամուր կեցած տեղէն, ձեզի տասուերկու քար վերցուցէք, և զանոնք ձեզի հետ տարէք, ու դրէք այն տեղը՝ ուր այս գիշեր իջեւան պիտի ընէք։ 4Եւ Յեսու Իսրայէլի որդիներէն իր որոշած տասուերկու մարդիկը կանչեց, ամեն ցեղէն մէյմէկ մարդ. 5Ու Յեսու անոնց ըսաւ, Յորդանանու մէջ ձեր Տէր Աստուծոյն տապանակին առջև անցէք, ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը՝ ամէն մէկդ ձեր ուսերուն վրայ մէյմէկ քար վերցուցէք անկէ. 6Որպէս զի ասիկա ձեր մէջ նշան ըլլայ. ու երբ վաղը ձեր որդիները ձեզի հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ Այս քարերը ի՞նչ պիտի ըլլան ձեզի, 7Անոնց ըսէք, Քանզի Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւէն Յորդանանու ջուրերը կտրուեցան. երբ անիկա Յորդանանէ կ’անցնէր Յորդանանու ջուրը կտրուեցաւ, ու այս քարերը Իսրայէլի որդիներուն մեջ յիշատակի համար պիտի ըլլան յաւիտեան։ 8Եւ Իսրայէլի որդիները Յեսուի պատուիրածին պէս ըրին. ու Յորդանանու մէջէն տասուերկու քար առին, Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, ինչպէս Տէրը Յեսուի հրամայեր էր, և զանոնք իրենց հետ իջեւանի տեղը տարին, ու հոն դրին։ 9Եւ Յեսու ուրիշ տասուերկու քարեր ալ կանգնեց Յորդանանու մէջ, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերուն կեցած տեղը, ու մինչև այսօր հոն են։ 10Եվ տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանու մէջ կայնեցան, մինչև որ լմնցաւ այն բոլոր խօսքը զոր Տէրը Յեսուի պատուիրեց՝ ժողովուրդին ըսել, ինչպէս Մովսէս Յեսուի պատուիրեր էր. և ժողովուրդը արտորալով անցաւ։ 11Ու երբ բոլոր ժողովուրդին անցնիլը լմնցաւ, այն ատեն Տէրոջը տապանակը ու քահանաները ժողովուրդին առջև անցան։ 12Եւ Ռուբէնի որդիները ու Գադի որդիները և Մանասէի կէս ցեղը սպառազինեալ՝ Իսրայէլի որդիներուն առջև անցան, ինչպէս Մովսէս անոնց ըսեր էր. 13Քառասուն հազարի չափ պատրաստուած զօրք Տէրոջը առջև՝ պատերազմի համար Երիքովի դաշտը անցան։ 14Նոյն օրը Տէրը բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջև Յեսուն մեծցուց, ու անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ՝ Մովսէսէ վախցածնուն պէս անկէ կը վախնային։ 15Եւ Տէրը խօսեցաւ Յեսուի՝ ըսելով, 16Վկայութեան տապանակը վերցնող քահանաներուն հրաման ըրէ որ Յորդանանէ ելլեն։ 17Ուստի Յեսու քահանաներուն հրամայեց ու ըսաւ, Յորդանանէ ելէք։ 18Ու երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանու մէջէն ելան, և քահանաներուն ոտքերուն թաթերը ցամաքի վրայ կոխեցին, Յորդանանու ջուրը իր տեղը դարձաւ, ու առաջուան պէս իր բոլոր եզերքներուն վրայ քալեց։ 19Եւ առաջին ամսուն տասներորդ օրը ժողովուրդը Յորդանանէ դուրս ելլելով, Գաղգաղայի մէջ Երիքովի արեւելեան կողմը իջեւան ըրին։ 20Եւ այն տասուերկու քարը զորոնք Յորդանանէ առեր էին, Յեսու Գաղգաղայի մէջ կանգնեց. 21Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսեցաւ՝ ըսելով, Վաղը եթէ ձեր որդիները իրենց հայրերուն հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ Այս քարերը ի՞նչ են, 22Ձեր տղոց իմացնէք՝ ըսելով, Իսրայէլ այս Յորդանանէն ցամաքով անցաւ։ 23Որովհետև ձեր Տէր Աստուածը ձեր առջեւէն Յորդանանու ջուրերը ցամքեցուց մինչև որ դուք անցաք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, զոր ցամքեցուց մեր առջեւէն մինչև որ մենք անցանք: 24Որպէս զի երկրի ամէն ազգերը գիտնան որ Տէրոջը ձեռքը զօրաւոր է, և դուք ձեր Տէր Աստուծմէն միշտ վախնաք։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981