Հեսույի գիրք
9
Քետացիները կը խաբեն Յեսուին
1Ու երբ Յորդանանու ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորները, որոնք լեռան վրայ, դաշտի վրայ ու մեծ ծովուն բոլոր եզերքը մինչև Լիբանանի դիմաց կը բնակէին, այսինքն Քետացիք, Ամօրհացիք, Քանանացիք, Փերեզացիք, Խեւացիք ու Յեբուսացիք, այս բաները լսեցին, 2Միաբանութեամբ ժողվուեցան որպէս զի Յեսուի ու Իսրայէլի դէմ պատերազմին։ 3Բայց Գաբաւոնի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Յեսու Երիքովի ու Գայիի ըրեր էր, 4Իրենք ալ վարպետութիւն մը բանեցուցին. գացին պաշարներ պատրաստեցին, ու իրենց էշերուն վրայ հին քուրձեր ու հին, պատռուած ու կարկտուած գինիի տիկեր դրին, 5Եւ իրենց ոտքերուն կօշիկները հինցած ու կարկտուած էին, ու վրանին ալ հին լաթեր առին. և բոլոր իրենց պաշար առած հացը չորցած ու մգլած էր. 6Ու բանակը գացին Յեսուի՝ Գաղգաղայի մէջ, և անոր ու Իսրայէլի մարդոցն ըսին, Մենք հեռու երկրէ կու գանք. ուստի հիմա մեզի հետ դաշնակցութիւն ըրէք։ 7Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը այն Խեւացիներուն ըսին, Գուցէ դուք մեր մէջ կը բնակիք, ու ձեզի հետ ինչպէս դաշնակցութիւն ընենք։ 8Բայց անոնք Յեսուի ըսին, Մենք քու ծառաներդ ենք. և Յեսու անոնց ըսաւ, Դուք ո՞վ էք և ուրկէ՞ կու գաք։ 9Ու անոր ըսին, Քու ծառաներդ խիստ հեռու երկրէ եկած են քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար, քանզի անոր համբաւը ու Եգիպտոսի մէջ բոլոր ըրածները լսեցինք. 10Ու նաև Յորդանանու անդիի կողմը բնակող Ամօրհացւոց երկու թագաւորներուն, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին ու Աստարովթ բնակող Բասանի Ովգ թագաւորին, դէմ բոլոր ըրած բաները լսեցինք. 11Եւ մեր ծերերը ու մեր երկրին բոլոր բնակիչները մեզի խօսեցան ու ըսին, Ձեռքերնիդ ճամբու համար պաշար առէք, և զանոնք դիմաւորելու գացէք, ու անոնց ըսէք, Մենք ձեր ծառաներն ենք, հիմա մեզի հետ դաշնակցութիւն ըրէք։ 12Այն օրը որ մենք ելանք ձեզի գալու համար, այս պաշարի հացերնիս մեր տուներէն տաք առինք, և ահա հիմա չորցած ու մգլած են. 13Եւ այս գինիի տիկերը նոր էին, երբ լեցուցինք, բայց ահա պատռուած են. ու այս մեր հանդերձները և կօշիկները ճամբուն խիստ երկայնութեանը համար հինցան։ 14Ու անոնց պաշարին նայելով՝ այն մարդիկը ընդունեցին, ու Տէրոջը չհարցուցին։ 15Եւ Յեսու անոնց հետ խաղաղութիւն ըրավ, ու անոնց ուխտեց որ զանոնք ապրեցնէ. և ժողովքին իշխաններն ալ անոնց երդում ըրին։ 16Ու անոնց հետ դաշնակցութիւն ընելէ երեք օր ետքը լսեցին որ անոնք իրենց դրացիներն են, ու իրենց մէջ կը բնակին։ 17Եւ Իսրայէլի որդիները չուելով՝ երրորդ օրը անոնց քաղաքները մտան. ու անոնց քաղաքները Գաբաւոն, Կեփիրա, Բերովթ և Կարիաթարիմ էին։ 18Ու Իսրայէլի որդիները զանոնք չզարկին, քանզի ժողովքին իշխանները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրեր էին. բայց բոլոր ժողովքը իշխաններուն դէմ տրտնջեցին։ 19Եւ ամէն իշխանները բոլոր ժողովքին ըսին, Մենք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրինք, ու հիմա չենք կրնար անոնց դպչիլ։ 20Անոնց այսպէս ընենք. զանոնք ողջ թողունք, որպէս զի մեր վրայ բարկութիւն չգայ անոնց երդում ընելնուս համար։ 21Ոõստի իշխանները անոնց ըսին, Թող ողջ մնան, բայց բոլոր ժողովքին փայտակոտորներ ու ջրկիրներ ըլլան. և փայտակոտորներ ու ջրկիրներ եղան, ինչպէս իշխանները անոնց ըսին։ 22Ետքը Յեսու զանոնք կանչեց, ու անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով, Ինչո՞ւ համար մեզ խաբեցիք ու ըսիք թէ Ձեզմէ շատ հեռու ենք, ու դուք մեր մէջ կը բնակիք։ 23Ուրեմն դուք հիմա անիծեալ էք, ու իմ Աստուծոյս տանը համար ձեզմէ ծառայ, փայտակոտոր ու ջրկիր չպակսի։ 24Եւ անոնք Յեսուի պատասխան տուին ու ըսին, Քանզի քու ծառաներդ ստուգիւ իմացան, որ քու Եհովա Աստուածդ իր ծառային Մովսէսի հրամայեր է այս բոլոր երկիրը ձեզի տալու, ու այս երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն բնաջինջ ընելու. ուստի մենք ձեր պատճառաւ մեր անձերուն համար շատ վախցանք ու այս բանը ըրինք։ 25Եւ ահա հիմա քու ձեռքդ ենք. քեզի ինչ որ հաճոյ ու արդար կ’երեւնայ, զայն ըրէ մեզի։ 26Ուստի անոնց այնպէս ըրաւ, և զանոնք Իսրայէլի որդիներուն ձեռքէն ազատեց, ու զանոնք չմեռցուցին։ 27Եւ Յեսու նոյն օրը փայտակոտոր ու ջրկիր ըրաւ զանոնք ժողովքին ու Տէրոջը սեղանին համար, որպէս զի Տէրոջը ընտրելու տեղը ծառայեն մինչև այսօր։