Երեմիայի մարգարեյի ողբերը
1
Երուսաղէմի ցաւերը
1Ի՜նչպէս առանձին կը նստի բազմամարդ քաղաքը. Ազգերուն մէջ մեծ եղողը որբևարիի պէս եղաւ, Գաւառներուն մէջ իշխանուհի եղողը հարկատու եղաւ: 2Գիշերը անդադար կու լայ, ու իր արցունքները իր այտերուն վրայ են. Անոր բոլոր սիրելիներէն անոր մխիթարութիւն տուող չկայ Անոր բոլոր բարեկամները անոր նենգութիւն ըրին, անոր թշնամի եղան: 3Յուդա տառապանքի և խիստ ծառայութեան համար գերի քշուեցաւ. Հեթանոսներուն մէջ կը բնակի, հանգÁստութիւն չգտներ. Անոր բոլոր հալածիչները անոր նեղութիւններուն մէջ անոր վրայ հասան: 4Սիօնի ճամբաները սուգ կը բռնեն` հանդիսաւոր տօներուն եկողներ չըլլալուն համար. Անոր բոլոր դռները ամայացած են, անոր քահանաները կը հեծեն. Անոր կոյսերը կը տրտմին, ու ինք դառնութեան մէջ է: 5Անոր նեղիչները իշխան եղան, անոր թշնամիները յաջողութիւն գտան, Վասն զի Տէրը զանիկա տրտմութեան մատնեց անոր շատ յանցանքներուն համար. Անոր պզտիկ տղաքը թշնամիին առջևէն գերի գացին: 6Եւ Սիօնի աղջիկէն իր բոլոր վայելչութիւնը գնաց. Անոր իշխանները ճարակ չգտնող եղջերուներու պէս եղան, Ու հալածողին առջևէն առանց ուժի կ’երթան: 7Երուսաղէմ իր տառապանքի ու թշուառութեան օրերը` Իր առաջուան ունեցած բոլոր ցանկալի բաները յիշեց, Երբ իր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքը ինկաւ, ու իրեն օգնութիւն ընող չեղաւ. Թշնամիները զանիկա տեսան ու անոր կործանումին վրայ խնդացին: 8Երուսաղէմ ծանր մեղք գործեց, անոր համար պիղծ սեպուեցաւ. Զանիկա ամէն պատուողները զանիկա անարգեցին, վասն զի անոր մերկութիւնը տեսան Անիկա ալ հառաչեց ու ետ դարձաւ: 9Անոր պղծութիւնը իր քղանցքներուն վրայ է, անիկա իր վախճանը չյիշեց, Ու զարմանալի կերպով մը նուաստացաւ. անիկա մխիթարիչ չունի: Ով Տէր, իմ տառապանքիս նայէ, վասն զի թշնամին հպարտացաւ, 10Անոր բոլոր ցանկալի բաներուն` թշնամին ձեռք երկնցուց. Քանզի հեթանոսները տեսաւ որ իր սրբարանին մէջ մտան, Որոնց համար դուն պատուիրեր էիր որ անոնք քու ժողովքիդ մէջ չմտնեն: 11Անոր բոլոր ժողովուրդը հաց փընտռելէն հառաչեց Իրենց հոգին ուժովցնելու համար` իրենց ցանկալի բաները կերակուրի փոխարէն տուին. Տես, ով Տէր, ու նայէ, վասն զի անարգուեցայ: 12Արդեօք հոգ չէ՞ք ըներ, ով բոլոր ճամբայէ անցնողներ Նայեցէք ու տեսէք, թէ արդեօք իմ ցաւիս պէս ցաւ կա՞յ` որ իմ վրաս եկաւ. Վասն զի Տէրը զիս նեղեց իր սաստիկ բարկութեան օրը. 13Բարձրէն իմ ոսկորներուս կրակ ղրկեց` որ անոնց տիրեց. Ոտքերուս ցանց տարածեց և զիս ետ դարձուց. Զիս ամայի ըրաւ ու բոլոր օրը զիս մարած թողուց: 14Իմ յանցանքներուս լուծը անոր ձեռքով կապուեցաւ. Անոնք միացան ու իմ պարանոցիս վրայ ելան. իմ ոյժս կտրեց. Տէրը զիս այնպիսի ձեռքերու մատնեց` որ անոնցմէ չեմ կրնար ազատիլ: 15Տէրը իմ մէջս իմ բոլոր զօրաւորներս անարգեց Իմ երիտասարդներս կոտրելու համար իմ վրաս ժողովք կանչեց. Տէրը Յուդայի կոյս աղջիկը հնձանի մէջ կոխեց. 16Անոր համար կու լամ, աչքերս, աչքերս արցունք կ’իջեցնեն. Վասն զի ինծմէ հեռացաւ մխիթարիչը, որ իմ հոգիս պիտի նորոգէր. Իմ տղաքս նուաղեցան, վասն զի թշնամին զօրացաւ: 17Սիօն իր ձեռքերը տարածեց, անոր մխիթարութիւն տուող չկայ. Տէրը Յակոբի համար հրամայեց` որ անոր թշնամիները զանիկա շրջապատեն. Երուսաղէմ անոնց մէջ դաշտանաւոր կնոջ պէս եղաւ: 18Տէրը արդար է, վասն զի անոր հրամանին ապստամբ եղայ. Հիմա, ով բոլոր ժողովուրդներ, մտիկ ըրէք ու իմ ցաւս տեսէք. Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս գերության գացին: 19Իմ սիրականներս կանչեց, անոնք զիս խաբեցին. Իմ քահանաներս ու ծերերս քաղաքին մէջ հոգինին աւանդեցին, Երբ իրենց համար կերակուր կը փընտռէին` իրենց հոգին ուժովցնելու համար: 20Ով Տէր, նայէ, վասն զի նեղուեցայ, աղիքներս խռովեցան. Սիրտս ներսիդիս տակնուվրայ է, վասն զի խիստ շատ ապստամբեցայ. Դուրսէն սուրը զիս կը զրկէ ու ներսը մահ կայ: 21Իմ հառաչանքս լսեցին, բայց ինծի մխիթարութիւն տուող չկայ. Իմ բոլոր թշնամիներս իմ թշուառութիւնս լսելով ուրախացան, վասն զի դուն ըրիր ասիկա. Կանչած օրդ պիտի բերես, ու անոնք ինծի պէս պիտի ըլլան: 22Անոնց բոլոր չարութիւնը թող քու առջևդ հասնի. Եւ անոնց այնպէս ըրէ, ինչպէս ինծի ըրիր իմ բոլոր յանցանքներուս համար. Վասն զի իմ հեծութիւններս շատ են ու իմ սիրտս նուաղած է:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981