Երեմիայի մարգարեյի ողբերը

2

Տէրոջը պատիժը Երուսաղէմի

1Ի՜նչպէս Տէրը իր բարկութիւնովը խաւարով ծածկեց Սիօնի աղջիկը. Իսրայէլի փառքը երկինքէն վար նետեց, Ու իր բարկութեան օրը իր ոտքերուն պատուանդանը չյիշեց: 2Տէրը առանց խնայելու Յակոբի բոլոր բնակարանները կլլեց, Յուդայի աղջկան ամրոցները իր բարկութիւնովը փլցուց ու հիմնայատակ ըրաւ, Թագաւորութիւնը ու անոր իշխանները պղծեց: 3Սաստիկ բարկութեամբ Իսրայէլի բոլոր եղջիւրը փշրեց. Անոր աջ ձեռքը թշնամիին երեսէն ետ դարձուց, Եւ Յակոբի մէջ կրակի բոցի պէս բռնկեցաւ, որ անոր բոլորտիքը կերաւ: 4Իր աղեղը թշնամիի պէս լարեց, իր աջ ձեռքովը հակառակորդի պէս կեցաւ, Եւ բոլոր աչքի հաճոյ եղողները մեռցուց, Իր բարկութիւնը կրակի պէս թափեց Սիօնի աղջկան խորանին մէջ: 5Տէրը թշնամիի պէս եղաւ, Իսրայէլը կլլեց, Անոր բոլոր պալատները կլլեց. անոր ամրոցները կործանեց, Եւ Յուդայի աղջկան մէջ ողբը ու կոծը շատցուց: 6Անոր հիւղը պարտէզի հիւղի պէս բռնութեամբ կործանեց, անոր ժողովատեղին աւրեց. Տէրը Սիօնի մէջ հանդիսաւոր տօնը ու շաբաթը մոռցուց, Եւ իր սաստիկ բարկութիւնովը թագաւորը ու քահանան անարգեց: 7Տէրը իր սեղանը մերժեց ու իր սրբարանէն զզուեցաւ, Անոր պալատներուն պարիսպները թշնամիին ձեռքը մատնեց. Անոնք Տէրոջը տանը մէջ հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս ձայն տուին: 8Տէրը խորհեցաւ Սիօնի աղջկան պարիսպը աւրել. Լարը քաշեց, իր ձեռքը կործանելէն ետ չդարձուց. Պատնէշին ու պարսպին սուգ բռնել տուաւ, անոնք մէկտեղ տրտմութեան մէջ են: 9Անոր դռները գետինը անցան, անոր նիգերը աւրեց ու կոտրեց. Անոր թագաւորը ու իշխանները ազգերուն մէջ են. օրէնք չկայ. Անոր մարգարէներն ալ Տէրոջմէ չեն գտներ: 10Սիօնի աղջկան ծերերը գետնի վրայ նստած` լուռ կը կենան. Իրենց գլխուն վրայ հող դրին, քուրձեր հագան, Երուսաղէմի կոյսերը գլուխնին գետինը իջեցուցին: 11Իմ ժողովուրդիս աղջկան բեկմանը համար աչքերս արցունք թափելէն աւրեցան, Աղիքներս խռովեցան, լեարդս գետինը թափեցաւ, Վասն զի տղաքները ու կաթնկերները քաղաքին հրապարակներուն մէջ կը մարին: 12Անոնք իրենց մայրերուն կ’ըսեն, Ո՞ւր է ցորեն ու . Երբ վիրաւորուածներու պէս կը մարին քաղաքին հրապարակներուն մէջ, Ու երբ իրենց հոգին կ’աւանդեն իրենց մայրերուն գիրկերուն մէջ: 13Քեզի ի՞նչ բան վկայութիւն բերեմ. քեզի ի՞նչ օրինակ բերեմ, ով Երուսաղէմի աղջիկ. Քեզ մխիթարելու համար քեզի ի՞նչ նմանութիւն բերեմ, ով Սիօնի կոյս աղջիկ. Քանզի քու խրամատութիւնդ ծովու չափ մեծ է. ո՞վ կրնայ քեզ բժշկել: 14Քու մարգարէներդ քեզի համար սնոտի ու յիմարական տեսիլքներ տեսան, Եւ քու անօրէնութիւնդ քեզի չյայտնեցին, որ քու գերութիւնդ ետ դարձնեն, Հապա քեզի համար սնոտի տեսիլքներ ու մոլորութիւններ տեսան: 15Բոլոր ճամբայէ անցնողները քեզի համար ծափ զարկին, Եւ սուլելով գլուխնին շարժեցին Երուսաղէմի աղջկան համար, Ու ըսին, Ա՞յս է այն քաղաքը որ Գեղեցկութեան կատարելութիւն ու Բոլոր երկրին ուրախութիւնը կ’ըսուէր: 16Քու բոլոր թշնամիներդ իրենց բերանը քու վրադ բացին. Եւ սուլելով ակռայ կրճտեցին ու ըսին, Զանիկա կլլեցինք. Ահա այս է մեր սպասած օրը, գտանք, տեսանք զանիկա: 17Տէրը իր խորհածը կատարեց, առաջին օրերէն պատուիրած խօսքը ի գործ դրաւ. Փլցուց ու չխնայեց, և թշնամին քու վրադ ուրախացուց, Քու թշնամիներուդ եղջիւրը բարձրացուց: 18Անոնց սիրտը Տէրոջը աղաղակեց. Ով Սիօնի աղջկան պարիսպը, ցորեկ ու գիշեր հեղեղի պէս արցունք թափէ. Քեզի հանգիստ մի տար, աչքիդ բիբը չդադարի: 19Ելիր, գիշերով աղաղակէ գիշերուան պահերուն սկիզբը. Քու սիրտդ ջուրի պէս թափէ Տէրոջը երեսին առջև Ձեռքերդ անոր վերցուր քու տղոցդ հոգիներուն համար, Որոնք ամէն փողոցներուն գլուխը անօթութենէ կը մարին: 20Տես, ով Տէր, ու նայէ, որո՞ւ այսպէս ըրիր. Միթէ կիները իրենց պտուղը, իրենց գրկած տղանքները, ուտե՞ն Քահանան ու մարգարէն Տէրոջը սրբարանին մէջ սպաննուի՞ն: 21Տղան ու ծերը փողոցներու մէջ գետնի վրայ պառկեցան, Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս սուրէն ինկան. Քու բարկութեանդ օրը զանոնք մեռցուցիր, մորթեցիր ու չխնայեցիր: 22Ամէն կողմէ իմ վախերս հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս կանչեցիր, Ու Տէրոջը բարկութեան օրը մնացորդ կամ ազատուած չմնաց. Իմ գրկածներս ու մեծցուցածներս իմ թշնամիս հատցուց:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)