Երեմիայի մարգարեյի ողբերը
5
Գութի խնդրանք
1Մեզի եղածը յիշէ, ով Տէր, Նայէ ու մեր նախատինքը տես: 2Մեր ժառանգութիւնը օտարներուն անցաւ, Մեր տուները` օտարազգիներուն: 3Հայր չունեցող որբեր եղանք, Մեր մայրերը որբևարիներու պէս են: 4Մեր ջուրը ստակով խմեցինք, Մեր փայտը գնով կու գայ: 5Լուծը մեր պարանոցին վրայ ըլլալով հալածուեցանք, Կ’աշխատինք ու հանգստութիւն չունինք: 6Հացով կշտանալու համար Դէպ ի Եգիպտոս ու Ասորեստան ձեռք երկնցուցինք: 7Մեր հայրերը մեղք գործեցին և չկան, Ու անոնց անօրէնութիւններուն պատիժը մենք կը կրենք: 8Ծառաներ տիրեցին մեր վրայ, Անոնց ձեռքէն մեզ ազատող չկայ: 9Անապատի սուրին երեսէն Մեր հացը մեր կեանքին վտանգովը ձեռք բերինք. 10Սովին սաստկութեանը պատճառաւ Մեր մորթը փուռի պէս սևցաւ. 11Կիները Սիօնի մէջ խայտառակեցին, Ու կոյսերը` Յուդայի քաղաքներուն մէջ: 12Խշխանները անոնց ձեռքով* կախուեցան. Ծերերուն երեսին պատիւ չըրին: 13Երիտասարդները երկանաքարեր վերցուցին, Ու տղաքը փայտի տակ ինկան: 14Ծերերը դադարեցան դուռը նստելէ. Ու երիտասարդները իրենց երաժըշտութենէն: 15Մեր սրտին ուրախութիւնը դադարեցաւ, Մեր կաքաւելը սուգի փոխուեցաւ: 16Մեր գլխուն թագը ինկաւ. Հիմա վա՜յ մեզի, վասն զի մեղք գործեցինք: 17Ասոր համար մեր սիրտը նուաղած է, Ասոնց պատճառաւ աչքերնիս խաւարեցան. 18Սիօն լեռանը պատճառաւ՝ որ ամայի եղաւ: Անոր վրայ աղուէսներ կը պտըտին: 19Դուն, ով Տէր, յաւիտեան կը մնաս. Քու աթոռդ դարէ դար կը տևէ: 20Ինչո՞ւ համար յաւիտեան մեզ կը մոռնաս. Ու երկար ժամանակ մեզ կը թողուս: 21Քեզի դարձուր մեզ, ով Տէր, ու դառնանք. Մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ: 22Սակայն դուն բոլորովին մեզ մերժեցիր, Մեր վրայ խիստ շատ բարկացար:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981