Ղևտացիների գիրք

1

Ողջակէզի պատարագներ

1Եւ Տէրը կանչեց Մովսէսը, ու ժողովքի խորանէն խûսեցաւ անոր` ըսելով, 2Խûսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, Եթէ ձեզմէ մէկը անասուններէն ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ձեր ընծան արջառներէն կամ հօտերէն պիտի մատուցանէք։ 3Եթէ անոր ընծան արջառներէն ողջակէզ է, արու անարատ պիտի մատուցանէ. ու ժողովքի խորանին դրանը քով պիտի մատուցանէ զայն, Տէրոջը առջև ընդունելի ըլլալու համար։ 4Եւ իր ձեռքը ողջակէզին գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու այն իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի պիտի ըլլայ։ 5Եւ զուարակը պիտի մորթէ Տէրոջը առջև. ու Ահարոնի որդիները, քահանաները, արիւն պիտի մօտեցնեն, և ժողովքի խորանին դրանը քով եղած սեղանին վրայ շուրջանակի պիտի սրսկեն արիւնը։ 6Եւ ողջակէզին մորթը պիտի հանէ, ու կտոր կտոր պիտի ընէ ողջակէզը ։ 7Եւ քահանային որդիները սեղանին վրայ կրակ պիտի դնեն, ու կրակին վրայ փայտեր շարեն. 8Եւ Ահարոնի որդիները, քահանաները, սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ պիտի շարեն կտորները, գլուխը ու ճարպը. 9Բայց անոր փորոտիքը ու ոտքերը ջրով պիտի լուայ, և քահանան պիտի այրէ ամէնը սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ ըլլալու համար։ 10Եւ եթէ անոր ողջակէզի ընծան հօտերէն, այսինքն ոչխարներէն կամ այծերէն է, արու անարատ պիտի մատուցանէ։ 11Եւ պիտի մորթէ զանիկա Տէրոջը առջև սեղանին հիւսիսային կողմը. ու Ահարոնի որդիները, քահանաները, սեղանին վրայ շուրջանակի պիտի սրսկեն անոր արիւնը։ 12Եւ կտոր կտոր պիտի ընէ զայն գլխովը ու ճարպովը. և քահանան սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ պիտի շարէ զանոնք։ 13Եւ փորոտիքը ու ոտքերը ջրով պիտի լուայ. ու քահանան ամէնը պիտի բերէ ու սեղանին վրայ այրէ. ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։ 14Եւ եթէ ողջակէզի համար Տէրոջը մատուցանելու ընծան թռչուններէն է, այն ատեն անիկա իր ընծան տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն պիտի մատուցանէ։ 15Եւ քահանան սեղանին մօտ բերէ զայն ու անոր գլուխը փրցնէ, և սեղանին վրայ պիտի այրէ, ու անոր արիւնը սեղանին մէկ քովը քամուի։ 16Եւ անոր կտնառքը ու աղբը պիտի զատէ, և սեղանին արեւելեան կողմը եղած մոխրանոցը նետէ։ 17Եւ զանիկա թեւերէն պիտի պատռէ առանց զատելու. ու քահանան պիտի այրէ զանիկա սեղանին վրայ, կրակին վրայի փայտերուն վրայ. ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981