Ղևտացիների գիրք
13
Մորթային ուռեցքներու համար օրէնքներ
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով, 2Մարդու մը մարմինին մորթին մէջ ուռեցք կամ քոս կամ պաղպաջ ըլլալով՝ անոր մարմինին մորթին մէջ բորոտութեան ախտին պէս նշան մը երեւնալու ըլլայ, այն ատեն անիկա Ահարոն քահանային, կամ անոր որդիներէն, քահանաներէն, մէկուն պիտի բերուի: 3Եւ քահանան պիտի նայի մարմինին մորթին մէջ եղած ախտին նշաններուն . ու եթէ ախտին մէջի մազերը ճերմակի դառնալով՝ ախտը մարմինին մորթէն խորունկ երևնայ, բորոտութեան ախտ է այն, և քահանան պիտի նայի անոր, ու պիտի ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը*։ 4Ապա եթէ անոր մարմինին մորթին մէջ պաղպաջը ճերմակ է ու մորթէն խորունկ չերեւնար, և մազն ալ ճերմակի դարձած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած պիտի պահէ ախտակիրը։ 5Եւ քահանան եօթներորդ օրը պիտի նայի անոր. ու եթէ ախտը դեռ կը կենայ, ու մորթին մէջ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր ալ գոցուած պիտի պահէ զանիկա։ 6Եւ քահանան եօթներորդ օրը նորէն պիտի նայի անոր, ու եթէ շլացած ըլլայ, ու մորթին մէջ տարածուած չըլլայ, քահանան պիտի ծանուցանէ անոր մաքուր ըլլալը*, ասիկա միայն քոս մըն է. և անիկա իր լաթերը պիտի լուայ, ու մաքուր ըլլայ։ 7Բայց եթէ իր մաքրուելուն համար քահանայէն նայուելէն ետքը՝ քոսը մորթին մէջ տարածուի, քահանան նորէն պիտի նայի անոր։ 8Եւ քահանային նայած ատենը եթէ քոսը մորթին մէջ տարածուած է, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը պիտի ծանուցանէ. բորոտութիւն է։ 9Երբ մարդու մը վրայ բորոտութեան ախտը ըլլայ, անիկա քահանային պիտի տարուի. 10Եւ քահանան պիտի նայի. և եթէ մորթին մէջ ճերմակ ուռեցք կայ ու ճերմակի դարձեր է մազը, և ուռեցքին մէջ ողջ միսի նշան կայ, 11Ասիկա անոր մարմինին մորթին մէջ հինցած բորոտութիւն է. և քահանան անոր անմաքուր ըլլալը պիտի ծանուցանէ, գոցուած չպահէ զանիկա, վասն զի անմաքուր է։ 12Եթէ բորոտութիւնը մորթին մէջ տարածուեր է, ու ախտակրին բոլոր մորթը գլխէն մինչև ոտքը, այսինքն քահանային աչքերուն բոլոր տեսած տեղը, բորոտութիւնը պատեր է, 13Եւ քահանան տեսնէ որ բորոտութիւնը անոր բոլոր մարմինը պատած է, այն ատեն ախտակրին մաքուր ըլլալը ծանուցանէ. քանզի բոլորովին ճերմակի դարձաւ, անիկա մաքուր է։ 14Բայց երբ անոր վրայ ողջ միս տեսնուի, անիկա անմաքուր պիտի ըլլայ։ 15Եւ քահանան պիտի տեսնէ ողջ միսը, և անոր անաքուր ըլլալը ծանուցանէ. ողջ միսը անմաքուր է. բորոտութիւն է։ 16Իսկ եթէ ողջ միսը փոխուի նորէն ու ճերմակի դառնալու ըլլայ, այն ատեն քահանային պիտի գայ. 17Եւ քահանան պիտի տեսնէ զանիկա. ու եթէ ախտը ճերմակի դարձեր է, այն ատեն քահանան ախտակրին մաքուր ըլլալը ծանուցանէ, անիկա մաքուր է։ 18Եւ եթէ մարմինին մորթին մէջ պալար ըլլայ ու առողջանայ, 19Եւ պալարին տեղը ճերմակ ուռեցք կամ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ ըլլայ, քահանային պիտի ցուցուի այն։ 20Եւ երբ քահանան տեսնէ որ մորթէն ցած կ’երեւնայ, և մազը ճերմակի դարձած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը ծանուցանէ. անիկա պալարէ ելած բորոտութեան ախտ է. 21Եւ եթէ քահանան տեսնէ որ ճերմակ մազ չկայ անոր մէջ, ու մորթէն ցած չէ՝ բայց շլացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած պիտի պահէ զանիկա։ 22Եւ եթէ մորթին մէջ տարածուած է, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը ծանուցանէ. ախտ է այն։ 23Բայց եթէ պաղպաջը իր տեղը կը կենայ ու չէ տարածուեր, պալարին սպին է. և քահանան անոր մաքուր ըլլալը պիտի ծանուցանէ։ 24Իսկ եթէ մարմինին մորթին մէջ կրակի այրած ըլլայ, ու այրածին նշանը* քիչ մը կարմրած ճերմակ կամ բոլորովին ճերմակ պաղպաջ ըլլայ, 25Քահանան անոր նայած ատենը՝ եթէ պաղպաջին մէջ մազը ճերմակի դարձած է, ու մորթէն խորունկ կ’երևնայ, անիկա այրածէն առաջ եկած բորոտութիւն է. և քահանան անոր անմաքուր ըլլալը ծանուցանէ. անիկա բորոտութեան ախտ է: 26Բայց եթէ քահանային նայած ատենը, պաղպաջին մէջ մազը ճերմակ չէ, ու մորթէն խորունկ չէ, հապա շլացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած պիտի պահէ զանիկա: 27Եւ եօթներորդ օրը քահանան պիտի նայի անոր. եթէ մորթին մէջ տարածուած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը ծանուցանէ. անիկա բորոտութեան ախտ է: 28Եւ եթէ պաղպաջը իր տեղը կը կենայ ու մորթին մէջ տարածուած չէ, հապա շլացած է, անիկա այրածին ուռեցքն է. և քահանան անոր մաքուր ըլլալը ծանուցանէ. վասն զի այրածին սպին է: 29Եւ եթէ մարդու մը կամ կնոջ մը գլուխը կամ կզակը ախտ մը ըլլայ. 30Քահանան պիտի տեսնէ ախտը, և եթէ մորթէն խորունկ երեւնայ, ու անոր մէջ բարակ դեղին մազ ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը պիտի ծանուցանէ. անիկա գոնջութիւն է, գլխի կամ կզակի բորոտութիւն է: 31Եւ եթէ քահանան գոնջութեան ախտը տեսնէ որ մորթէն խորունկ չերեւնար, ու անոր մէջ սև մազ չկայ, այն ատեն քահանան գոնջութեամբ ախտացածը եօթը օր գոցուած պիտի պահէ: 32Եւ եօթներորդ օրը քահանան ախտակրին պիտի նայի, ու եթէ գոնջութիւնը տարածուած չէ, և անոր մէջ դեղին մազ չկայ, ու գոնջութիւնը մորթէն խորունկ չերեւնար, 33Անիկա պիտի ածիլուի, բայց գոնջութիւնը պիտի չածիլէ. և քահանան եօթը օր ալ գոցուած պիտի պահէ գոնջութիւն ունեցողը: 34Եւ եօթներորդ օրը քահանան գոնջութիւն ունեցողին պիտի նայի. և եթէ գոնջութիւնը մորթին մեջ տարածուած չէ, ու մորթէն խորունկ չերեւնար, այն ատեն քահանան անոր մաքուր ըլլալը ծանուցանէ. և անիկա իր լաթերը պիտի լուայ, ու մաքուր ըլլայ: 35Բայց եթէ իր մաքըրուելէն ետքը գոնջութիւնը մորթին մէջ տարածուի, 36Այն ատեն քահանան պիտի նայի անոր. և եթէ գոնջութիւնը մորթին մէջ տարածուած է, այն ատեն քահանան ա՛լ դեղին մազ պիտի չփնտռէ. անիկա անմաքուր է: 37Բայց եթէ գոնջութիւնը եղածին պէս կր կենայ, և անոր մէջ սև մազ բուսեր է, գոնջութիւնը բժըշկուած է. անիկա մաքուր է, ու քահանան անոր մաքուր ըլլալը ծանուցանէ: 38Եւ եթէ մարդ մը կամ կին մը իր մարմինին մորթին մէջ պաղպաջներ, այսինքն ճերմակ պաղպաջներ, ունենայ, 39Այն ատեն քահանան պիտի նայի, և եթէ անոնց մարմիններուն մորթին մէջի պաղպաջներր շլացած ճերմակ ըլլան, անիկա մորթին մէջ գոյացած պիսակ է. անիկա մաքուր է: 40Եւ եթէ մարդու մը գլխուն մազը թափելու ըլլայ, անիկա կնտակ է, բայց մաքուր է: 41Եւ եթէ անոր երեսին կողմէն գլխուն մազերը ինկած ըլլան, անիկա ճեղ է, բայց մաքուր է: 42Հապա եթէ կնտութեան կամ ճեղութեան մէջ քիչ մը կարմրած ճերմակ վէրք մը ըլլայ, այն անոր կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ գոյացած բորոտութիւն է: 43Այն ատեն քահանան պիտի նայի անոր. և եթէ անոր կնտութեանը կամ՝ ճեղութեանը մէջ, վէրքին ուռեցքը քիչ մը կարմրած ճերմակ ըլլայ, մարմինին մորթին մէջ եղած բորոտութեան երեւոյթին պէս, 44Այն մարդը բորոտ է, անմաքուր է. քահանան անպատճառ անոր անմաքուր ըլլալը պիտի ծանուցանէ. անոր ախտը իր գլուխն է: 45Եւ ախտ ունեցող բորոտին հանդերձը պատռուած պիտի ըլլայ, և անոր գլուխը մերկ, ու անոր շրթունքները ծածկուած պիտի ըլլան, և ձայն պիտի տայ թէ Անմաքուր եմ, անմաքուր: 46Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պիտի նստի. անոր բնակութիւնը բանակեն դուրս պիտի ըլլայ:
Բորոտութեան համար օրէնքներ
47Եւ այն հանդերձը որուն մէջ բորոտութեան ախտ կայ, թէ՛ բուրդէ հանդերձ ըլլայ և թէ՛ քթանէ հանդերձ, 48Քթանեղէնի կամ՝ բրդեղէնի առէչի կամ թեզանի մէջ կամ մորթի մէջ և կամ մորթէ շինուած ամէն բանի մէջ, 49Այսինքն՝ եթէ հանդերձի կամ մորթի մէջ, կամ առէչի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթէ շինուած ամէն կերպ բանի մէջ քիչ մը կանանչ կամ կարմրած ախտի նշան ըլլայ, բորոտութեան ախտ է, ու քահանային պիտի ցուցուի: 50Եւ քահանան պիտի նայի ախտին, ու եօթը օր գոցուած պիտի պահէ ախտացեալ բանը։ 51Եւ եօթներորդ օրր ախտացեալ բանին պիտի նայի. եթէ ախտին նշանը տարածուած է հանդերձի մը մէջ, կամ առէչի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթի մէջ, և կամ գործածուելու համար մորթէ շինուած ամէն բանի մէջ, այս ախտը բորբոքած բորոտութիւն է. անմաքուր է։ 52Ուստի անիկա պիտի այրէ բրդեղէն կամ քթանեղէն հանդերձը, կամ առէչը կամ թեզանը, կամ ամէն կերպ մորթէ շինուած բանը որուն մէջ այն ախտը կայ. որովհետև բորբոքած բորոտութիւն է այն, կրակի մէջ պիտի այրուի։ 53Եւ եթէ քահանան տեսնէ որ ախտին նշանը հանդերձին մէջ, կամ առէչին կամ թեզանին մէջ, կամ ամէն կերպ մորթէ շինուած բանին մէջ տարածուած չէ, 54Այն ատեն քահանան պիտի հրամայէ որ այն ախտացեալ բանը լուան. ու նորէն եօթը օր գոցուած պիտի պահէ զայն։ 55Եւ ախտացեալ բանին լուացուելէն ետքը եթէ քահանան տեսնէ որ ախտի նշանը իր գոյնը չէ փոխեր, ու ախտը տարածուած ալ չէ, անիկա անմաքուր է. կրակի մէջ պիտի այրես զայն. անոր տակ կամ վրայ փտութիւն կայ։ 56Եւ եթէ քահանան տեսնէ որ անոր լուացուելէն ետքը ախտին նշանը շլացած է, այն ատեն այն ախտացեալ մասը հանդերձէն կամ մորթէն կամ առէչէն և կամ թեզանէն պիտի պատռէ: 57Եւ եթէ այն հանդերձին մէջ, կամ առէչին կամ թեզանին մէջ, կամ ամէն կերպ մորթէ շինուած բանին մէջ նորէն երեւնալու ըլլայ, անիկա տարածուած բորոտութիւն է. վրան ախտ ունեցող բանը կրակի մէջ այրես։ 58Եւ այն հանդերձը, կամ առէչը կամ թեզանը, կամ ամէն կերպ մորթէ շինուած բանը, որ լուացուելէն ետքը ախտը անկէ գացած է, նորէն պիտի լուացուի ու մաքուր ըլլայ։ 59Բուրդէ կամ քթանէ հանդերձի մէջ, կամ առէչի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթէ շինուած ամէն կերպ բանի մէջ երեւցած բորոտութեան ախտին օրէնքը այս է, անոր մաքուր կամ անմաքուր ըլլալը ծանուցանելու համար։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981