Ղևտացիների գիրք
16
Քաւութեան օրը
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ Ահարոնի երկու որդիներուն մեռնելէն ետքը, որոնք Տէրոջը առջև մօտեցան ու մեռան. 2Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, խօսէ քու եղբօրդ Ահարոնի որ ամէն ատեն սուրբ տեղը, վարագուրին ներսիդին, տապանակին վրայ եղած քաւութիւնին առջև չմտնէ, որպէս զի չմեռնի. վասն զի ամպի մէջ պիտի երեւնամ քաւութիւնին վրայ։ 3Ահարոն այս բաներով պիտի մտնէ սրբարանը. մեղքի պատարագի համար զուարակով մը, և ողջակէզի համար խոյով մը։ 4Կտաւէ սուրբ շապիկ պիտի հագնի, և իր մարմինին վրայէն կտաւէ վարտիք ունենայ, ու իր մէջքը կտաւէ գօտի կապէ, և իր գլուխը կտաւէ խոյր դնէ. ասոնք սուրբ զգեստներ են. ուստի իր մարմինը ջրով պիտի լուայ, ու զանոնք հագնի։ 5Եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովքէն մեղքի պատարագի համար այծերէն երկու նոխազ, ու ողջակէզի համար մէկ խոյ պիտի առնէ։ 6Եւ Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պիտի մատուցանէ, և իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն պիտի ընէ։ 7Եւ երկու նոխազը պիտի առնէ, ու Տէրոջը առջև ժողովքի խորանին դուռը կեցնէ։ 8Եւ Ահարոն այն երկու նոխազներուն վրայ վիճակներ պիտի ձգէ. մէկ վիճակը Տէրոջը համար՝ ու միւս վիճակը ազատ արձակուելու նոխազին համար։ 9Եւ Ահարոն պիտի մօտեցնէ այն նոխազը որուն վրայ Տէրոջը վիճակը ելաւ, ու մեղքի պատարագ ընէ զանիկա։ 10Եւ այն նոխազը որուն վրայ ազատ արձակուելու վիճակը ելաւ, Տէրոջը առջև ողջ պիտի կայնեցնէ՝ որպէս զի անով քաւութիւն ընէ, ու ազատ արձակելու համար դէպ ի անապատը ղրկէ։ 11Եւ Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պիտի մատուցանէ, և իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն պիտի ընէ, և իր մեղքի պատարագաին զուարակը մորթէ։ 12Եւ Տէրոջը առջև եղած սեղանին վրայէն բուրվառը լեցուն կրակի կայծեր պիտի առնէ, ու բարակ ծեծուած անուշահոտ խունկէն իր ձեռքերը լեցնէ, ու վարագուրին ներսիդին բերէ։ 13Եւ խունկը կրակին վրայ պիտի դնէ Տէրոջը առջև, ու խունկին մուխը վկայութիւնին վրայի քավութիւնը պիտի ծածկէ, որպէս զի չմեռնի։ 14Եւ զուարակին արիւնէն պիտի առնէ, ու իր մատով քաւութիւնին վրայ արեւելեան կողմը սրսկէ, և իր մատով արիւնէն քաւութիւնին առջև եօթը անգամ սրսկէ։ 15Եւ ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալու նոխազը պիտի մորթէ, ու անոր արիւնը վարագուրին ներսիդին պիտի բերէ, և զուարակին արիւնովը ըրածին պէս ընէ անոր արիւնովը, այսինքն քաւութիւնին վրայ ու քաւութիւնին առջև սրսկէ զայն։ 16Եւ սրբարանին համար քաւութիւն պիտի ընէ՝ Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն ու անոնց բոլոր մեղքերուն յանցանքներէն սրբելով զանիկա . այսպէս պիտի ընէ ժողովքի խորանին համար ալ, որ անոնց հետ ու անոնց անմաքրութիւններուն մէջ կը կենայ։ 17Եւ սրբարանը քաւութիւն ընելու մտած ատեն, մինչև որ իրեն համար ու իր տանը համար և Իսրայէլի բոլոր ժողովքին համար քաւութիւն ընէ ու դուրս ելլէ, ժողովքի խորանին մէջ մարդ մը պիտի չըլլայ։ 18Ետքը Տէրոջը առջև եղած սեղանը պիտի ելլէ, ու անոր համար քաւութիւն ընէ և զուարակին արիւնէն ու նոխազին արիւնէն առնէ, և սեղանին եղջիւրներուն վրայ շուրջանակի դնէ։ 19Եւ արիւնէն իր մատով եօթը անգամ անոր վրայ պիտի սրսկէ. ու Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն մաքրէ, ու սուրբ ընէ զայն։
Քաւութեան նոխազը
20Եւ սրբարանին ու ժողովքի խորանին և սեղանին համար քաւութիւն ընելը լմնցնելէն ետքը, ողջ նոխազը պիտի մօտեցնէ, 21Եւ Ահարոն իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները և անոնց բոլոր յանցանքները և բոլոր մեղքերը պիտի խոստովանի անոր վրայ. և զանոնք նոխազին գլխուն վրայ դնելով՝ յարմար մարդու մը ձեռքով անապատը ղրկէ։ 22Եւ նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ առած՝ անբնակ երկիր մը պիտի տանի. և մարդը անապատին մէջ թող տայ նոխազը։ 23Եւ Ահարոն ժողովքի խորանը պիտի մտնէ, ու սրբարանը մտնելու ժամանակին հագած կտաւէ հանդերձները հանէ, և զանոնք հոն դնէ։ 24Եւ սուրբ տեղը իր մարմինը ջրով պիտի լուայ, ու իր հանդերձները հագնի, և ելլէ իր ողջակէզը ու ժողովուրդին ողջակէզը մատուցանէ, ու իրեն համար և ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։ 25Եւ մեղքի պատարագին ճարպը սեղանին վրայ պիտի այրէ։ 26Եւ նոխազը ազատ արձակելու տանողը իր հանդերձները պիտի լուայ, ու իր մարմինը ջրով լուայ, և ետքը բանակը մտնէ։ 27Եւ այն մէղքի պատարագին զուարակը ու մեղքի պատարագին նոխազը, որոնց արիւնը քաւութիւն ընելու համար սուրբ տեղը բերուեցաւ, բանակէն դուրս պիտի հանեն, և անոնց մորթերը ու անոնց միսերը և անոնց աղբը կրակով այրեն։ 28Եւ զանոնք այրողը իր հանդերձները պիտի լուայ, ու մարմինը ջրով լուայ, ու ետքը բանակը մտնէ։
Դիտողութիւն քաւութեան օրուան
29Եւ այս ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ, որ եօթներորդ ամսուն մէջ՝ ամսուն տասներորդ օրը ձեր անձերը պիտի խոնարհեցնէք, ու բնաւ գործ մը չգործէք, թէ՛ երկրացին և թէ՛ ձեր մէջ գտնուող օտարականը։ 30Քանզի այն օրը քահանան ձեզի քաւութիւն պիտի ընէ ձեզ մաքրելու համար, որպէս զի ձեր բոլոր մեղքերէն մաքրուիք Տէրոջը առջև։ 31Այն ձեզի հանգստութեան շաբաթ պիտի ըլլայ, և յաւիտենական կանոնով մը պիտի խոնարհեցնէք ձեր անձերը: 32Եւ իր հօրը տեղը քահանայութիւն ընելու համար օծուած ու օրհնուած քահանան քաւութիւնը պիտի ընէ, և հագնի կտաւէ հանդերձները, այսինքն սուրբ հանդերձները. 33Եւ ամենասուրբ տեղին համար քաւութիւն պիտի ընէ, և ժողովքի խորանին համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընէ, և քահանաներուն ու ժողովքին բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ: 34Եւ ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն համար իրենց բոլոր մեղքերուն քաւութիւն ընելու տարին անգամ մը: Եւ անիկա Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս ըրաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981