Ղևտացիների գիրք
17
Արեան սուրբ ըլլալը
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Խօսէ Ահարոնի ու անոր որդիներուն և Իսրայէլի բոլոր որդիներուն, ու ըսէ անոնց, Այս է զոր Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով, 3Իսրայէլի տունէն ով որ արջառ մը կամ ոչխար մը և կամ այծ մը բանակին մէջ մորթէ, կամ բանակէն դուրս մորթէ, 4Եւ Տէրոջը խորանին առջև Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար ժողովքի խորանին դուռը չբերէ, արիւն պիտի սեպուի այն մարդուն. անիկա արիւն թափած է, ու այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի. 5Որպէս զի Իսրայէլի որդիները այն զոհերը զորոնք հիմա դաշտի մէջ կը մորթեն, Տէրոջը բերեն, այսինքն ժողովքի խորանին դուռը քահանային բերեն, և խաղաղութեան զոհերու համար զանոնք Տէրոջը զոհեն: 6Եւ քահանան պիտի սրսկէ արիւնը ժողովքի խորանին դուռը՝ Տէրոջը սեղանին վրայ, ու ճարպը անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը առջև: 7Եւ իրենց զոհերը ա՛լ չզոհեն դեւերուն, որոնց ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ իրենց ազգերուն մէջ: 8Եւ պիտի ըսես անոնց, Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ողջակէզ կամ զոհ մատուցանելու ըլլայ, 9Եւ զանիկա Տէրոջը մատուցանելու համար ժողովքի խորանին դուռը չբերէ, այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի: 10Եւ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ինչեւիցէ արիւն ուտելու ըլլայ, իմ երեսս այն արիւն ուտող անձին վրայ պիտի տնկեմ, ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ. 11Վասն զի մարմինին կենդանութիւնը արիւնին մէջ է. և ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է: 12Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի, Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ. ձեր մէջ պանդխտացած օտարականն ալ արիւն չուտէ: 13Եւ Իսրայէլի որդիներէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականէն մէկը ուտուելու անասունի կամ թռչունի որս որսալու ըլլայ, անոր արիւնը պիտի թափէ, ու հողով ծածկէ զայն: 14Վասն զի ամէն մարմինի կենդանութիւնը իր արիւնն է. անիկա է բուն կենդանութիւնը. ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի, Բնաւ մարմինի մը արիւնը պիտի չուտէք, քանզի ամէն մարմինի կենդանութիւնը իր արիւնն է. ով որ ուտէ զայն՝ պիտի կորսուի: 15Եւ երկրացիներէն կամ օտարականներէն՝ դի կամ գիշատուած ուտող ամէն մարդ իր լաթերը պիտի լուայ, ու ինք ջրով լուացուի, և մինչև իրիկուն անմաքուր ըլլայ, ու ետքը մաքուր ըլլայ. 16Բայց եթէ չլուայ զանոնք , և իր մարմինը չլուայ, այն ատեն իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ: