Ղևտացիների գիրք

18

Ապօրինի ամուսնութեան արգելք

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը: 3Այն ձեր բնակած Եգիպտոսի երկրին ըրածին պէս պիտի չընէք. և Քանանու երկրին ըրածին պէս՝ ուր ձեզ պիտի տանիմ, պիտի չընէք, ու անոնց կանոններուն համեմատ պիտի չքալէք: 4Իմ դատաստաններս պիտի ընէք, և իմ կանոններս պահէք, որպէս զի անոնցմով քալէք, ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ 5Ուստի իմ կանոններս ու իմ դատաստաններս պիտի պահէք, զորոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի. ես եմ Տէրը։ 6Բնաւ մէկը իր մօտ ազգականին չմօտենայ՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար. ես եմ Տէրը։ 7Քու հօրդ մերկութիւնը կամ քու մօրդ մերկութիւնը չբանաս. անիկա քու մայրդ է, անոր մերկութիւնը չբանաս, անիկա քու մայրդ է, անոր մերկութիւնը չբանաս, 8Քու հօրդ կնոջ մերկութիւնը չբանաս. անիկա քու հօրդ մերկութիւնն է։ 9Քու հօրդ աղջկան կամ քու մօրդ աղջըկան, քու քրոջդ, մերկութիւնը, թէ՛ տանը մէջ ծնած ըլլայ թէ՛ դուրսը ծնած, անոնց մերկութիւնը չբանաս: 10Քու որդւոյդ աղջկան կամ քու աղջկանդ աղջկան մերկութիւնը՝ անոնց մերկութիւնը չբանաս, վասն զի անոնց մերկութիւնը քուկդ է: 11Քու հօրդ կնոջ աղջկան մերկութիւնը, քու հօրմէդ ծնած քու քոյրդ ըլլալովը, անոր մերկութիւնը չբանաս: 12Քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը չբանաս. անիկա քու հօրդ ազգականն է: 13Քու մօրդ քրոջ մերկութիւնը չբանաս, վասն զի անիկա քու մօրդ ազգականն է: 14Քու հօրդ եղբօր մերկութիւնը չբանաս, անոր կնոջ չմօտենաս. անիկա քու հօրաքոյրդ կը համարուի : 15Քու հարսիդ մերկութիւնը չբանաս. անիկա քու որդւոյդ կինն է, անոր մերկութիւնը չբանաս: 16Քու եղբօրդ կնոջ մերկութիւնը չբանաս. անիկա քու եղբօրդ մերկութիւնն է: 17Կնոջ մը ու անոր աղջկան մերկութիւնը չբանաս. և անոր որդւոյն աղջիկը կամ անոր աղջկան աղջիկը չառնես՝ անոնց մերկութիւնը բանալու համար, անոնք անոր ազգականներն են. անօրէնութիւն է այն: 18Եւ մը իր քրոջ հետ չառնես զանիկա իր կենդանութեան ատենը վÁշտացնելու համար՝ միւսին մերկութիւնը բանալով: 19Եւ իր անմաքրութեանը ատեն զատուած կնոջ մը չմօտենաս՝ անոր մերկութիւնը բանալու: 20Եւ զուգաւորութեան համար քու դրացիիդ կնոջ հետ չպառկիս, անոր հետ պղծուելով: 21Քու սերունդէդ Մողոքի համար կրակէ անցընելու չթողուս, և քու Աստուծոյդ անունը չպղծես. ես եմ Տէրը: 22Եւ արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս չպառկիս՝ պղծութիւն է այն: 23Եւ բնաւ անասունի մը հետ չզուգաւորիս, անոր հետ պղծուելով. ու բնաւ կին մը անասունի մը առջև չկայնի՝ անոր հետ զուգաւորելու. գարշութիւն է այն: 24Ասոնց մէկովն ալ բնաւ չպղծուիք, վասն զի բոլոր ասոնցմով պղծուեցան այն ազգերը զորոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ: 25Եւ այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անօրէնութիւնը անոր վրայ պիտի հատուցանեմ, ու այն երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ: 26Ուստի դուք իմ կանոններս ու դատաստաններս պահէք, ու այս պղծութիւններէն մէ՛կն ալ չընէք, ոչ երկրացին, ոչ ալ ձեր մէջ պանդըխտացող օտարականը. 27Քանզի ձեզմէ առաջ եղած այն երկրին մարդիկը այս բոլոր պղծութիւնները ըրին, ու այն երկիրը պղծուեցաւ: 28Ուրեմն զգուշացէք որ չըլլայ թէ այն երկիրը ձեզ ալ դուրս փսխէ զայն պղծած ատեննիդ, ինչպէս ձեզմէ առաջ եղած ազգերը փսխեց: 29Քանզի ով որ այս ամէն պղծութիւններէն մէկը ընելու ըլլայ, զայն ընող անձինք իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուին: 30Ուստի իմ հրամաններս պահէք, որպէս զի ձեզմէ առաջ գործուած պիղծ սովորութիւններէն մե՛կը չընէք, ու անոնցմով չըպըղծուիք. ես եմ Տէրը ձեր Աստուածը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981