Ղևտացիների գիրք

2

Հացի ընծայ

1Ու երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, անոր ընծան բարակ ալիւրէ պիտի ըլլայ. ու անոր վրայ իւղ պիտի թափէ, և դնէ վրան. 2Եւ Ահարոնի որդիներուն, քահանաներուն, պիտի բերէ զայն. ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն պիտի առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ, և քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ` Տէրոջը անուշահոտ ըլլալու համար. 3Եւ հացի ընծայէն մնացածը Ահարոնի ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ. ասիկա ամենասուրբ պատարագ մըն է Տէրոջը։ 4Եւ եթէ թոնիրի մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանելու ըլլաս, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր կամ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պիտի ըլլայ։ 5Եւ եթէ քու ընծադ տապակի վրայ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր պիտի ըլլայ։ 6Կտոր կտոր պիտի կտրտես զայն, ու վրան իւղ թափես. ասիկա հացի ընծայ է։ 7Եւ եթէ քու ընծադ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով պիտի շինուի։ 8Եւ ասոնցմէ շինուած հացի ընծան Տէրոջը պիտի բերես, ու քահանային ներկայացնես, և ինք սեղանին մօտեցնէ զայն։ 9Եւ քահանան ընծայէն անոր յիշատակը պիտի առնէ, ու սեղանին վրայ այրէ՝ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու: 10Եւ ընծայէն մնացածը Ահարոնի ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ. ասիկա ամենասուրբ պատարագ մըն է Տէրոջը։ 11Հացի ընծան զոր դուք Տէրոջը պիտի մատուցանէք, բնաւ խմորեալ պիտի չշինուի. վասն զի պատարագի համար ամենեւին խմոր կամ մեղր պիտի չայրէք Տէրոջը։ 12Ասոնք իբրև երախայրի պտուղի ընծայ մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ պիտի չայրուին անուշահոտութեան համար։ 13Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ պիտի դնես, ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս չընես. քու ամէն ընծայովդ աղ ալ մատուցանես։ 14Եւ եթէ առաջին պտուղներուն ընծան մատուցանելու ըլլաս Տէրոջը, առաջին պտուղներուն ընծային համար` կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորեն մատուցանես. 15Եւ անոր վրայ իւղ պիտի թափես, ու կնդրուկ դնես վրան. ասիկա հացի ընծայ է։ 16Եւ քահանան անոր ծեծուած ցորենէն ու անոր իւղէն, անոր բոլոր կնդրուկովը անոր յիշատակը պիտի այրէ, Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981