Ղևտացիների գիրք

20

Անհնազանդութեան պատիժները

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Նաև Իսրայէլի որդիներուն ըսես, Իսրայէլի որդիներէն և Իսրայէլի մէջ պանդըխտացող օտարականներէն ով որ իր սերունդէն Մողոքի տայ, անշուշտ պիտի մեռցուի. երկրին ժողովուրդը քարերով պիտի քարկոծեն զանիկա: 3Եւ ես իմ երեսս այն մարդուն վրայ պիտի տնկեմ, ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսընցնեմ, վասն զի անիկա իր սերունդէն Մողոքի տուած է՝ իմ սրբարանս պղծելու ու իմ սուրբ անունս անարգելու համար: 4Եւ եթէ այն մարդը իր սերունդէն Մողոքի տուած ատենը, երկրին ժողովուրդը չտեսնելու տալով, զանիկա չմեռցնեն, 5Այն ատեն ես իմ երեսս պիտի տնկեմ այն մարդուն վրայ ու անոր ընտանիքին վրայ, և զանիկա և Մողոքի հետ պոռնկութիւն ընելու համար այն մարդուն ետեւէն բոլոր գացողները իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ: 6Եւ վհուկներուն ու հմայողներուն ետեւէն երթալու դարձող մարդուն վրայ ալ երեսս պիտի տնկեմ, ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ: 7Ուստի սրբեցէք ձեր անձերը, ու սուրբ եղէք, քանզի ես եմ Տէրը ձեր Աստուածը: 8Եւ իմ կանոններս պահեցէք, ու ըրէք զանոնք, ես եմ Տէրը որ ձեզ կը սրբեմ: 9Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ, անշուշտ պիտի մեռցուի. անիկա իր հայրը կամ իր մայրը անիծեց, անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ: 10Եւ ով որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, իր դրացիին կնոջ հետ շնութիւն ընողը անշուշտ պիտի մեռցուի. շնացողն ալ շնացեալն ալ պիտի մեռցուին: 11Եւ ով որ իր հօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրը մերկութիւնը բացած է. անշուշտ երկուքն ալ պիտի մեռցուին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ: 12Եւ եթէ մարդ մը իր հարսին հետ պառկի, անշուշտ երկուքն ալ պիտի մեռցուին, գարշութիւն ըրին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ: 13Եւ եթէ մարդ մը կնոջ հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ պղծութիւն ըրին. անշուշտ պիտի մեռցուին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ: 14Եւ եթէ մարդ մը՝ մը ու անոր մայրը առնէ, անօրէնութիւն է. անիկա ալ անոնք ալ կրակով պիտի այրուին, որպէս զի ձեր մէջ անօրէնութիւն չըլլայ: 15Եւ եթէ մարդ մը անասունի հետ պառկի, անշուշտ պիտի մեռցուի, ու անասունը պիտի սպաննէք: 16Եւ եթէ կին մը որեւիցէ անասունի հետ զուգաւորելու համար անոր մօտենայ, կինն ալ, անասունն ալ պիտի սպաննես. անոնք անշուշտ պիտի մեռցուին. անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ: 17Եւ եթէ մարդ մը իր քոյրը առնէ, իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը, ու անոր մերկութիւնը տեսնէ, ու աղջիկն ալ անոր մերկութիւնը տեսնէ, չարութիւն է. անոնք իրենց ժողովուրդին աչքին առջև պիտի կորսուին. անիկա իր քրոջ մերկութիւնը բացաւ. իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ: 18Եւ եթէ մարդ մը իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ մը հետ պառկի ու անոր մերկութիւնը բանայ, ինք անոր աղբիւրը բացաւ, կինն ալ իր արեան աղբիւրը բացաւ. երկուքն ալ իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուին: 19Եւ քու մօրդ քրոջ կամ քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը չբանաս. վասն զի եթէ մէկը իր ազգականին մերկութիւնը բանալու ըլլայ, երկուքն ալ իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն: 20Եւ եթէ մարդ մը իր հօրեղբօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրեղբօրը մերկութիւնը բացաւ. անոնք իրենց մեղքը պիտի կրեն. անզաւակ պիտի մեռնին: 21Եւ եթէ մարդ մը իր եղբօրը կինը առնէ, պղծութիւն է այն. անիկա իր եղբօրը մերկութիւնը կը բանայ. անզաւակ պիտի ըլլան: 22Ուստի իմ բոլոր կանոններս և իմ բոլոր դատաստաններս պահէք, ու ընէք զանոնք, որպէս զի այն երկիրը ուր ձեզ պիտի տանիմ հոն բնակելու, դուրս չփըսխէ ձեզ: 23Եւ պիտի չքալէք այն ազգերուն սովորութիւններովը, զորոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ. քանզի այս ամէն բաները ըրին անոնք, ու ես զզուեցայ անոնցմէ. 24Եւ ըսի ձեզի, Անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք, ու ես զանիկա ձեզի պիտի տամ ստացուածք ըլլալու, մը՝ որ կաթ ու մեղր կը բղխէ. ես եմ Տէրը, ձեր Ասուածը, որ ամէն ազգերէն զատեցի ձեզ: 25Ուստի մաքուր ու անասուններուն մէջտեղ, և անմաքուր ու մաքուր թռչուններուն մէջտեղ, տարբերութիւն պիտի դնէք. և ձեր անձերը չպղծէք անասուններով կամ թռչուններով կամ գետնի վրայի բոլոր սողուններով, զորոնք ես զատեցի ձեզի իբրև անմաքուր: 26Եւ դուք սուրբ պիտի ըլլաք ինծի. քանզի ես Տէրս սուրբ եմ, ու ձեզ ուրիշ ազգերէն զատեցի որպէս զի իմս ըլլաք: 27Վհուկ կամ հմայող եղողը, թէ՛ այր ըլլայ և թէ՛ կին, անշուշտ պիտի մեռցուի. քարերով քարկոծեն զանոնք. անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981