Ղևտացիների գիրք

22

Զոհերուն սրբութիւնը

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Խօսէ Ահարոնի ու անոր որդիներուն՝ որ Իսրայէլի որդիներուն մատուցած սուրբ բաներէն զգոյշ կենան, և իմ սուրբ անունս չպղծեն այն բաներով զորոնք ինծի կը սրբեն. ես եմ Տէրը: 3Ըսէ անոնց, Ձեր բոլոր սերունդէն ձեր ազգերուն մէջ՝ ով որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով մօտենայ այն սուրբ բաներուն զորոնք Իսրայէլի որդիները կը սրբեն Տէրոջը, այն անձը իմ առջեւէս պիտի կորսուի. ես եմ Տէրը: 4Ով որ Ահարոնի ցեղէն բորոտ ըլլայ, կամ ծորում ունենայ, սուրբ բաներէն պիտի չուտէ մինչև իր մաքրուիլը. և ով որ մեռելէ պղծուած բանի մը դպչի, կամ մարդ մը որուն զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելած է, 5Կամ ով որ դպչի որեւիցէ սողունի մը որով կրնայ ըլլալ, կամ մարդու մը որմէ կրնայ անմաքուր ըլլալ, որեւիցէ անմաքրութիւն զոր անիկա ունենայ, 6Ասոնց դպչող մարդը մինչև իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ, և սուրբ բաներէն չուտէ, հապա իր մարմինը ջրով լուայ. 7Եւ երբ արեգակը մարը մտնէ, մաքուր պիտի ըլլայ, ու ետքը սուրբ բաներէն ուտէ, վասն զի անիկա իր հացն է: 8Անիկա մեռած կամ գազանաբեկ պիտի չուտէ. որպէս զի անով չպղծուի. ես եմ Տէրը: 9Եւ իմ կարգադրութիւնս պիտի պահեն, որպէս զի անոր համար չկրեն, ու զայն պղծելնուն համար չմեռնին. ես եմ Տէրը որ զանոնք կը սրբեմ: 10Բնաւ օտարական մը սուրբ բանէ պիտի չուտէ. քահանային հիւրը կամ վարձկանը սուրբ բանէ պիտի չուտէ: 11Բայց քահանային իր ստակով ծախու անձը ու իր տունը ծնածը անկէ պիտի ուտէ. անոնք անոր կերակուրէն պիտի ուտեն: 12Եթէ քահանային աղջիկը օտարականի մը հետ ամուսնանայ, անիկա նուիրուած սուրբ բաներէն պիտի չուտէ: 13Բայց եթէ քահանային աղջիկը որբեւարի կամ արձակուած ըլլայ ու զաւակ չունենայ, և իր հօրը տունը դառնայ, այն ատեն իր աղջկնութեան ժամանակին պէս իր հօրը հացէն պիտի ուտէ. սակայն բնաւ օտարական մը անկէ չուտէ: 14Եւ եթէ մարդ մը անգիտութեամբ սուրբ բանէ մը ուտէ, անոր վրայ հինգերորդ մաս մը պիտի աւելցնէ, ու սուրբ բանովը մէկտեղ քահանային տայ. 15Եւ Իսրայէլի որդիներուն Տէրոջը մատուցած սուրբ բաները չպղծեն. 16Ու իրենց սուրբ բաները ուտելով՝ յանցանքի անօրէնութիւնը իրենց վրայ չբերեն*, վասն զի ես եմ Տէրը որ զանոնք կը սրբեմ: 17Եւ Տէրը խոսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 18Խօսէ Ահարոնի ու անոր որդիներուն և Իսրայէլի բոլոր որդիներուն, ու ըսէ անոնց, Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէի մէջ բնակող օտարականներէն անոնց ողջակէզի համար Տէրոջը մատուցածը՝ իրենց բոլոր ուխտերուն և բոլոր կամաւոր ընծաներուն համար, իր զոհը մատուցանող ամէն մարդը. 19Արջառներէն, ոչխարներէն կամ այծերէն՝ անարատ արու պիտի մատուցանէ , որպէս զի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ: 20Բնաւ արատ մը ունեցողը պիտի չմատուցանէք, վասն զի ձեզի համար ընդունելի չըլլար: 21Եւ ուխտ կատարելու համար կամ կամաւոր ընծայի համար՝ ով որ արջառներէն կամ ոչխարներէն Տէրոջը խաղաղութեան մատուցանելու ըլլայ, անարատ պիտի ըլլայ այն, որպէս զի ընդունուի. բնաւ արատ պիտի չըլլայ անոր վրայ: 22Կոյր, կամ մէկ կողմը կոտրած կամ կտրուած կամ խաղաւարտ ունեցող, կամ քոսոտ կամ որքիւնոտ եղածներէն Տէրոջը պիտի չմատուցանէք, ոչ ալ ասոնցմէ Տէրոջը պատարագի համար սեղանին վրայ պիտի դնէք: 23Բայց անդամներուն մէջ աւելորդութիւն կամ պակասութիւն ունեցող, զուարակը կամ ոչխարը կամաւոր ընծայի համար մատուցանես, սակայն ուխտի համար պիտի չընդունուի այն: 24Ամորձիքը ճմլուածը կամ ճզմուածը կամ փրցուածը կամ կտրուածը չմատուցանէք Տէրոջը, և ձեր երկրին մէջ չընէք այս բաները: 25Եւ օտարականի մը ձեռքէն ալ՝ ամէն ասոնցմէ ձեր Աստուծոյն չմատուցանէք, վասն զի անոնց մէջ խեղութիւն ու արատ կայ. անոնք ձեզի համար ընդունելի պիտի չըլլան: 26Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ըսելով, 27Երբ զուարակ կամ ոչխար կամ այծ ծնի, եօթը օր իր մօրը քով պիտի մնայ. և ութերորդ օրը ու անկէ ետքը Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ պատարագի ընծայի համար: 28Եւ կովը կամ ոչխարը իր ձագով մէկտեղ մէկ օրուան մէջ չմորթէք: 29Եւ երբ գոհութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպես պիտի մատուցանէք որ ձեզի համար ընդունելի ըլլայ. 30Նոյն օրը պիտի ուտուի անիկա, անկէ մինչև առտու չթողուք. ես եմ Տէրը: 31Ուստի իմ պատուիրանքներս պահէք, և ընէք զանոնք. ես եմ Տէը: 32Եւ իմ սուրբ անունս չպղծէք, որպէս զի ես սրբուիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ. ես եմ Տէրը որ ձեզ կը սրբեմ, 33Որ ձեզի ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի. ես եմ Տէրը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981