Ղևտացիների գիրք

23

Կրօնական տօներ

1Եւ ՏԷրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, Տէրոջը տօները զորոնք դուք սուրբ ժողով պիտի կոչէք, իմ տօներս ասոնք են. 3Վեց օր գործ գործուի, բայց եօթներորդ օրը հանգստութեան շաբաթը ըլլալով սուրբ ժողով է. բնաւ գործ պիտի չգործէք. Տէրոջը պիտի ըլլայ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ: (Թուոց 28:16-25)

Բաղարջակերաց տօնը

4Տէրոջը տօները, զորոնք իրենց ատենին համեմատ սուրբ ժողովներ պիտի քարոզէք, ասոնք են: 5Առաջին ամսուն չորեքտասաներորդ օրը իրիկուան դէմ Տէրոջը զատիկն է: 6Եւ նոյն ամսուն հնգետասաներորդ օրը բաղարջակերաց տօնն է Տէրոջը. եօթը օր պիտի ուտէք: 7Առաջին օրը սուրբ ժողով պիտի ունենաք. բնաւ ծառայութեան գործ պիտի չգործէք: 8Եւ եօթը օր պիտի մատուցանէք Տէրոջը. եօթներորդ օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պիտի չգործէք: 9Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 10Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, երբ մտնէք այն երկիրը զոր ձեզի կու տամ, ու անոր հունձքը հնձէք, ձեր հունձքէն երախայրի որայ մը քահանային բերէք. 11Ան ալ Տէրոջը առջև երերցնելով պիտի մատուցանէ որան, որպէս զի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ. քահանան շաբաթին հետեւեալ օրը պիտի մատուցանէ զայն: 12Եւ որան մատուցած օրերնիդ՝ ողջակէզի համար մէկ տարեկան անարատ գառ մը մատուցանէք Տէրոջը. 13Եւ անոր հացի ընծան իւղով շաղուած երկու բարակ ալիւր պիտի ըլլայ. ասիկա անշուշտ պատարագի համար է Տէրոջը. և անոր թափելու նուէրը հիմէնին չորրորդ մասը պիտի ըլլայ: 14Եւ մինչև այն օրը որ ձեր Աստուծոյն ընծան կը մատուցանէք, կամ բոհրած ցորեն կամ թարմ հասկեր չուտէք, ձեր ազգերուն մէջ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ այս ձեզի յաւիտենական պիտի ըլլայ։ (Թուոց 28:26-31)

Հունձքի տօն

15Եւ շաբաթին հետեւեալ օրէն՝ որ դուք նուիրման որան բերիք, լման եօթը շաբաթ պիտի համրէք ձեզի. 16Մինչև եօթներորդ շաբաթին հետեւեալ օրը յիսուն օր պիտի համրէք, և նոր հացի ընծայ մատուցանէք Տէրոջը։ 17Ձեր բնակարաններէն՝ երերցնելու ընծայի համար երկու հաց պիտի բերէք, որոնք երկու տասանորդ բարակ ալիւրէ ըլլալով խմորեալ եփած պիտի ըլլան. ասիկա երախայրի է Տէրոջը։ 18Եւ հացին հետ մէկ տարեկան եօթը հատ անարատ գառներ, և արջառներէն մէկ զուարակ ու երկու խոյ պիտի մատուցանէք Տէրոջը, որոնք հացի ընծաներուն ու թափելու նուէրներուն հետ ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ պիտի ըլլան Տէրոջը։ 19Եւ մեղքի պատարագին համար այծերէն մէկ նոխազ, և խաղաղութեան զոհի համար մէկ տարեկան երկու գառներ պիտի մատուցանէք։ 20Եւ քահանան երախայրի հացին հետ երերցնելու ընծայի համար երկու գառները պիտի մատուցանէ Տէրոջը առջև. անոնք սուրբ պիտի ըլլան Տէրոջը, և քահանային պիտի ըլլան։ 21Եւ այն նոյն օրը պիտի քարոզէք որ ձեզի սուրբ ժողով ըլլայ, բնաւ ծառայութեան գործ չգործէք. ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ ձեր ազգերուն մէջ։ 22Եւ երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք, հնձած ատենդ արտին եզերքը լման չհընձես, ու հունձքիդ մնացած հասկերը չժողվես. զանոնք աղքատին ու օտարականին թողուս. ես եմ Տէրը ձեր Աստուածը։ (Թուոց 29:1-6)

Փող հնչեցնելու օր

23Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 24Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, եօթներորդ ամսուն մէջ ամսուն առաջին օրը ձեզի հանգստութեան օր, փող հնչեցնելուն յիշատակը, սուրբ ժողով պիտի ըլլայ։ 25Բնաւ ծառայութեան գործ պիտի չգործէք, հապա պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ (Թուոց 29:7-11)

Քաւութեան օր

26Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 27Նաև այս եօթներորդ ամսուն տասներորդ օրը քաւութեան օրը ըլլալով՝ սուրբ ժողով ըլլայ ձեզի. և պիտի խոնարհեցնէք ձեր հոգիները, ու պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ 28Եւ այն օրը բնաւ գործ չգործէք, վասն զի Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջև ձեզի համար քաւութիւն ընելու՝ օր քաւութեան է։ 29Քանզի ով որ նոյն օրը չխոնարհի, իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի. 30Եւ ով որ նոյն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։ 31Բնաւ գործ մը պիտի չգործէք. ասիկա ձեր ազգերուն մէջ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ։ 32Այս ձեզի հանգըստութեան շաբաթ պիտի ըլլայ, և ձեր հոգիները պիտի խոնարհեցնէք. ամսուն իններորդ օրուան իրիկունը ձեր շաբաթը պիտի պահէք իրիկունէ մինչև իրիկուն։ (Թուոց 29:12-40)

Տաղաւարահարաց տօն

33Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ըսելով, 34Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Այս եօթներորդ ամսուն հնգետասաներորդ օրը եօթը օր տաղաւարահարաց տօն է Տէրոջը։ 35Առաջին օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ, բնաւ ծառայութեան գործ պիտի չգործէք։ 36Եօթը օր պատարագ մատուցանէք Տէրոջը, և ութերորդ օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ ձեզի, և պատարագ մատուցանէք Տէրոջը, տօնախմբութեան օր է այն, բնաւ ծառայութեան գործ չգործէք։ 37Տէրոջը պատարագ, այսինքն ողջակէզ ու հացի ընծայ, և թափելու նուէրներ՝ ամէն օրուան պէտք եղածը մատուցանելու համար ձեր սուրբ ժողովներ կոչելու Տէրոջը տօները ասոնք են, 38Տէրոջը շաբաթներէն զատ, և ձեր ընծաներէն զատ, ու ձեր բոլոր ուխտերէն զատ, և ձեր բոլոր Տէրոջը տալու կամաւոր ընծաներէն զատ։ 39Նաև եօթներորդ ամսուն հնգետասաներորդ օրը՝ երկրի արդիւնքը ժողված ատեննիդ եօթը օր տօն պիտի պահէք Տէրոջը. առաջին օրը շաբաթ և ութերորդ օրը շաբաթ պիտի սեպէք ։ 40Եւ առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու , արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր և ձորի ուռիներու ոստեր պիտի առնէք, ու Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջև եօթը օր ուրախանաք։ 41Եւ այս տօնը տարին եօթը օր պիտի պահէք Տէրոջը. ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ այն. եօթներորդ ամսուն մէջ պիտի ընէք զայն։ 42Եօթը օր տաղաւարներու մէջ պիտի բնակիք, Իսրայէլի բոլոր բնակները տաղաւարներու մէջ բնակին. 43Որպէս զի ձեր սերունդները գիտնան թէ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանած ատենս տաղաւարներու մէջ բնակեցուցի զանոնք. ես եմ Տէրը ձեր Աստուածը: 44Եւ Իսրայէլի որդիներուն պատմեց Տէրոջը տօները: (Ելից 27: 20-21)

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981