Ղևտացիների գիրք

27

Աստուծոյ նուէրներուն նկատմամբ օրէնքներ

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց, Երբ մէկը ուխտ ընելու ըլլայ, անձերուն գինը քու արժեցուցածիդ պէս՝ Տէրոջը պիտի ըլլայ: 3Եւ քու կտրելու գինդ այսպէս պիտի ըլլայ. Քսան տարեկանէն մինչև վաթսուն տարեկան եղող արուին կտրելու գինդ, սրբարանին սիկղին համեմատ, յիսուն սիկղ արծաթ պիտի ըլլայ. 4Եւ եթէ էգ է, քու կտրելու գինդ երեսուն սիկղ պիտի ըլլայ: 5Եւ եթէ հինգ տարեկանէն մինչև քսան տարեկան է, այն ատեն արուին համար քու կտրելու գինդ քսան սիկղ, ու էգին համար տասը սիկղ պիտի ըլլայ: 6Եւ եթէ մէկ ամսականէն մինչև հինգ տարեկան ըլլայ, այն ատեն արուին համար կտրելու գինդ հինգ սիկղ արծաթ, ու էգին համար կտրելու գինդ երեք սիկղ արծաթ պիտի ըլլայ: 7Եւ եթէ վաթսուն տարեկանէն վեր ըլլայ, արուին համար քու կտրելու գինդ տասնհինգ սիկղ, ու էգին համար տասը սիկղ պիտի ըլլայ: 8Եւ եթէ քու կտրելու գնոյդ անոր կարողութիւնը չհասնի, անիկա քահանային առջև պիտի ելլէ, ու անոր գինը քահանան կտրէ. քահանան ուխտ ընողին կարողութեանը նայելով՝ անոր գին պիտի կտրէ: 9Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը մատուցանելու անասուններէն է, անոնցմէ ինչ որ Տէրոջը տայ, սուրբ պիտի ըլլայ. 10Ինք պիտի չփոխէ զայն, և աղէկը գէշին հետ՝ կամ գէշը աղեկին հետ չփոխէ. և եթէ անասունը անասունի հետ երբէք փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ընծայուածը ու անոր փոխանակը սուրբ պիտի ըլլայ: 11Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ չմատուցուելու անասուններէն ըլլայ, այն ատեն քահանային առջև պիտի հանէ այն անասունը. 12Ու քահանան անոր աղէկութեանը կամ գէշութեանը նայելով՝ գին պիտի կտրէ. քահանան ինչ գին որ կտրէ, այնպէս թող ըլլայ: 13Իսկ եթէ զանիկա երբէք փրկելու ըլլայ, այն ատեն քու կտրած գնոյդ վրայ հինգերորդ մաս մը պիտի աւելցնէ: 14Ու երբ մարդ մը իր տունը Տէրոջը սուրբ ըլլալու համար ընծայէ, այն ատեն քահանան անոր աղէկութեանը կամ գէշութեանը նայելով՝ գին պիտի կտրէ. քահանան անոր ինչ գին որ կտրէ, այպէս պիտի կենայ: 15Եւ եթէ ընծայողը իր տունը փրկելու ըլլայ, քու կտրած գնոյդ ստակին վրայ հինգերորդ մաս մը պիտի աւելցնէ, ու տունը անորը պիտի ըլլայ: 16Եւ եթէ մարդ մը իր կալուածքին արտէն ընծայելու ըլլայ Տէրոջը, այն ատեն քու կտրած գինդ անոր սերմին համեմատ պիտի ըլլայ. մէկ քոռ գարիի սերմի համար յիսուն սիկղ արծաթ ըլլայ: 17Եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ընծայէ, քու կտրած գնոյդ պէս պիտի կենայ: 18Եւ եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ետքը ընծայէ, քահանան անոր հետ ստակը մինչև Յոբելեան տարիին մնացած տարիներուն նայեով՝ հաշիւ պիտի ընէ, ու քու կտրած գինէդ վար պիտի իջեցնէ: 19Իսկ եթէ արտը ընծայողը երբէք փրկելու ըլլայ զանիկա, այն ատեն քու կտրած գնոյդ ստակին վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ, ու այն արտը պիտի հաստատուի անոր: 20Եւ եթէ արտը չփրկէ, կամ արտը ուրիշի մը ծախած ըլլայ, ալ նորէն պիտի չփրկուի այն. 21Հապա արտը երբ Յոբելեան տարիին մէջ դառնայ, նուիրուած արտի պէս սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը. անոր կալուածքը քահանայինը պիտի ըլլայ: 22Եւ եթէ մէկը Տէրոջը ընծայէ իր ծախու արտը, որ իր կալուածքին արտէն չէ, 23Այն ատեն քահանան անոր հետ քու կտրած գնոյդ հաշիւը ընէ մինչև Յոբելեան տարին, և այն օրը քու կտրած գինդ սուրբ բանի պէս պիտի տայ Տէրոջը: 24Յոբելեան տարին, արտը ծախողին, այսինքն որու որ կը վերաբերի գետնի կալուածքը, անոր պիտի դառնայ: 25Եւ քու բոլոր կտրած գիներդ սրբարանին սիկղին համեմատ պիտի ըլլան. սիկղը քսան կերատ ըլլայ: 26Միայն թէ անասուններուն առջինեկը առջի ծնած ըլլալուն համար Տէրոջը ըլլալով, մէկը պիտի չընծայէ զայն. թէ՛ արջառ ըլլայ և թէ՛ ոչխար, Տէրոջն է: 27Եւ եթէ անմաքուր անասուններէն է, քու կտրած գնոյդ համեմատ պիտի փրկէ զայն. ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ. և եթէ չփրկուիր, քու կտրած գնովդ թող ծախուի: 28Բայց մարդու մը իր բոլոր ունեցած մարդոցմէն և անասուններէն ու իր կալուածքին արտէն Տէրոջը նուիրածը պիտի չծախուի ու չփրկուի. ամէն նուէր ամենասուրբ է Տէրոջը: 29Մարդոցմէ նուիրուած նուէր մը բնաւ պիտի չփրկուի, հապա անշուշտ պիտի մեռցուի: 30Եւ երկրին բոլոր տասանորդը, թէ՛ երկրին հունտերէն և թէ՛ ծառերուն պտուղէն, Տէրոջն է. անիկա սուրբ է Տէրոջը: 31Եւ եթէ մարդ մը իր տասանորդներէն երբէք փրկել ուզէ, անոր վրայ հինգերորդ մաս մը պիտի աւելցնէ: 32Եւ արջառներուն ու ոչխարներուն ամէն տասանորդը, գաւազանին տակէն ամէն անցնողին տասներորդը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը: 33Աղէկին ու գէշին մէջտեղ տարբերութիւն պիտի չդնէ ու չփոխէ զայն. և եթէ երբէք փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ալ, անոր փոխանակն ալ սուրբ պիտի ըլլայ, պիտի չփրկուի: 34Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն համար Սինա լեռը Մովսէսի պատուիրած պատուիրանքները ասոնք են:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981