Ղևտացիների գիրք

3

Խաղաղութեան զոհաբերում

1Եւ եթէ անոր ընծան խաղաղութեան է, երբ արջառներէն կը մատուցանէ, թէ՛ արու ըլլայ և թէ՛ էգ, Տէրոջը առջև անարատ պիտի մատուցանէ զայն։ 2Եւ իր ձեռքը իր ընծայած անասունին գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու ժողովքի խորանին դուռը մորթէ զայն. և Ահարոնի որդիները, քահանաները, սեղանին վրայ շուրջանակի պիտի սրսկեն արիւնը։ 3Եւ խաղաղութեան զոհէն պիտի մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը. 4Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած անոնց վրայի ճարպը և լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պիտի փրցնէ. 5Եւ Ահարոնի որդիները սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ ողջակէզին հետ պիտի այրեն ասոնք, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ 6Եւ եթէ խաղաղութեան զոհի համար Տէրոջը մատուցանելու ընծան հօտերէն է, թէ՛ արու ըլլայ և թէ՛ էգ, անարատ պիտի մատուցանէ զայն։ 7Եթէ անիկա իր ընծային համար գառ մատուցանէ, Տէրոջը առջև պիտի բերէ զայն, 8Եւ ձեռքը իր ընծային գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու ժողովքի խորանին առջև մորթէ զայն. և Ահարոնի որդիները սեղանին վրայ շուրջանակի պիտի սրսկեն անոր արիւնը։ 9Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ պիտի մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն անոր ճարպը ու բոլոր դմակը տակէն փրցնելով, և փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը, 10Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած անոնց վրայի ճարպը և լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պիտի փրցնէ։ 11Եւ քահանան սեղանին վրայ պիտի այրէ ասոնք` Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ 12Եւ եթէ անոր ընծան այծ է, Տէրոջը առջև պիտի բերէ զայն. 13Եւ իր ձեռքը անոր գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու ժողովքի խորանին առջև մորթէ զայն. և Ահարոնի որդիները սեղանին վրայ շուրջանակի պիտի սրսկեն անոր արիւնը։ 14Եւ անիկա իր ընծայէն պատարագ պիտի մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը։ 15Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած անոնց վրայի ճարպը և լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պիտի փրցնէ։ 16Եւ քահանան սեղանին վրայ պիտի այրէ զանոնք, անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար. ամէն ճարպը Տէրոջն է։ 17Ձեր ազգերուն մէջ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական ըլլայ, որ ոչ ճարպ ուտէք՝ ոչ ալ արիւն։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)