Ղևտացիների գիրք
4
Անգիտակցաբար կատարուած մեղքի պատարագ
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի` ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ, ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, 3Եթէ օծուած քահանան ժողովուրդը յանցաւոր ընելու մեղք մը գործելու ըլլայ, իր գործած մեղքին համար արջառներէն անարատ զուարակ մը մեղքի պատարագ մատուցանէ Տէրոջը. 4Եւ ժողովքի խորանին դուռը` Տէրոջը առջև պիտի բերէ զուարակը, ու իր ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ դնէ, և Տէրոջը առջև մորթէ զուարակը։ 5Եւ օծուած քահանան զուարակին արիւնէն պիտի առնէ ու ժողովքի խորանը բերէ։ 6Եւ քահանան իր մատը արիւնը պիտի թաթխէ, ու Տէրոջը առջև, սրբարանին վարագոյրին առջև եօթը անգամ սրսկէ արիւնէն։ 7Եւ քահանան արիւնէն քիչ մը պիտի դնէ Տէրոջը առջև անուշահոտ խունկի սեղանին եղջիւրներուն վրայ, որ ժողովքի խորանին մէջ է. ու զուարակին մնացած բոլոր արիւնը ժողովքի խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։ 8Եւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին բոլոր ճարպը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը, ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը անկէ պիտի վերցնէ. 9Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած անոնց վրայի ճարպը և լեարդին վրայի թաղանթը երիկամունքներովը մէկտեղ պիտի փրցնէ, 10խաղաղութեան զոհին արջառէն փրցուելուն պէս. և քահանան ողջակէզի սեղանին վրայ պիտի այրէ զանոնք։ 11Եւ զուարակին մորթը ու անոր բոլոր միսը գլխովը ու ոտքերովը, և անոր փորոտիքը ու աղբը, 12Այսինքն բոլոր զուարակը, բանակին դուրսիդին մաքուր տեղ մը, մոխիր թափուած տեղը, պիտի հանէ, և փայտերու վրայ կրակով այրէ զայն. մոխիր թափուած տեղը այրուի: 13Եւ եթէ Իսրայէլի բոլոր ժողովքը անգիտութեամբ սխալին*, ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլան, 14Երբ իմացուի այն ըրած մեղքերնին, ժողովքը մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը պիտի մատուցանէ. ու ժողովքի խորանին առջև բերէ զանիկա: 15Եւ ժողովքին ծերերը իրենց ձեռքերը զուարակին գլխուն վրայ պիտի դնեն Տէրոջը առջև. ու զուարակը Տէրոջը առջև պիտի մորթուի: 16Եւ օծուած քահանան զուարակին արիւնէն ժողովքի խորանը պիտի բերէ: 17Եւ քահանան իր մատը արիւնը պիտի թաթխէ, ու Տէրոջը առջև վարագուրին առջև եօթը անգամ սրսկէ: 18Եւ արիւնէն քիչ մը ժողովքի խորանին մէջ Տէրոջը առջև եղած սեղանին եղջիւրներուն վրայ պիտի դնէ. ու մնացած բոլոր արիւնը ժողովքի խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ: 19Եւ անոր բոլոր ճարպը պիտի վերցնէ անկէ, ու սեղանին վրայ այրէ: 20Եւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին ինչպէս ըրաւ, այս զուարակին ալ այնպէս պիտի ընէ. ու քահանան անոնց համար քաւութիւն ընէ, ու անոնց թողութիւն ըլլայ: 21Եւ բանակէն դուրս պիտի հանէ զուարակը, ու ինչպէս առաջին զուարակը այրեց, զայս ալ այնպէս պիտի այրէ. ժողովքին համար մեղքի պատարագ մըն է այս: 22Երբ իշխան մը մեղք գործելու ըլլայ, ու իր Տէր Աստուծոյն արգիլած բաներէն մէկը սխալմամբ ընելով յանցաւոր ըլլայ, 23Եթէ իր ըրած մեղքը իրեն ծանուցուի, իրեն համար այծերէն արու անարատ նոխազ մը ընծայ պիտի բերէ. 24Եւ իր ձեռքը նոխազին գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու զանիկա Տէրոջը առջև ողջակէզին մորթուելու տեղը մորթէ. մեղքի պատարագ մըն է այս: 25Եւ քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն իր մատովը պիտի առնէ, ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ պիտի դնէ, և անոր մնացած արիւնը ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ: 26Եւ անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպին պէս սեղանին վրայ պիտի այրէ. ու քահանան անոր մեղքին համար քաւութիւն ընէ, և թողութիւն ըլլայ անոր: 27Եւ եթէ երկրին ժողովուրդէն մէկը սխալմամբ մեղանչէ, ու Տէրոջը արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ, 28Եթէ իր ըրած մեղքը իրեն ծանուցուի, իր ըրած մեղքին համար իր ընծան այծերէն անարատ էգ այծ մը պիտի բերէ: 29Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու մեղքի պատարագ եղած անասունը ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մորթէ: 30Եւ քահանան իր մատովը անոր արիւնէն պիտի առնէ, ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ, և մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ: 31Եւ անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպը փրցուելուն պէս պիտի փրցնէ. ու քահանան պիտի այրէ զանիկա սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար Տէրոջը առջև. և քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ, ու անոր թողութիւն պիտի ըլլայ: 32Եւ եթէ մեղքի պատարագի համար գառ մատուցանելու ըլլայ, անարատ էգ մը պիտի բերէ. 33Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ պիտի դնէ, ու ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մեղքի պատարագի համար մորթէ զայն: 34Եւ քահանան իր մատովը մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ, ու ողջակէզի սեղանին եղջիւներուն վրայ դնէ ու մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ: 35Եւ խաղաղութեան զոհէն գառին ճարպը փրցուելուն պէս՝ ասոր բոլոր ճարպը պիտի փրցնէ. ու քահանան սեղանին վրայ պիտի այրէ զայն՝ Տէրոջը պատարագներուն հետ, և քահանան անոր ըրած մեղքին համար քաւութիւն ընէ, ու թողութիւն ըլլայ անոր: