Ղևտացիների գիրք
7
Յանցանքի պատարագ
1Եւ յանցանքի պատարագին օրէնքը այս է. այս ամենասուրբ է. 2Ողջակէզը մորթած տեղերնին յանցանքի պատարագը պիտի մորթեն, և անոր արիւնը սեղանին վրայ շուրջանակի պիտի սրսկէ. 3Եւ անկէ բոլոր ճարպը, այսինքն դմակը ու փորոտիքը ծածկող ճարպը, պիտի մատուցանէ. 4Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած անոնց վրայի ճարպը և լեարդին վրայի թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պիտի փրցնէ. 5Եւ քահանան սեղանին վրայ պիտի այրէ ասոնք՝ Տէրոջը պատարագ ըլլալու. ասիկա յանցանքի պատարագ է: 6Քահանաներուն ամէն արուն պիտի ուտէ զայն. սուրբ տեղը պիտի ուտուի, քանզի ամենասուրբ է: 7Մեղքի պատարագը ինչպէս որ կ’ըլլայ, յանցանքի պատարագն ալ այնպէս ըլլայ. անոնց օրէնքը մէկ է. անով քաւութիւն ընող քահանային պիտի ըլլայ այն: 8Եւ քահանայ մը որ մէկուն ողջակէզը կը մատուցանէ, այն քահանան իր մատուցած ողջակէզի մորթը իրեն պիտի առնէ: 9Եւ բոլոր թոնիրի մէջ եփուած՝ ու բոլոր սանի մէջ և տապակի վրայ շինուած հացի ընծան, զանիկա մատուցանող քահանային պիտի ըլլայ: 10Եւ ամէն իւղով շաղուած կամ առանց իւղի* հացի ընծան Ահարոնի բոլոր որդիներուն պիտի ըլլայ. ամէն մէկուն բաժինը հաւասար պիտի ըլլայ:
Խաղաղութեան պատարագ
11Եւ Տէրոջը մատուցանելու խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է. 12Եթէ շնորհակալութեան համար մատուցանէ զայն, այն ատեն շնորհակալութեան զոհին հետ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր ու իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ և բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած բաղադրեալ շօթեր պիտի մատուցանէ: 13Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին շօթերէն զատ՝ խմորեալ հացէ ընծայ մը պիտի մատուցանէ: 14Եւ անկէ, այսինքն ամէն ընծաներէն, մէկ հատ բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէ Տէրոջը. և ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային պիտի ըլլայ: 15Եւ շնորհակալութեան համար՝ իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցուած օրը պիտի ուտուի. անկէ մինչև առտու չմնայ: 16Եւ եթէ իր ընծան ուխտի համար է կամ կամաւոր զոհ է, զոհը մատուցած օրը պիտի ուտուի, ու մնացածը հետեւեալ օրը պիտի ուտուի. 17Եւ զոհին միսէն երրորդ օրուան մնացածը կրակով այրուի: 18Եւ եթէ երրորդ օրը իր խաղաղութեան զոհին միսէն ուտուելու ըլլայ , ընդունելի պիտի չըլլայ, ոչ ալ անիկա մատուցանողին զոհ պիտի սեպուի. պղծութիւն պիտի ըլլայ, ու անկէ ուտող անձը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ: 19Եւ ամէն տեսակ անմաքուր բանի դպած միսը պիտի չուտուի, կրակով պիտի այրուի. սակայն ամէն մաքուր եղողը պիտի ուտէ խաղաղութեան զոհին միսէն: 20Բայց այն անձը՝ որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, Տէրոջը խաղաղութեան զոհէն միս ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի։ 21Եւ ամէն տեսակ անմաքուր բանի մը՝ թէ՛ մարդու անմաքրութեան, թէ՛ անմաքուր անասունի, և թէ° ամէն կերպ անմաքուր պիղծ բանի* մը դպչող անձը եթէ Տէրոջը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտելու ըլլայ, այն անձը իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի: 22Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 23Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Բնաւ արջառի կամ ոչխարի կամ այծի ճարպ չուտէք : 24Եւ մեռած անասունին ճարպը ու գիշատուածին ճարպը ամէն գործի մէջ պիտի գործածուի, բայց անկէ բնաւ պիտի չուտէք: 25Քանզի ով որ Տէրոջը պատարագ մատուցուելու անասունին ճարպէն ուտելու ըլլայ, այն ուտող անձը իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի։ 26Եւ ձեր ամէն բնակարաններուն մէջ բնաւ արիւն պիտի չուտէք, թէ° թռչունի ըլլայ և թէ° անասունի : 27Ամէն անձ որ ինչեւիցէ արիւն ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի: 28Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 29Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Իր խաղաղութեան զոհը Տէրոջը մատուցանողը իր խաղաղութեան զոհէն ընծայ պիտի բերէ Տէրոջը: 30Տէրոջը պատարագները իր ձեռքովը պիտի բերէ. երբուծով ճարպը պիտի բերէք, որպէս զի երբուծը երերցընելու ընծայի համար երերցուի Տէրոջը առջև։ 31Եւ քահանան ճարպը պիտի այրէ սեղանին վրայ. բայց երբուծը Ահարոնի ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ: 32Եւ ձեր խաղաղութեան զոհերէն աջ զիստը քահանային պիտի տաք՝ բարձրացնելու ընծայի համար: 33Ահարոնի որդիներէն՝ խաղաղութեան զոհին արիւնը ու ճարպը ով որ մատուցանէ, աջ զիստը անոր բաժինը պիտի ըլլայ:։ 34Քանզի անոնց խաղաղութեան զոհերէն երերցընելու երբուծը և բարձրացնելու զիստը Իսրայէլի որդիներէն առի, և զանոնք յաւիտենական կանոնով Իսրայէլի որդիներէն Ահարոն քահանային ու անոր որդիներուն տուի: 35Ասիկա Տէրոջը պատարագներէն Ահարոնի և անոր որդիներուն օծման իրաւունքի համար տրուեցաւ , զանոնք Տէրոջը քահանայութիւն ընելու մօտեցուցած օրը, 36Զորոնք օծած օրը Տէրը հրամայեց որ Իսրայէլի ոդիներէն իրենց ցեղերուն մէջ յաւիտենական կանոնով անոնց տրուի: 37Ողջակէզին, հացի ընծային և մեղքի պատարագին և յանցանքի պատարագին ու օրհնութիւններուն և խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է, 38Զոր Տէրը պատուիրեց Մովսէսի Սինա լեռը, այն օրը որ Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց իրենց ընծաները Տէրոջը մատուցանելու Սինայի անապատին մէջ: (Ելից 29:1-37)