Ավետարան ըստ Ղուկասի
12
Կեղծաւորութեան դէմ ազդարարութիւն
1Այս միջոցին երբ բիւրաւոր ժողովուրդներ վրան ժողվուեցան, մինչև մէկզմէկ կը կոխէին, սկսաւ ըսել իր աշակերտներուն, Ամէնէն առաջ ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն: 2Վասն զի բան մը չկայ ծածուկ` ալ պիտի չյայտնուի, և գաղտուկ` որ պիտի չգիտցուի: 3Ուստի ինչ որ մութ տեղը զրուցեցիք, անիկա լոյս տեղը պիտի լսուի. և այն զոր ներքին սենեակներուն մէջ ականջի խօսեցաք, տանիքներուն վրայ պիտի քարոզուի:
Որմէ վախնալ
4Բայց ձեզի իմ բարեկամներուս կը զրուցեմ, Մի վախնաք անոնցմէ` որ մարմինը կը սպաննեն, ու անկէ ետև աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին: 5Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ° պիտի վախնաք. Անկէ վախցէք` որ սպաննելէն ետև իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու. այո, կ’ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք: 6Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի, և անոնցմէ մէ°կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջև: 7Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէն աւելի աղէկ էք:
Յիսուսը դաւանիլ և ուրանալ
8Եւ ձեզի կ’ըսեմ, Ամէն ով որ զիս կը դաւանի մարդոց առջև, Որդին մարդոյ ալ զանիկա պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջև: 9Բայց ան որ զիս մարդոց առջև կ’ուրանայ, ուրացուած պիտի ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջև: 10Եւ ամէն ով որ Որդւոյ մարդոյ դէմ բան կ’ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ան որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն կ’ընէ, պիտի չներուի անոր: 11Ու երբ ձեզ ժողովարանները և իշխանութիւններու ու պետութիւններու առջև տանելու ըլլան, հոգ մի ընէք թէ ի°նչպէս կամ ի°նչ պատասխան պիտի տաք, կամ ի°նչ պիտի ըսէք. 12Վասն զի Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն` ինչ որ պէտք է խօսիլ:
Անմիտ հարուստին առակը
13Ժողովուրդին մէջէն մէկը ըսաւ, անոր, Վարդապետ, զրուցէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ: 14Ան ալ ըսաւ անոր, Մարդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ: 15Եւ ըսաւ անոնց, Նայեցէք և զգուշացէք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը: 16Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց` ըսելով, Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին. 17Եւ ինք կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր, Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ: 18Եւ ըսաւ, Զայս ընեմ. իմ ամբարներս քակեմ ու ա°լ աւելի մեծ շինեմ, և հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս. 19Եւ իմ անձիս ըսեմ. Ով անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ, կեր, խմէ և ուրախ եղիր: 20Բայց Աստուած ըսաւ անոր, Անմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան: 21Այսպէս է անիկա որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, ու Աստուծոյ չհարստանար:
Աստուծոյ վստահիլ
22Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն, Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, Հոգ մի ընէք ձեր կեանքին համար` թէ ի°նչ պիտի ուտէք, ոչ ալ մարմինին համար` թէ ի°նչ պիտի հագնինք. 23i>Վասն զի կեանքը կերակուրէն աւելի է, ու մարմինը հագուստէն: 24Նայեցէք ագռաւներուն, որոնք ոչ կը սերմանեն և ոչ կը հնձեն, որոնք ոչ շտեմարաններ ունին, ոչ ալ ամբարներ, ու Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի լաւ էք թռչուններէն: 25Եւ ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել: 26Հապա եթէ ամենափոքր բանին կարող չէք, ուրիշ բաներու համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք: 27Նայեցէք շուշաններուն, ի°նչպէս կ’աճին. ոչ կ’աշխատին և ոչ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ որ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո°ւն պէս չհագուեցաւ: 28Ուստի եթէ խոտը որ այսօր դաշտի մէջ է, ու վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թերահաւատներ: 29Ալ դուք մի փնտռէք թէ ի°նչ պիտի ուտէք և ի°նչ պիտի խմէք, ու մի շփոթիք. 30Վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն. ու ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բաները ձեզի պէտք են: 31Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք, և այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուի:
Երկնային գանձերը
32Մի վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ: 33Ծախեցէք ձեր ստացուածքը և ողորմութիւն տուէք. ու ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը` չպակսելու գանձ մը, ուր ոչ գողը կը մօտենայ և ոչ ցեցը կ’ապականէ: 34Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սիրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ:
Արթուն ծառաները
35Ձեր մէջքերը գօտևորուած ըլլան, ու ճրագները վառուած: 36Եւ դուք այն մարդոց նման` որոնք իրենց տէրոջը կը սպասեն, թէ ե°րբ պիտի դառնայ հարսնիքէն. որպէս զի երբ գայ և դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր: 37Երանի՜ այն ծառաներուն, որ տէրը երբ գայ` զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք, և առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց: 38Եւ եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու այնպէս գտնէ, երանելի են այն ծառաները: 39Բայց զայս գիտցէք, որ եթէ տանուտէրը գիտնար թէ ո°ր ատեն գողը կու գայ, արթուն կը կենար ու թող չէր տար որ իր տունը ծակեն: 40Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ կու գայ այնպիսի ժամու մը մէջ` որ դուք չէք կարծեր:
Հաւատարիմ ու անհաւատարիմ ծառան
41Եւ Պետրոս ըսաւ անոր, Տէր, այդ առակը մեզի՞ կ’ըսես թէ ամէնուն ալ: 42Եւ Տէրը ըսաւ, Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, զոր տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ: 43Երանի՜ է այն ծառային, զոր իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ: 44Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա: 45Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ. և սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել, և ուտել ու խմել ու գինովնալ, 46Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չսպասեր, և այնպիսի ժամ մը որ չգիտեր, և զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ, ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ: 47Եւ այն ծառան որ իր տէրոջը կամքը գիտէ ու չպատրաստուի, ոչ ալ անոր կամքը ի գործ կը դնէ, շատ ծեծ պիտի ուտէ: 48Բայց ան որ չգիտեր ու ծեծի արժանի բան մը կ’ընէ, քիչ ծեծ պիտի ուտէ. որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ. և որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա°լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ:
Յիսուս՝ բաժանման պատճառ
49Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ, ու ի՞նչ կ’ուզեմ եթէ արդէն բորբոքած է: 50Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու, և ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչև կատարուի: 51Կը կարծէք թէ ես երկիր վրայ խաղաղութի՞ւն տալու եկայ. ձեզի կ’ըսեմ, Ոչ, հապա բաժանմունք. 52Վասն զի ասկէ ետև մէկ տան մէջ հինգը իրարմէ բաժնուած պիտի ըլլան, երեքը երկուքէն ու երկուքը երեքէն. 53Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն, և որդին հօրմէն, մայրը աղջիկէն ու աղջիկը մօրմէն, կեսուրը իր հարսէն ու հարսը իր կեսուրէն:
Ժամանակը հասկնալ
54Եւ ըսաւ ժողովուրդներուն, Երբ արևմուտքի կողմէն ամպ մը ելած կը տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ Անձրև պիտի գայ, և այնպէս կ’ըլլայ: 55Ու երբ հարաւային հովը կը փչէ, կ’ըսէք թէ Տաք պիտի ըլլայ, և այնպէս կ’ըլլայ: 56Կեղծաւորներ, երկրի ու երկինքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ:
Հակառակորդին հետ համաձայնիլ
57Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը: 58Երբ դուն քու ոսոխիդ հետ իշխանին երթալու ըլլաս, ճամբուն մէջ անկէ ազատուելու համար ջանք ըրէ, որ չըլլայ թէ քեզ դատաւորին առջև քաշէ, ու դատաւորը դահիճին ձեռքը տայ քեզ, ու դահիճն ալ բանտը դնէ: 59Քեզի կ’ըսեմ, բնաւ պիտի չելլես անկէ, մինչև վերջին լուման չվճարես: