Ավետարան ըստ Ղուկասի
14
Յիսուս հիւանդ մը կը բÅշկէ
1Ու եղաւ որ երբ ինք շաբաթ օր մը փարիսեցւոց գլխաւորներէն մէկուն տունը մտաւ հաց ուտելու, ու անոնք անոր կը սպասէին: 2Եւ ահա հոն ջրգողեալ մարդ մը կար իր առջև: 3Եւ Յիսուս պատասխան տուաւ ու խօսեցաւ օրինականներուն ու փարիսեցիներուն` ըսելով, Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել: 4Անոնք ալ լուռ կեցան. և ինք բռնեց զանիկա, բժշկեց ու ճամբեց. 5Եւ պատասխան տալով` ըսաւ անոնց, Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը հորը իյնալու ըլլայ, ու շուտ մը չհաներ զանիկա շաբաթ օրը: 6Եւ այս բաներուն չկրցան անոր պատասխան տալ:
Խոնարհութիւն և հիւրասիրութիւն
7Առակ մը զրուցեց այն հրաւիրուած մարդոց ալ, երբ տեսաւ թէ ի°նչպէս առաջին բազմոցները կ’ընտրէին, ու ըսաւ անոնց, 8Երբ մարդէ մը հարսնիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի նստիր. չըլլայ որ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ: 9Եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ զրուցէ քեզի, Ասոր տեղ տուր, և անկէ ետև սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել: 10Հապա երբ հրաւիրուիս, գնա յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ, Բարեկամ, վեր հրամմէ. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջև քեզի փառք կ’ըլլայ: 11Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի. և ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ: 12Ու զինք հրաւիրողին ալ ըսաւ, Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի կանչեր քու բարեկամներդ, ոչ ալ քու եղբայրներդ, և ոչ քու ազգականներդ, ու ոչ քու հարուստ դրացիններդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն, ու քեզի հատուցում ըլլայ: 13Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես, աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ. 14Ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կըրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. քանզի արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի:
Մեծ խնճոյքին առակը
15Եւ սեղան նստողներէն մէկը երբ լսեց այս խօսքը` ըսաւ անոր, Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ: 16Եւ ինք ըսաւ անոր, Մարդ մը մեծ ընթրիք ըրաւ ու շատ մարդիկ հրաւիրեց: 17Եւ ընթրիքին ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրուածները կանչէ` ըսելով, Եկէք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է: 18Եւ ամէնը մէկէն սկսան ետ քաշուիլ. առաջինը անոր ըսաւ, Ես արտ մը ծախու առի, ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ: 19Եւ միւսը ըսաւ, Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, ու կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ: 20Եւ միւսը ըսաւ, Կին առի, ու անոր համար չեմ կրնար գալ: 21Եւ այն ծառան եկաւ ու իր տէրոջը պատմեց այս բաները. այն ատեն բարկացաւ տանուտէրը ու ըսաւ իր ծառային, Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելիր, և աղքատները ու պակասաւորները և կաղերը ու կոյրերը հոս մտցուր: 22Ծառան ալ ըսաւ, Տէր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, ու տակաւին տեղ կայ: 23Եւ տէրը ըսաւ ծառային, Ելիր ճամբաները ու ցանգերը, և գտածներդ ստիպէ հոս մտնելու, որպէս զի տունս լեցուի: 24Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, որ այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ:
Աշակերտ ըլլալու գինը
25Ու իրեն հետ շատ ժողովուրդներ կ’երթային. և դառնալով անոնց ըսաւ, 26Եթէ մէկը ինծի կու գայ, ու չատեր իր հայրը և մայրը, ու կինը և զաւակները, ու եղբայրները և քոյրերը, նաև իր կեանքն ալ, չկրնար իմ աշակերտս ըլլալ: 27Եւ ով որ իր խաչը չվերցներ ու իմ ետևէս գար, չկրնար իմ աշակերտս ըլլալ: 28Վասն զի ձեզմէ ո՞վ աշտարակ մը շինել ուզելով, առաջ չնստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. 29Որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զանիկա ծաղր ընել, 30Եւ ըսել թէ Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել: 31Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալով, առաջ չնստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր` որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ: 32Ապա թէ ոչ` քանի որ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ: 33Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չկրնար իմ աշակերտս ըլլալ:
Անարժէք աղը
34Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ: 35Ոչ հողի ու ոչ թրիքի տեղ օգտակար կ’ըլլայ, հապա զանիկա դուրս կը նետեն: Ան որ լսելու ականջ ունի` թող լսէ: