Ավետարան ըստ Ղուկասի
18
Որբեւարիին և դատաւորին առակը
1Անոնց առակ մը ալ ըսաւ այս բանին վրայով` թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ: 2Ըսաւ, Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար: 3Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբևարի մը կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր, Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս: 4Եւ անիկա ժամանակ մը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ, Թէև Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, 5Գոնէ այս որբևարիին զիս ձանձրացնելու համար իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չգայ ամէն ատեն զիս թախանձէ: 6Եւ Տէրը ըսաւ, Լսեցէք, անիրաւ դատաւորը ի°նչ կ’ըսէ: 7Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէև երկայնամիտ ալ ըլլայ անոնց վրայ: 8Ձեզի կ’ըսեմ որ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ:
Փարիսեցին և մաքսաւորին առակը
9Եւ մէկ քանիներուն, որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահանային թէ արդար են, և ուրիշները կ’անարգէին, այս առակը ըսաւ. 10Երկու մարդ ելան տաճարը աղօթք ընելու, մէկը փարիսեցի ու միւսը մաքսաւոր: 11Փարիսեցին կայներ էր, ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող, և կամ այս մաքսաւորին պէս. 12i>Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ: 13Եւ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր, ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր, Աստուած, ողորմէ ինծի մեղաւորիս: 14Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը իջաւ. վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ` պիտի խոնարհի, և ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:
Յիսուս մանուկներ կ’օրհնէ
15Մանր տղաք ալ բերին իրեն, որպէս զի անոնց դպչի. ու աշակերտները տեսնելով կը յանդիմանէին զանոնք: 16Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով` ըսաւ, Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան, և մի արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներուն է: 17Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ:
Հարուստ մարդը
18Եւ իշխան մը հարցուց անոր ու ըսաւ, Բարի վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ: 19Եւ Յիսուս ըսաւ անոր, Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած: 20Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի ըներ, Սպանութիւն մի ըներ, Գողութիւն մի ըներ, Սուտ վկայութիւն մի ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ: 21Ան ալ ըսաւ, Ատոնք ամէնը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ: 22Զայս լսելով Յիսուս ըսաւ անոր, Բան մըն ալ պակաս է քեզի. քու բոլոր ունեցածդ ծախէ և աղքատներուն բաշխէ, ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս, և եկուր իմ ետեւէս: 23Անիկա երբ այս բանը լսեց, տրտմեցաւ, վասն զի շատ հարուստ էր: 24Եւ Յիսուս երբ զանիկա տրտմած տեսաւ, ըսաւ, Ո՜րչափ դժուար է անոնց որ հարստութիւն ունին, Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել: 25Քանզի դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ: 26Եւ անոնք որ լսեցին, կ’ըսէին, Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ: 27Եւ ինք ըսաւ, Մարդոց կողմանէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմանէ կարելի են: 28Ու Պետրոս ըսաւ, Ահա մենք ամէն բան թողուցինք և քու ետեւէդ եկանք: 29Ու անիկա ըսաւ անոնց, Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ Մարդ մը չկայ որ թողուց տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար, 30Որ պիտի չառնէ բազմապատիկ այս ատենին մէջ, և գալու աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը:
Յիսուս երրորդ անգամ իր մահուան մասին կը խօսի
31Եւ տասուերկուքը իր քով առնելով` ըսաւ անոնց, Ահա մենք Երուսաղէմ կ’ելլենք, և մարգարէներուն ձեռքով Որդւոյ մարդոյ համար բոլոր գրուածները պիտի կատարուին: 32Վասն զի հեթանոսներուն պիտի մատնուի, ու ծաղր պիտի ըլլայ և պիտի նախատուի, ու պիտի թքնեն անոր, 33Եւ պիտի ծեծեն ու սպանեն զանիկա, ու երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ: 34Բայց անոնք այս բաներէն մէկն ալ չհասկցան. ու այս խօսքը անոնցմէ ծածկուած էր, և ըսած բաները չէին իմանար:
Յիսուս կոյր մուրացիկը կը բժշկէ
35Ու եղաւ որ երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը ճամբուն քով նստեր էր մուրալու: 36Երբ լսեց բազմութեանը անցնիլը, հարցուց թէ Ի՞նչ է այն: 37Եւ իրեն ըսին թէ Յիսուս Նազովրեցի կ’անցնի: 38Ուստի աղաղակեց ու ըսաւ, Յիսուս, Որդի Դաւթի, ողորմէ ինծի: 39Եւ անոնք որ առջեւէն կ’երթային, կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ. բայց անիկա ա°լ աւելի կ’աղաղակէր, Որդի Դաւթի, ողորմէ ինծի: 40Եւ Յիսուս կանգ առնելով` հրաման ըրաւ որ զանիկա իրեն բերեն, ու երբ անիկա մօտեցաւ, հարցուց անոր ու ըսաւ, 41Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ. անիկա ալ ըսաւ, Տէր, որ աչքերս բացուին: 42Եւ Յիսուս ըսաւ անոր, Թող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց: 43Եւ իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան, ու անոր ետեւէն կ’երթար, և փառք կու տար Աստուծոյ. բոլոր ժողովուրդն ալ տեսնելով` զԱստուած կը գովաբանէին: