Ավետարան ըստ Ղուկասի
2
Յիսուսին ծնունդը
1Ու եղաւ որ այն օրերը Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի: 2(Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սիւրիայի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը:) 3Եւ ամէնը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու` ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ: 4Յովսէփ ալ Գալելեայէ, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպ ի Հրէաստան Դաւիթի քաղաքը որ Բեթլէհէմ կ’ըսուի, (իրեն Դաւիթի տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար,) 5Աշխարհագիրը մտնելու Մարիամի հետ մէկտեղ, որ իր նշանածն էր, և յղի էր: 6Ու եղաւ որ երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան: 7Եւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ, ու խանձարուրով փաթթեց և զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջևանին մէջ իրենց տեղ չկար:
Հովիւները և հրեշտակները
8Եւ այն տեղը հովիւներ կային դաշտի մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին: 9Եւ ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ, ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ. ու խիստ շատ վախցան: 10Եւ հրեշտակը ըսաւ անոնց, Մի վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ. 11Վասն զի ձեզի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթի քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է: 12Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ. մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած: 13Եւ իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք զԱստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին, 14Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, ու երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն: 15Ու եղաւ որ երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցան, հովիւները իրարու ըսին, Եկէք մինչև Բեթլէհէմ երթանք, ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, զոր Տէրը մեզի ցուցուց: 16Ու եկան արտորնօք, և գտան Մարիամը ու Յովսէփը և մսուրին մէջ պառկած մանուկը: 17Ու երբ տեսան, իմացուցին այն խօսքին վրայով որ այս մանուկին համար իրենց զրուցուեցաւ: 18Եւ ամէնը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ զորոնք հովիւները իրենց կը զրուցէին: 19Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր, ու իր սրտին մէջ կը մտածէր: 20Եւ հովիւները դարձան, կը փառաւորէին ու կ’օրհնէին զԱստուած այն ամէն բաներուն համար զորոնք լսեցին ու տեսան, ինչպէս իրենց զրուցուած էր: 21Ու երբ ութ օրերը լման եղան մանուկը թլփատուելու, անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, որ հրեշտակէն կոչուած էր` դեռ ինք մօրը որովայնին մէջ չյղացած:
Յիսուսին ներկայացումը տաճարին մէջ
22Ու Մովսէսի օրէնքին համեմատ երբ անոնց մաքրութեան օրերը լմնցան, Երուսաղէմ տարին զանիկա Տէրոջը առջև հանելու, 23(Ինչպէս գրուած է Տէրոջը օրէնքին մէջ, թէ Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ` Տէրոջը սուրբ ըսուի,) 24Ու Տէրոջը օրէնքին մէջ ըսուածին պէս ընծայ տալու` զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ: 25Եւ ահա Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէօն էր, ու այն մարդը արդար ու աստուածաւախ էր, և Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր. ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր: 26Եւ անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչև Տէրոջը Օծեալը տեսնէ: 27Եւ Հոգիով տաճարը եկաւ. ու երբ ծնողքը բերին Յիսուս մանուկը, որպէս զի օրէնքին սովորութեանը պէս անոր համար ընեն, 28Ինք ալ զանիկա իր գիրկը առաւ, և օրհնեց զԱստուած ու ըսաւ, 29Ալ հիմա, ով Տէր, արձակես քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. 30Վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ, 31Զոր բոլոր ժողովուրդներուն առջև պատրաստեցիր, 32Լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու, և փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ: 33Եւ Յովսէփ ու անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ` որոնք անոր համար կը խօսուէին: 34Ու Սիմէօն օրհնեց զանոնք, և անոր մօրը Մարիամի ըսաւ, Ահա այս մանուկը Իսրայէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար, ու հակառակութեան նպատակ մը ըլլալու համար կեցած է. 35(Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի.) որպէս զի այսպէս շատ սիրտերէ խորհուրդներ յայտնուին: 36Եւ հոն էր Աննա մարգարէն, Փանուէլի աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը շատ անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն, 37Եւ որբևարի էր գրեթէ ութսունըչորս տարուան, որ տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով և աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցերեկ: 38Եւ ասիկա նոյն ժամուն եկաւ, ու Տէրոջը գոհութիւն կու տար, ու անոր վրայով կը խօսէր այն ամէնուն` որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին:
Վերադարձ դէպի Նազարէթ
39Ու երբ ամէն բան կատարեցին Տէրոջը օրէնքին համեմատ, նորէն Գալիլեա դարձան իրենց Նազարէթ քաղաքը: 40Եւ մանուկը կը մեծնար ու հոգւով կը զօրանար իմաստութիւնով լեցուած, ու Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր:
Յիսուս մանուկը տաճարին մէջ
41Եւ անոր ծնողքը ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային: 42Ու երբ անիկա տասուերկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեանը պէս երբ անոնք Երուսաղէմ ելան, 43Եւ երբ այն օրերը լմնցուցին ու նորէն ետ դարձան, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց. և Յովսէփ ու անոր մայրը չէին գիտեր. 44Հապա կարծելով թէ անիկա ճամբորդներուն հետ է, մէկ օրուան ճամբայ գացին, ու կը փընտռէին զանիկա իրէնց ազգականներուն և ճանաչուորներուն մէջ: 45Ու երբ չգտան, նորէն Երուսաղէմ դարձան զանիկա փընտռելու: 46Ու եղաւ որ երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր: 47Եւ ամէն անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ: 48Ու երբ տեսան զանիկա, ապշած մնացին. և անոր մայրը ըսաւ անոր, Որդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք, 49Եւ ըսաւ անոնց, Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հորս տունը ըլլամ: 50Եւ անոնք չհասկցան այն խօսքը զոր իրենց զրուցեց: 51Եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ, և անոնց հնազանդ էր. բայց անոր մայրը այս ամէն խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր: 52Եւ Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով, և Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981