Ավետարան ըստ Ղուկասի

21

Որբևարիին նուէրը

1Ու նայելով` տեսաւ հարուստները որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին: 2Տնանկ որբեւարի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց: 3Ու ըսաւ, Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ այս որբեւարին ամէնէն աւելի ձգեց. 4Վասն զի ամէն անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն բոլոր իր ունեցած ապրուստը ձգեց:

Յիսուս տաճարին աւերման մասին կը խօսի

5Ու երբ մէկ քանիները տաճարին համար կ’ըսէին թէ Գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով զարդարուած է, ըսաւ, 6Այդ բաները զորոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան որ այն ատեն քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի:

Նեղութիւններ եւ հալածանքներ

7Հարցուցին իրեն ու ըսին, Վարդապետ, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները, և ի՞նչ է նշանը` երբ այդ բաները պիտի ըլլան: 8Ան ալ ըսաւ, Ձգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ Ես եմ Քրիստոսը, ու ժամանակը մօտեցած է. ուրեմն անոնց ետևէն չերթաք: 9Բայց երբ լսէք պատերազմներ և խռովութիւններ, մի վախնաք, վասն զի պէտք է առաջ այս բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ: 10Այն ատեն ըսաւ անոնց, Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ, ու թագաւորութիւն` թագաւորութեան վրայ. 11Եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժութիւններ պիտի ըլլան, ու սովեր և մահտարաժամներ, նաև երկինքէն սոսկալի բաներ և մեծ նշաններ պիտի ըլլան: 12Բայց այս ամէն բաներէն առաջ իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն, ու հալածեն, և ժողովարաններու ու բանտերու պիտի մատնեն. և իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջև պիտի տարուիք: 13Եւ այս բաները վերջը ձեզի վկայութիւն մը պիտի ըլլան: 14Ուստի ձեր սրտին մէջ դրէք` որ առաջուընէ չմտածէք պատասխան տալու վրայով: 15Վասն զի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որու պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր ամէն հակառակորդները: 16Եւ պիտի մատնուիք ծնողքներէ ու եղբայրներէ և ազգականներէ ու բարեկամներէ, ու ձեզմէ պիտի սպաննեն. 17Եւ իմ անուանս համար ամէնուն ատելի պիտի ըլլաք. 18Բայց մազ մը ձեր գլխէն պիտի չկորսուի: 19Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի ստանաք:

Յիսուս Երուսաղէմի աւերման մասին կը խօսի

20Ու երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով պատած, այն ատեն գիտցէք որ անոր աւերումը մօտ է: 21Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին, ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան, և անոնք որ ագարակներն են` թող չմտնեն անոր մէջ: 22Վասն զի այն օրերը վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէս զի բոլոր գրուածները կատարուին: 23Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն, վասն զի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ երկրին վրայ. ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ. 24Եւ սուրի բերնով պիտի իյնան, ու բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին. ու ազգերուն ոտից կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան:

Որդի մարդոյ գալուստը

25Ու արեգակին և լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան, ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին, և ծովը ու ալիքները պիտի գոռան. 26Մարդոց սիրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն և աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկինքի զօրութիւնները պիտի շարժին: 27Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով: 28Ու երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելլէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է:

Թզենիին դասը

29Եւ մը ըսաւ անոնց, Տեսէք թզենին ու ամէն ծառերը. 30Երբ կը բողբոջին, տեսնելով` դուք ձեզմէ կ’իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է: 31Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է: 32Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան: 33Երկինք ու պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին:

Արթուն մնալու անհրաժեշտութիւնը

34Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն. չըլլայ որ սիրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով և աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ, ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. 35Վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամէնուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի: 36Ուստի արթուն կեցէք, ու ամէն ատեն ըրէք, որ արժանի ըլլաք այն բոլոր ըլլալու բաներէն ազատուելու և Որդւոյ մարդոյ առջեւ կայնելու: 37Ու ցորեկները տաճարին մէջ կը սորվեցնէր. և գիշերները կ’ելլէր Ձիթենեաց ըսուած լեռը կը կենար: 38Եւ բոլոր ժողովուրդը առտուանց կանուխ իրեն կ’երթային տաճարը` իր խօսքերը լսելու:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981