Ավետարան ըստ Ղուկասի

6

Շաբաթին հարցը

1Ու եղաւ որ երկրորդ առաջին օրը ինք արտերուն մէջէն կ’անցնէր, և իր աշակերտները ցորենի հասկեր փրցնելով` ձեռքերնուն մէջ կը շփէին ու կ’ուտէին: 2Ու փարիսեցիներէն ոմանք ըսին անոնց, Ի՞նչ կ’ընէք, զոր արժան չէ ընել շաբաթ օրը: 3Եւ Յիսուս պատասխան տալով` անոնց ըսաւ, Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթի ըրածը, երբ անօթեցաւ ինք և անոնք որ իրեն հետ էին, 4Ի°նչպէս անիկա Աստուծոյ տունը մտաւ, և առաջաւորութեան հացերը առաւ ու կերաւ, և տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին. զորոնք մարդո°ւ օրինաւոր չէ ուտել, բայց միայն քահանաներուն: 5Եւ ըսաւ անոնց, Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է:

Չորցած ձեռքով մարդը

6Ու եղաւ որ ուրիշ շաբաթ օր մըն ալ ինք ժողովարանը մտաւ ու կը սորվեցնէր. և հոն մարդ մը կար որուն աջ ձեռքը չորցած էր: 7Եւ դպիրները ու փարիսեցիները անոր կը սպասէին` թէ շաբաթ օրը զանիկա կը բժշկէ՞, որպէս զի ամբաստանութեան առիթ մը գտնեն անոր դէմ: 8Իսկ ինք գիտնալով անոնց խորհուրդները, ըսաւ այն մարդուն որուն ձեռքը չորցած էր, Ելիր, մեջտեղը կայնէ. ան ալ ելաւ կայնեցաւ: 9Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց, Ձեզի բան մը հարցնեմ. Շաբաթ օրը ի՞նչ արժան է. ՞ք ընել թէ չարիք ընել, մը ապրեցնե՞լ թէ մեռցնել: 10Եւ շուրջանակի ամէնուն վրայ նայելով` ըսաւ անոր, Ձեռքդ երկնցուր. ան ալ այնպէս ըրաւ, ու անոր ձեռքը ողջացաւ միւսին պէս: 11Եւ անոնք կատաղութեամբ լեցուեցան, ու իրարու հետ կը խօսէին թէ ի°նչ ընեն Յիսուսին:

Յիսուս տասներկու առաքեալները կ’ընտրէ

12Ու եղաւ որ այն օրերը լեռը ելաւ ընելու, ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց: 13Ու երբ առտու եղաւ, կանչեց իր աշակերտները, ու անոնցմէ տասուերկու հոգի ընտրեց, զորոնք առաքեալ ալ անուանեց. 14Սիմոնը` զոր ալ անուանեց, և անոր եղբայրը Անդրէասը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը, 15Փիլիպպոսը և Բարթողոմէոսը, Մատթէոսը և Թովմասը, Ալփէոսեան Յակոբոսը և Նախանձայոյզ ըսուած Սիմոնը, 16Յակոբոսի եղբայրը Յուդան, և Իսկարիովտացի Յուդան, որ և մատնիչ եղաւ:

ՅÇսուս կ’ուսուցանէ, կը բժշկէ

17Եւ անոնց հետ իջնելով` տափարակ տեղ մը կայնեցաւ, նաև իր աշակերտներուն ժողովը` ու մեծ բազմութիւն մը ժողովուրդներու` բոլոր Հրէաստանէ ու Երուսաղէմէ և Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերքէն 18Որոնք եկան անոր խօսքերը մտիկ ընելու, ու իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու. և պիղծ ոգիներէն նեղութիւն կրողներն ալ եկան ու կը բժշկուէին: 19Եւ բոլոր ժողովուրդը կ’ուզէր իրեն դպչիլ, վասն զի զօրութիւն կ’ելլէր իրմէ ու ամէնը կը բժշկէր:

Երջանկութիւն և տխրութիւն

20Եւ ինք իր աչքերը դէպ իր աշակերտները վերցուց ու ըսաւ, Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը: 21Երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, վասն զի պիտի կշտանաք. երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, վասն զի պիտի խնդաք: 22Երանի՜ է ձեզի` երբ մարդիկ ձեզ ատեն, ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն, և ձեր վրայով գէշ հանեն Որդւոյն մարդոյ պատճառաւ: 23Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, որ ահա ձեր վարձքը շատ է երկինքը. վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին մարգարէներուն: 24Բայց վա՜յ ձեզի հարուստներուդ, վասն զի ձեր մխիթարութիւնը էք: 25Վա՜յ ձեզի որ կուշտ էք, վասն զի պիտի անօթենաք. վա՜յ ձեզի որ հիմա կը ծիծաղիք, վասն զի սուգ պիտի ընէք ու լաք: 26Վա՜յ ձեզի երբ մարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն:

Թշնամիներուն հանդէպ սէր

27Բայց կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք, Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարի ըրէք. 28Ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք: 29Ան որ քու մէկ ծնօտիդ կը զարնէ, միւսն ալ մօտեցուր անոր. և ան որ քու վերարկուդ քեզմէ կը հանէ, մի արգիլեր անկէ շապիկդ ալ: 30Այն ամէնուն որ քեզմէ կ’ուզէ տուր, ու քու բաներդ առնողէն զանոնք մի պահանջեր: 31Եւ ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք: 32Եւ եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները: 33Եւ եթէ դուք ձեզի բարի ընողներուն բարի ընէք, ի՞նչ շնորհ կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ նոյն բանը կ’ընեն: 34Եւ եթէ այնպիսի մարդոց փող տաք` որոնցմէ յոյս ունիք առնելու, ի՞նչ շնորհ կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան, որպէս զի նոյն չափով ետ առնեն: 35Հապա սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները, ու բարի ըրէք, և փոխ տուէք առանց փոխարէնի մը սպասելու, և ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ, ու Բարձրելոյն որդիները պիտի ըլլաք. վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն: 36Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է:

Ուրիշները դատել (Մատթ. 7:1-5)

37Մի դատէք, ու պիտի չդատուիք. մի դատապարտէք, ու պիտի չդատապարտուիք. ներեցէք, ու ձեզի պիտի ներուի. 38Տուէք, ու ձեզի պիտի տրուի. աղէկ չափով, կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափովը որով դուք կը չափէք. ձեզի պիտի չափուի: 39 մըն ալ ըսաւ անոնց, Միթէ կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդութիւն ընել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան: 40Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, բայց ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կ’ըլլայ: 41Եւ ինչո՞ւ քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես, ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր: 42Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, , թող տուր որ աչքիդ մէջի շիւղը հանեմ. և դուն քու աչքիդ մէջի գերանը չես տեսներ. կեղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ, ու ետքը պարզ պիտի տեսնես քու եղբօրդ աչքի մէջի շիւղը հանելու:

Ծառ մը և իր պըտուղը

43Քանզի չկայ բարի ծառ մը որ չար բերէ, ոչ ալ չար ծառ մը որ բարի պտուղ բերէ. 44Վասն զի ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի. քանզի փուշերէն թուզ չեն քաղեր, ու մորենիէն չեն ժողվեր: 45Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխէ, և չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխէ. վասն զի իր բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի:

Երկու տուն շինողները

46Եւ ինչո՞ւ զիս Տէր, Տէր, կը կոչէք, ու ըսած բաներս չէք կատարեր: 47Այն ամէնը որ ինծի կու գա և իմ խօսքերս կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ, ձեզի ցուցնեմ թէ որո°ւ կը նմանի: 48Անիկա շինող մարդու մը կը նմանի, որ փորեց ու խորունկցուց, ու հիմը վէմի վրայ դրաւ. և ջուրերուն յորդած ատենը գետը զարկաւ այն տանը, ու չկրցաւ զանիկա շարժել, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր: 49Բայց ան որ իմ խօսքերս կը լսէ ու չկատարեր, կը նմանի այն մարդուն` որ հողի վրայ առանց հիմի տուն կը շինէ. որու գետը զարկաւ, և շուտ մը փլաւ, ու այն տանը կործանումը մեծ էր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981