Մաղաքիա մարգարեյի գիրք

1

Աստուծոյ սէրը Իսրայէլին համար

1Մաղաքիայի ձեռքով Իսրայէլի եղած Տէրոջը խօսքին պատգամը: 2Ես ձեզ սիրեցի, կ’ըսէ Տէրը, Ու դուք` Մեզ ինչո՞վ սիրեցիր, կ’ըսէք: Միթէ Եսաւ Յակոբի եղբայրը չէ՞ր, կ’ըսէ Տէրը, Ու Յակոբը սիրեցի, 3Բայց Եսաւը ատեցի, Եւ անոր լեռները ամայութեան, Ու անոր ժառանգութիւնը անապատի բնակութեան դարձուցի*: 4Եթէ Եդովմ ըսէ թէ Կործանեցանք, Բայց պիտի դառնանք ու աւերակները շինենք, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Անոնք պիտի շինեն, բայց ես պիտի փլցնեմ. Եւ անոնք պիտի կոչուին Անօրէնութեան սահման, Ու ` որու դէմ Տէրը յաւիտեան բարկացեր է: 5Եւ ձեր աչքերը պիտի տեսնեն, ու պիտի ըսէք, Տէրը Իսրայէլի սահմանէն անդին` փառաւորուի:

Աստուած քահանաները կը յանդիմանէ

6Տղան իր հօրը Ու ծառան իր տէրոջը պատիւ կ’ընէ. Եթէ ես եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է, Ու եթէ տէր եմ, ինծմէ վախնալը ո՞ւր է, Կ’ըսէ ձեզի զօրաց Տէրը, Ով քահանաներ, որ իմ անունս կ’անարգէք. Եւ դուք կ’ըսէք, Քու անունդ ի՞նչ բանով անարգեցինք: 7Իմ սեղանիս վրայ պիղծ կը մատուցանէք, Ու կ’ըսէք, Քեզ ինչո՞վ պղծեցինք. Տէրոջը սեղանը անարգ է ըսելովնիդ: 8Ու երբ կոյրը զոհի համար կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. Ու երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. Աղէ, զանիկա քու իշխանիդ ընծայէ. Միթէ քեզի պիտի հաճի՞, Կամ քեզ սիրով* պիտի ընդունի՞, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 9Եւ հիմա Աստուծոյ երեսը աղաչեցէք, Որպէս զի մեզի ողորմութիւն ընէ. Ասիկա ձեր ձեռքէն եղաւ, Միթէ ձեզ սիրով պիտի ընդունի՞, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 10Ձեր մէջ անգամ դռները ձրի գոցող ո՞վ կայ. Իմ սեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր. Ձեզի չեմ հաճիր, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր: 11Քանզի արևուն ծագած տեղէն մինչև անոր մտած տեղը, Ազգերուն մէջ, իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ. Եւ ամէն տեղ իմ անուանս ու սուրբ ընծայ պիտի մատուցուի, Քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 12Ու դուք զանիկա կը պղծէք, Ըսելով թէ Տէրոջը սեղանը պիղծ է, Ու անոր բերքը, այսինքն կերակուրը, անարգ: 13Նաև կ’ըսէք, Ահա ի՛նչ աշխատութիւն է, Ու անոր վրայ կը փչէք, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Եւ յափշտակուածը ու կաղը և հիւանդը բերիք. Այսպէս ընծայ բերիք. Միթէ զանիկա ձեր ձեռքէն պիտի ընդունի՞մ, կ’ըսէ Տէրը: 14Բայց անիծեալ ըլլայ այն խաբեբայ մարդը, Որ իր հօտին մէջ որձ ունենալով` ուխտ կ’ընէ, Եւ արատաւորը Տէրոջը կը մատուցանէ. Քանզի ես մեծ Թագաւոր եմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Ու իմ անունս ազգերուն մէջ ահարկու է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)