Մաղաքիա մարգարեյի գիրք

2

1Եւ հիմա այս պատուէրը ձեզի է, ով քահանաներ: 2Եթէ մտիկ չընէք, Ու եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք Որ իմ անուանս պատիւ տաք, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Այն ատեն ձեզի պիտի ղրկեմ, Ու ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ. Այո, զանոնք արդէն անիծեր եմ, Քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ: 3Ահա ես ձեր սերունդը պիտի յանդիմանեմ, Ու ձեր երեսին վրայ աղբ, Ձեր տօներուն աղբը, պիտի ցանեմ, Եւ անիկա ձեզ իրեն հետ պիտի տանի: 4Ու պիտի գիտնաք որ ես ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը, Որպէս զի իմ ուխտս Ղևիի հետ ըլլայ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 5Իմ ուխտս անոր հետ էր կեանքի ու խաղաղութեան համար. Ու զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փողարէն` Որով ինծմէ կը վախնար, Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր: 6Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր, Եւ անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ. Ինծի հետ խաղաղութեամբ և ուղղութեամբ կը քալէր, Ու շատերը անօրէնութենէ դարձուց: 7Քանզի քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են, Եւ մարդիկ անոր բերնէն օրէնքը փÁնտռելու էն. Քանզի անիկա զօրաց Տէրոջը դեսպանն է: 8Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք, Շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղևիի ուխտը աւրեցիք, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 9Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջև անարգուած ու ցած ըրի, Ինչպէս դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք, Ու օրէնքին մէջ ակնառութիւն ըրիք:

Ժողովուրդին անհաւատարմութիւնը

10Միթէ ամէնս մէկ չունի՞նք. Միթէ մէկ չստեղծե՞ց մեզ. Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով` Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ: 11Յուդա նենգութիւն ըրաւ, Եւ Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պղծութիւն գործուեցաւ. Վասն զի Յուդա պղծեց Տէրոջը սրբարանը զոր ինք կը սիրէր, Եւ օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղաւ: 12Տէրը Յակոբի վրաններէն բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը, Արթուն եղողը ու պատասխան տուողը*. Եւ զօրաց Տէրոջը ընծայ մատուցանողը: 13Եւ դարձեալ ասիկա ըրիք. Տէրոջը սեղանը արցունքներով, Լացով ու ողբով ծածկեցիք. Այնպէս որ Անիկա մէյմըն ալ ընծային չնայիր, Որ զանիկա ձեր ձեռքէն հաճութեամբ ընդունի: 14Բայց դուք ըսիք, Ինչո՞ւ. Անոր համար որ Տէրը վկայ եղաւ քու և քու երիտասարդութեանդ կնոջ մէջտեղ, Որու հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցար. Ու անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է: 15Եւ մէկը չըրա՞ւ, որ Հոգիին առատութիւնը ունէր. Եւ այն մէկը ի՞նչ կը փնտռէր. Աստուծոյ սերունդ. Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք, Ու ձեզմէ մէ°կը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ չվարուի: 16Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ թէ Ինք կ’ատէ արձակելը*. Բայց մարդը իր հանդերձովը զրկանքը կը ծածկէ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը. Ուստի ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք ու անհաւատարիմ մի ըլլաք:

Դատաստանին օրը մօտ է

17Ձեր խօսքովը Տէրը ձանձրացուցիք, Բաց դուք կ’ըսէք, Ինչո՞վ ձանձրացուցինք: Այսպէս ըսելովնիդ. Ամէն չարութիւն ընողը Տէրոջը աչքերուն առջև հաճոյ է, Ու ինք անոնց կը հաւնի, Կամ թէ Դատաստանի Աստուածը ո՞ւր է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)