Մաղաքիա մարգարեյի գիրք
3
1Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ, Ու իմ առջևս ճամբայ պիտի պատրաստէ. Եւ ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք, Յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ. Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 2Ու անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ, Եւ անոր երևնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ. Քանզի անիկա հալեցնողին կրակին պէս, Ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ. 3Եւ անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի, Ու Ղևիի որդիները պիտի մաքրէ, Եւ զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ. Ու անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ մատուցանողներ պիտի ըլլան. 4Եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի ընծան Հին օրերուն պէս ու առաջին տարիներուն պէս Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ: 5Ու դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, Եւ կախարդներուն ու շնացողներուն Ու սուտ երդում ընողներուն, Եւ վարձկանին իր վարձքին վրայով, Որբևարիին ու որբին զրկանք ընողներուն, Եւ պանդուխտին իրաւունքը խոտորցընողներուն, Ու ինծմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը:
Տասանորդի վճարումը
6Քանզի ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր, Անոր համար դուք, ով Յակոբի որդիներ, չսպառեցաք: 7Ձեր հայրերուն օրերէն ի վեր Իմ հրամաններէս զատուեցաք ու զանոնք չպահեցիք. Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը. Սակայն դուք կ’ըսէք, Ինչո՞վ դառնանք: 8Միթէ մարդ զԱստուած կը կողոպտէ՞, Որ դուք զիս կը կողոպտէք. Բայց դուք կ’ըսէք, Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք. Տասանորդներ ու ընծաներ: 9Դուք անէծքով անիծուած էք, Քանզի դուք բոլոր ազգդ զիս կողոպտեցիք: 10Բոլոր տասանորդները գանձատունը տարէք, Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլալ. Եւ ասով զիս փորձեցէք, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Թէ արդեօք ձեզի երկինքի պատուհանները չե՞մ բանար Ու ձեզի օրհնութիւն թափեր, Այնպէս որ անոր բաւական տեղ չըլլայ: 11Եւ ձեզի համար ուտողը պիտի յանդիմանեմ, Ու անիկա ձեր երկրին պտուղը պիտի չապականէ, Եւ ձեր այգիին մէջ որթը անպտուղ պիտի չըլլայ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 12Եւ ամէն ազգերը ձեզի երանի՜ պիտի ըսեն, Քանզի դուք ցանկալի երկիր պիտի ըլլաք, կ’ըսէ զօրաց Տէրը:
Աստուած ներում կը խոստանայ
13Ձեր խօսքերը ինծի դէմ խիստ եղան, կ’ըսէ Տէրը. Բայց դուք կ’ըսէք, Քեզի դէմ ի՞նչ խօսեցանք: 14Դուք ըսիք, Աստուծոյ ծառայութիւն ընելը պարապ բան է, Եւ անոր պահպանութիւնը պահելէն Ու զօրաց Տէրոջը առջև սուգով քալելէն ի՞նչ շահեցանք. 15Եւ հիմա մենք հպարտներուն երանի՜ կ’ըսենք. Ամբարշտութիւն ընողները անգամ բարեշէն կ’ըլլան, ԶԱստուած ալ կը փորձեն ու կ’ազատին: 16Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները Իրարու հետ խօսեցան, Եւ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց. Եւ իր առջև յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար Ու անոր անունը մտածողներուն համար: 17Եւ անոնք իմս պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Այն օրը որ իմ սեպհական գանձս ժողվեմ, Ու անոնց պիտի խնայեմ, Ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդւոյն Որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ: 18Եւ պիտի դառնաք, ու արդարին և ամբարշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին Եւ անոր ծառայութիւն չընողին Տարբերութիւնը պիտի տեսնէք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981