Մաղաքիա մարգարեյի գիրք

4

Տէրոջը գալստեան օրը

1Քանզի ահա փուռի պէս վառած օրը կու գայ, Ու բոլոր հպարտները և բոլոր ամբարըշտութիւն ընողները Յարդի պէս պիտի ըլլան. Ու գալու օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու: 2Բայց ձեզի, իմ անունէս վախցողներուդ, Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի, Եւ անոր թևերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ. Ու դուք գոմի պարարտ որթերուն պէս Դուրս պիտի ելլէք ու պիտի ցաթկէք: 3Եւ ամբարիշտները պիտի կոխէք, Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս Անոնք ձեր ոտից թաթերուն տակ Մոխիր պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 4Յիշեցէք իմ ծառայիս Մովսէսի օրէնքը, Այսինքն այն կանոնները ու դատաստանները, Զորոնք անոր պատուիրեցի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլի համար: 5Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած. 6Ու անիկա հայրերուն սիրտը որդիներուն, Ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ, Որ չըլլայ թէ ես գամ, ու երկիրը անէծքով զարնեմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981