Ավետարան ըստ Մատթէոսի

15

Նախնիքներուն ուսուցումը

1Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրները ու փարիսեցիները, որոնք Երուսաղէմէ էին, ու ըսին, 2Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ կ’ուտեն։ 3Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց, Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։ 4Քանզի պատուիրեց՝ ըսելով, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. 5Եւ, Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի։ 6Բայց դուք կ’ըսէք, Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է. ու իր հայրը կամ իր մայրը չպատուէ, ազատ է. և այսպէս ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ 7Կեղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ, 8Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած զատուած է ինծմէ. 9Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրև վարդապետութիւն սորվեցնելով։

Բաներ որ մարդը անմաքուր կ’ընեն

10Եւ ժողովուրդները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց, Լսեցէք ու միտք առէք: 11Ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը։ 12Այն ատեն իր աշակերտները եկան՝ ըսին իրեն, Գիտե՞ս որ փարիսեցիները գայթակղեցան երբ լսեցին այն խօսքը։ 13Ան ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ, Ամէն տունկ զոր իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ 14Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են, կոյրերու առաջնորդ. իսկ եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան։ 15Եւ պատասխան տալով՝ անոր ըսաւ, Մեկնէ մեզի այս առակը։ 16Ըսաւ Յիսուս, Դո՞ւք ալ տակաւին անմիտ էք. 17Ու չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ 18Բայց բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան, և անոնք կը պղծեն մարդը։ 19Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ, հայհոյութիւններ։ 20Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չպղծեր մարդը։ (Մարկ. 7:24-30)

Կնոջ մը հաւատքը

21Եւ Յիսուս անկէ ելլելով՝ Տիւրոսի ու Սիդոնի կողմերը գնաց։ 22Եւ ահա Քանանացի մը այն սահմաններէն ելած՝ կաղաղակէր անոր ու կ’ըսէր, Ողորմէ ինծի, Տէր, որդի Դաւթի. աղջիկս դևէն սաստիկ կը չարչարուի։ 23Եւ ինք բնաւ պատասխան մը չտուաւ անոր. ու իր աշակերտները մօտենալով՝ կաղաչէին իրեն ու կ’ըսէին, Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետևէն կ’աղաղակէ։ 24Եւ ինք պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն։ 25Եւ անիկա եկաւ երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր, Տէր, օգնէ ինծի։ 26Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել։ 27Եւ անիկա ըսաւ, Այո, Տէր, վասն զի շուներն ալ իրենց տէրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներէն կը կերակրուին։ 28Այն ատեն Յիսուս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ, Ով կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի. և նոյն ժամէն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։

Յիսուս շատեր կը բժշկէ

29Ու Յիսուս անկէ գնաց, Գալիլեայի ծովեզերքը եկաւ, և լեռը ելլելով հոն նստաւ։ 30Եւ շատ ժողովուրդներ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ և ուրիշ շատեր. ու ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը, և բժշկեց զանոնք։ 31Այնպէս որ ժողովուրդները զարմացան, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին և կոյրերը կը տեսնէին, ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաւորէին։

Չորս հազարին կերակրուիլը

32Եւ Յիսուս իր աշակերտները քովը կանչելով՝ ըսաւ, Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է որ իմ քովս են, եւ բան մը չունին ուտելու, ու զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին։ 33Իսկ աշակերտները անոր ըսին, Մենք անապատի մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ այսչափ բազմութիւնը կշտացնենք։ 34Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց, Քանի՞ նկանակ ունիք. անոնք ալ ըսին, Եօթը, ու քանի մը մանր ձուկեր։ 35Եւ հրաման ըրաւ ժողովուրդին որ գետնին վրայ նստին։ 36Ու եօթը նկանակը և ձուկերը առաւ, գոհացաւ և կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ ժողովուրդին։ 37Կերան ամէնը և կշտացան, ու եօթը զամբիւղ լեցուն՝ աւելցած կտորուանքները վերցուցին։ 38Եւ անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն և տղաքներէն զատ։ 39Ու երբ ժողովուրդը արձակեց, նաւը մտաւ ու Մագդաղայի սահմանները եկաւ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981