Ավետարան ըստ Մատթէոսի

18

Ով է մեծ

1Նոյն ժամանակ աշակերտները Յիսուսի քով եկան ու ըսին, Ո՞վ է մեծ երկինքի թագաւորութեանը մէջ: 2Եւ Յիսուս տղայ մը կանչեց իրեն, զանիկա անոնց մէջտեղը կայնեցուց, 3Ու ըսաւ, Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ դարձի չգաք և տղոց պէս չըլլաք, երկինքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք: 4Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկինքի թագաւորութեանը մէջ: 5Եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի:

Մեղքի գայթակղութիւնը

6Եւ ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի, ու ծովուն անդունդին մէջ ընկղմի: 7Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններու պատճառաւ. վասն զի հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով գայթակղութիւնը կու գայ: 8Արդ եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ: 9Եւ եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա և քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի մէկ աչքով կեանքը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ:

Կորսուած ոչխարին առակը

10Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պÁզտÇկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի որ երկինքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է: 11Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ կորսուածը փրկելու: 12Ի՞նչպէս կ’երևնայ ձեզի. եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ, և անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունըինը ոչխարը լեռները չը՞ ձգեր, ու երթար մոլորածը փնտռեր: 13Եւ եթէ գտնելու ըլլայ զանիկա, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունըիննին՝ որոնք մոլորած չեն: 14Այսպէս ձեր երկնաւոր Հայրը չհաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի:

Մեղանչող եղբայրը

15Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն և ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ: 16Հապա եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնէ ամէն բան հաստատուի: 17Եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի: 18Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկինքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ. ու երկրի վրայ ինչ որ արձակէք, երկինքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ: 19Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեզմէ երկու երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է: 20Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ:

Չներող ծառային առակը

21Այն ատեն մօտեցաւ անոր ու ըսաւ, Տէր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, ներեմ անոր. մինչև եօ՞թը անգամ: 22Յիսուս անոր ըսաւ, Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչև եօթը անգամ, հապա մինչև եօթանասուն անգամ եօթը: 23Ասոր համար երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը, որ իր ծառաներէն հաշիւ առնել ուզեց: 24Ու երբ սկսաւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտական մը բերուեցաւ իրեն: 25Բայց անիկա վճարելու կարողութիւն չունենալով, իր տէրը հրաման ըրաւ որ անիկա և անոր կինը ու որդիները և անոր բոլոր ունեցածը ծախուին, ու պարտքը վճարուի: 26Իսկ ծառան անոր առջև իյնալով երկրպագութիւն կ’ընէր ու կ’ըսէր, Տէր, համբերէ ինծի և ամէնը քեզի կը վճարեմ: 27Եւ այն ծառային տէրը վրան խղճալով արձակեց զանիկա, ու պարտքը շնորհեց անոր: 28Եւ նոյն ծառան ելաւ, իր ծառայակիցներէն մէկը գտաւ որ իրեն հարիւր դահեկան պարտք ունէր, ու զանիկա բÁռնելով կը խեղդէր ու կ’ըսէր, Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ: 29Ուստի անոր ծառայակիցը անոր ոտքը ինկաւ, կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր, Համբերէ ինծի ու քեզի կը վճարեմ: 30Եւ ինք չէր ուզեր, հապա գնաց՝ բանտը դրաւ զանիկա, մինչև որ պարտքը վճարէ: 31Երբ իր ծառայակիցները տեսան եղած բաները, խիստ տրտմեցան, ու եկան իրենց տէրոջը հասկցուցին բոլոր եղածը: 32Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր, Չար ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. 33Ուրեմն պէտք չէ՞ր քեզի ալ քու ծառայակցիդ ողորմիլ, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ: 34Եւ անոր տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն մատնեց զանիկա, մինչև որ բոլոր պարտքը վճարէ: 35Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի, եթէ ձեր սիրտերէն չէք ներեր ամէն մէկդ իր եղբօրը իրենց յանցանքները:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981